Հինգշաբթի՝ 8 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց Հերոսամարտի եւ հազար երեսունվեց սրբացած վկաներուն 1567-ամեակի տօնակատարութիւնը՝ հաւաքական աղօթքով եւ պատշաճ հանդիսութեամբ, կազմակերպութեամբ՝ Թորոնթոյի Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միացեալ Մարմնի։
Ներկայ էին մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք եկած էին հաղորդուելու Վարդանանցի խորհուրդով։
Տօնակատարութեան ներկայ էին Գերշ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէճեան՝ հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան՝ գանատահայոց թեմի Փոխառաջնորդ եւ հովիւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւագ Քհնյ. Փանոսեան՝ ծխատէր հովիւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ եւ Տիար Տիգրան Գալայճեան՝ Ատենապետ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վարչութեան։
Յանուն Միջ յարանուանական Մարմնի, ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ճամպազեան ելոյթ ունենալով ըսաւ «Ձեր անգին արտօնութեամբը պիտի շեղիմ մեր յայտագրի ընթացքէն, համեստ անդրադարձ մը ունենալու մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Պրն. Սարգիս Համպոյեանի յիշատակին։ Պրն. Համպոյեան ծնաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դժուարին օրերուն։ Ան եղաւ մեր ազգային, հոգեւոր, կրթական, մշակութային կառոյցներուն եւ մանաւանդ հայ երգի ու երաժշտութեան ծառայութեան ու նուիրումի ոգին մարմնաւորող անձնաւորութիւն մը։ Իր մահով թորոնթոհայ գաղութը ընդհանրապէս եւ Միջ յարանուանական Մարմինը՝ մասնաւորապէս, պիտի փնտռէ իր քաղցր ժպիտը, եւ որպէս նուիրեալ խմբավարը՝ «Նայիրի» երգչախումբին։ Խօսքի աւարտին Պրն. Ճամպազեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը նորոգ հանգուցեալ Տիար Սարգիս Համպոյեանին եւ ի յարգանք անոր՝ մոմ մը վառուած մնաց հանդիսութեան ընթացքին։ «Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գերշ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէճեան, որ ըսաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Անկախութեան 100 ամեակի այս տարին (2018), Վարդանանց ոգեկոչումը կը ղօղանջէ նոյն պատգամը, կը զգենու նոյն խորհուրդը եւ կը վերանորոգէ նոյն ուխտը համասփիւռ հայութեան»։ Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով «Աւարայրի անզուգական եւ յաւերժական բնաբանով, Վասն Հաւատոյ եւ Վասն Հայրենեաց զանգով՝ Թորոնթոյի Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ ու Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու Միջ Յարանուանական Մարմինը կ՛ողջունէ ձեզ այս երեկոյեան ոգեկոչման առթիւ»։
Յայտագիրը սկսաւ հաւաքական Տէրունական աղօթքով, որուն յաջորդեցին Ս. Գրային ընթերցումները ներկայ հոգեւորականներու կողմէ։ Առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւագ Քհնյ. Փանոսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սոնա Յովսէփեանի եւ մասնակցութեամբ ներկայ հաւատացեալներուն՝ խմբերգեցին «Շարական Սրբոց Վարդանանց»ը, Արմինիա Սարգիսեան մեներգեց հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Պլպուլն Աւարայարի» եւ «Ամէն Հայի» հայկական մեղեդիները։ Տուտուկի վրայ ելոյթ ունեցաւ Սէյրան Ղազարեան, ստեղնաշարային գործիքի ընկերակցութեամբ՝ Նուէր Ղազարեանի։ Սոնա Յովսէփեան մեներգեց «Հայաստան Աշխարհ»ը, ներկաները ծափահարութիւններով գնահատեցին գեղարուեստական յայտագրի մաս կազմողները։
Գերշ. Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէճեան ներկայացուց օրուայ բանախօսը՝ Օնթարիոյի հայ բժիշկներու ընկերակցութեան (ACMAO) նախագահ՝ Տօքթ. Անի Հասըրճեանը եւ տուաւ անոր կենսագրական գիծերը։ Տօքթ. Անի Հասըրճեան ծնած է Այնճար, Լիբանան։ Կրտսերագոյնն է Մուսայ լեռցի Պօղոս եւ Ակնէս Ճանպազեանններու վեց զաւակներուն։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Այնճարի Հայ Աւետարանական վարժարանին մէջ։ Փոքր տարիքէն անդամակցած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Պատանեաց եւ Երիտասարդական Ջանից ընկերակցութիւններուն։
