Վարդանանց Հերոսամարտի Տօնակատարութիւն
Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական Մարմնի
Փետրուար 4, 2016-ին Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Վարդանանց Զօրավարաց եւ Ղեւոնդեանց հերոսամարտի 1565-ամեակի տօնակատարութիւնը, հաւաքական աղօթքը եւ հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի միջ-յարանուանական մարմնի, մասնակցութեամբ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ, Ս. Երրորդութիւն, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու:
Ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք եկած էին հաղորդուելու Վարդանանցի խորհուրդով:
Տօնակատարութեան ներկայ էին Գերյ. Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան, հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, հովիւ՝ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւագ Քհնյ. Փանոսեան, հովիւ՝ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան հովիւ՝ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գերյ. Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան , եւ ըսաւ «-Այս երեկոյ հայութեան հսկումի եւ ուխտի սրբազան պահ մըն է, ուր Մայր Հայրենիք, Արցախ եւ Սփիւռք կամրջուելով, գօտեպնդուելով կ’ոգեկոչեն միասնաբար Վարդանանքը, անոնք նախընտրեցին փոխանակ ապրելով մեռնելու… մեռնելով ապրիլ եւ ապրիլ անմահօրէն յաւերժօրէն…» խօսքերը աւարտեց ըսելով. «Միջ Յարանուանական մարմինը սրտբաց եւ աղօթարար բարի գալուստ կը մաղթէ գաղութէս ներս նորահաստատ եւ նուիրեալ հոգեւոր հովիւներուն, յանձին Հոգ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէքեանորպէս հոգեւոր հովիւ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի որպէս հոգեւոր հովիւ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, զիրենք ապահովելով եղբայրական սիրոյ միութեան, անվերապահ աջակցութեան, ու ներդաշնակ գործակցութեան, յօգուտ Հայ Ազգի»:
Հաւաքական Տէրունական աղօթքով սկսաւ յայտագիրը, որուն յաջորդեց Ս. Գրային ընթերցումներ:
Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Տիար Միհրան Ճիզմէճեան ընթերցեց, «Աղօթք յաղթանակի համար, Սաղմոսներու գիրքէն (20/1-9)»: Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան. ընթերցեց Սաղմոսներու Գիրքէն «Փառաբանութեան Աղօթք, (27/1-9», Գերյ. Հայր Եղիա Գիրէջեան. Ընթերցեց ՊօղոսԱռաքեալի կողմէ Տիմոթէոսին գրուած երկրորդ նամակին «Քրիստոս Յիսուսի հաւատարիմ Զինուորը , (2/1-13», Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւագ Քհնյ. Փանոսեան ընթերցեց. Պօղոս Առաքեալի կողմէ Եփիսացիներու գրուած նամակէն «Աստուծոյ Սպառազինութիւնը (6/10-20»:
Թորոնթոյի «Նայիրի» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Պրն. Սարգիս Համպոյեանի երգեց «Նորահրաշ Պսակաւոր» շարականը ժողովուրդին մասնակցութեամբ, «Կարմիր Վարդան» եւ «Լռեց ամպերը եկան», դաշնակի ընկերակցութեամբ Լիլիթ Յովսէփեանի: Բրշ. Կարօ Աւագ Սարկաւագ Սարգիսեան, ասմունքեց «Յաւերժութիւն» քերթուածը, Յասմիկ Պէրթիզեան մեներգեց, «Երկիր Հայրենի» խօսք եւ երաժշտութիւն՝ Ռ. Ամիրխանեանի, Քանոնի վրայ ելոյթ ունեցաւ Մատիանա Թորոսեան, որ նուագեց «Զարթիր Լաօ»ն եւ «Մարտիկի Երգը» միջ յարանուանական յանձնախումբի ատենապետ Պրն. Յակոբ Ճանպազեան ներկայացուց օրուայ բանախօսը Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը եւ տուաւ կենսագրական գիծերը: Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան ծնած է Քէսապ Սուրիա, Մարտ 19, 1964-ին Ճորճ եւ Վարսենիկ Մկրտիչեաններու յարկին տակ, իր նախակրթութիւնը ստացած է Քէսապի Հայ Աւետարանական Նահատակաց վարժարանի մէջ, միջնակարգ ուսումը Քէսապի պետական վարժարանի մէջ իսկ երկրորդական ուսումը Լաթաքիոյ «Զաքի էլ Արսուզի» (Zaki Al Arsouzi) վարժարանին մէջ: Անգլերէն գրականութեան Պսակաւոր Արուեստից վկայականը ստացած է Լաթաքիոյ «Դըշրին» համալսարանէն: Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան 1997-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 31, 2015 թուականը, նուիրումով եւ երբեմն պատերազմական դժուարին պայմաններու տակ իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայած է Հալէպի Իմմանուէլ եկեղեցւոյ ծուխին, 1999 թուականին կը ձեռնադրուի