Պաքալորէայի վկայականը ստացած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճէն։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ուսումը շարունակած է Միացեալ Նահանգներ-Գալիֆորնիա եւ վկայուած՝ Պսակաւոր Գիտութեանց՝ (Bachelor of Science) տիտղոսով։ Վկայուած է University of Toronto-էն որպէս ատամնաբոյժ) Անդամ է ՀՕՄ-ի եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ կամաւոր թղթակից՝ Թորոնթոհայ ամսաթերթին։ Իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութեան մէջ 1988 հիմնադրութենէն ի վեր, նախ որպէս ուսանող անդամ, ապա վարչական, եւ ներկայիս՝ որպէս նախագահ։ Ընկերակցութեան ջանքերով Արցախի մէջ հիմնուած ատամնաբուժարաններուն իր տարեկան յաճախակի այցելութիւններով մասնակցած է առողջապահական եւ մարդասիրական նուիրական աշխատանքներուն։ Տօքթ. Անի Հասըրճեանի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով Արցախի հեռատեսիլի «Առողջ Ապրենք» յայտագրին վրայ աւելցուած է «Ատամներու եւ Լինտի Հիւանդութիւններու Կանխարգիլում» հաղորդաշարը։ Ան նաեւ վարչական անդամ է Համաշխարհային Հայ Բժշկական Խորհուրդին։
Ամուսնանալով Լեւոն Հասըրճեանի հետ հաստատուած է Թորոնթօ, Գանատա։ Ունի երեք զաւակներ՝ Արազ, Դալար եւ Կարէն։
Կենսագրականի ներկայացումէն ետք Տօքթ. Անի Հասըրճեանը հրաւիրուեցաւ փոխանցելու Վարդանանց դիւցազուններու յիշատակութեան նուիրուած իր խորհրդածութիւնները։ Տօքթ. Հասըրճեան նախ ակնարկ մը նետեց Վարդանանց Հերոսամարտին եւ ըսաւ «Մշտանորոգ ոգեւորութեամբ Վարդանանց պատերազմ-գոյամարտի տարեկան նշումը հայ ժողովուրդի լինելութեան խորհրդանշական հաւատքն է։ Մեր ազգային ինքնութիւնը պահելու անպարտելի կամքը, գիտակից մահուամբ մեզի շնորհուած անմահութեան տօնախմբութիւնը, ուր կ՛ոգեկոչենք Սուրբ Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց անմահ հերոսներու յիշատակը։ Վարդանանցի «Վասն կրօնի, Վասն հայրենեաց» նշանաբանով տէր կանգնինք մեր սրբավայրերուն. թեւ ու թիկունք տանք մեր հայ զինուորին, որ կը շարունակէ օր եւ գիշեր իր կեանքը վտանգելով պաշտապանել մեր սահմանները։ Կը հաւատամ, որ եթէ մեր յարգանքը եւ Վարդանանցի յաւերժօրէն գոյատեւելու անքակտելի կամքը առօրեայ պաշտամունք չդարձնենք, ո՛չ միայն դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ, այլ մասնաւորապէս մեր տուներէն ներս, չգիտակցինք թէ հայրենիքէն հեռու մեր մայրենի լեզուն է որ դարեր շարունակ մեր ինքնութիւնը ու մշակոյթը պաշտպանող միակ զէնքն է, տարին անգամ մը միայն այսպէս տօնախմբուիլը կը դառնայ անիմաստ»։ Տօքթ. Հասըրճեան իր խօսքը վերջացուց աւելցնելով «Իւրաքանչիւրս հաւատքը եւ խոնարհութիւնը ունենանք Հայկական ինքնութեան ջահը վառ պահելով փոխանցելու յաջորդ սերունդին։ Ըլլանք լաւատես ու աշխատասէր. մեր ուսումի եւ գիտելիքներու պաշարով աւելի սպառազինուած, ունենանք աննկուն կամք՝ յաղթահարելու դժուարութիւնները եւ յաւիտեան անմար պահելով հայապահպանման ջահը։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան 100 ամեակի այս յատկանշական տարուայ սեմին, «Վասն Քրիստոսի, Վասն Հայրենեաց, Յառաջ», Վարդանանցի կարգախօսի ոգիով եկէ՛ք ուխտենք եւ քալենք դէպի լուսաշող ապագայ, թեւ ու թիկունք կանգնելով մեր Հայրենիքին, Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականով»։
Ներկաները ծափահարութիւններով գնահատեցին Տօքթ. Հասըրճեանի բանախօսութիւնը։
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան, որ ուրախութեամբ ներկաներուն յայտնեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ գանատահայ հոգեւորականներու համերաշխ ու յաջող հաւաքին մասին, որ տեղի ունեցած էր Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ եւ տուաւ իր սրտի խօսքը՝ յաւերժացնելով Վարդանանց նահատակներու սրբազան օրինակը։ Խօսքի աւարտին կազմակերպիչ մարմնի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վարչութեան եւ եկեղեցւոյ Կանանց Յանձնախումբին, շնորհաւորեց սոյն ձեռնարկը կազմակերպող Միջ Յարանուանական Մարմնի անդամներու համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ օրուայ բանախօս՝ Տօքթ. Անի Հասըրճեանը իր խորիմաստ խօսքերուն համար եւ գեղարուեստական յայտագրին մաս կազմողները։ «Աղօթք ի Տօն Մարտիրոսաց»ը ընթերցեցին Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէճեան, Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւագ քհնյ. Փանոսեան եւ Վեր. Եսայի Սարմազեան։
Գերշ. Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէճեանի «Պահպանիչ»ով եւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ, որմէ ետք եկեղեցւոյ «Մովսէս Ճամպազեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
12 Փետրուար, 2018