որպէս լիիրաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ արժանաւոր հոգեւոր հովիւ ստանալով վերապատուելիի բարձր հանգամանքը: Վեր. Մկրտիչեան ամուսնացած է Տօքթ Ալինա Մինասեանի հետ, եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով Ճորճ-Ժոզէֆ եւ Վարս-Վարդ, ապա հրաւիրեց Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նորընտիր հոգեւոր հովիւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը, փոխանցելու համար Վարդանանց դիւցազուններու յիշատակութեան նուիրուած իր խորհրդածութիւնները: Ան նիւթ ընտրած էր «Վարդանանց դիւցազնամարտի, հազար երեսուն եւ վեց սրբացած վկաներու պատգամը երէկ եւ այսօր» Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը ակնարկ մը նետեց Վարդանանց Հերոսամարտին, եւ ըսաւ «մարդիկ անհատապէս եւ ժողովուրդներ հաւաքաբար, կը ճանչցուին պատմութեան ընթացքին պատահած ճգնաժամային դէպքերու առջեւ իրենց յայտնաբերած դիրքէն ու կեցուածքէն: Մեր պատմութեան մէջ ոչ մէկ դէպք եւ կամ թուական կրցած է այնքան հարազատօրէն դրսեւորել մեր ժողովուրդին նկարագիրը, որքան Վարդանանց պատերազմը:
Վարդանանց պատերազմը կը շարունակուի նաեւ մեր օրերուն եւ յատկապէս սփիւռքի մէջ:
Այսօր սուրի, զէնքի եւ հալածանքի պատերազմ չունինք: Սակայն այսօրուայ մեր թշնամին անտեսանելի է եւ առանց ձայնի աւեր կը գործէ մեր մէջ, անտարբերութիւն համազգային արժէքներու հանդէպ, անտեսում ընտանեկան սրբութեանց եւ բարոյականութեանց, սնանկութիւն, ցուցամոլութիւն եւ շարքը կրնանք երկարել, որոնք կը խուժին մեր ազգի կեանքին մէջ, մեր դարերէ ունեցած ոսկին սկսած ենք պղինձով փոխել, ընտանիքն է ազգին ու մարդկային ընկերութեան առաջին ու հիմնական միաւորը: Հայ ընտանիքը հայ ազգի մանրանկարն է: Ծնողք պարտաւոր են դաստիարակելու իրենց զաւակները հայօրէն ապրելու ու Քրիստոնէական բարձր հաւատքով զինուելու, ծնողներ պարտաւոր են իրենց տուներէն ներս քաջալերելու ու դաստիարակելու իրենց զաւակները հայ գիր եւ գրականութիւն կարդալու, որպէսզի անոնք կարդան ու գիտնան մեր պատմութիւնը ու սերտեն ազգին ապագան…»:
Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան իր խօսքերը վերջացուց ըսելով «Աղօթքս ու մաղթանքս է որ Աւարայրի ոգին ու տեսիլքը, հաւատքն ու ազգասիրութիւնը եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը վառ մնայ մեր մէջ իբրեւ յաւիտենական ներշնչումն ու յարացոյցը մեր ազգային կեանքին, որովհետեւ միասնական ջանքով եւ աշխատանքով կրնանք պայքարիլ մինչեւ յաղթանակ «Վասն հաւատքի եւ վասն հայրենեաց» Ամէն»:
Ներկաները ծափահարութիւններով գնահատեցին Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի բանախօսութիւնը:
Միջ-յարանուանական մարմնի Ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Ճանպազեան, իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ. «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» կարգախօսով լիցքաւորուած Մայր Հայրենիքի, ինչպէս նաեւ աշխարհացրիւ հայութիւնը, այսօր դարձեալ եկեղեցական եւ դպրոցական հանդիսութիւններով տօնախմբեց Քրիստոնէական հաւատքին սրբազան պայքար մղած ու նահատակուած սրբազան հերոսներու անմոռաց յիշատակը, այսօր սպառազինուած Վարդանանց Նահատակներու սրբազան օրինակէն եկէք մեր հոգիներուն մէջ վերանորոգենք Քրիստոսի սրբաշունչ հաւատքը, վերածելով զանոնք Վարդանանց Գոյամարտի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նորոգ սրբացած նահատակներուն արժանավայել ժառանգորդները հիմա եւ միշտ, իր խօսքերու աւարտին կազմակերպիչ մարմնի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութեան եւ եկեղեցւոյ կանանց օժանդակ յանձնախումբին, շնորհաւորեց սոյն ձեռնարկը կազմակերպող միջ-յարանուանական մարմնի համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ օրուայ բանախօս՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի խորիմաստ խօսքերը, գեղարուեստական յայտագրի մաս կազմողները: «Աղօթք ի տօն մարտիրոսաց» Աղօթքը ընթերցեց Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան:
Գերյ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի պահպանիչով եւ Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ, որմէ ետք եկեղեցւոյ «Յովնանեան» ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: