Վարդանանց Հերոսամարտի Տօնակատարութիւն 451-2019

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2019-ի երեկոյեան ժամը 8.00-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց Հերոսամարտի 1568-ամեակի տօնակատարութիւնը՝ հաւաքական աղօթքով եւ հանդիսաւոր համերգով, մասնակցութեամբ «Նայիրի» հայ երգչախումբին, կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միացեալ մարմնի:

Ներկայ էին կոկիկ թիւով հաւատացեալներ, որոնք եկած էին հաղորդուելու Վարդանանցի խորհուրդով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գերյ. Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան, որ ըսաւ «Մայր Հայրենիքի, Արցախի եւ աշխարհացրիւ հայութեան հետ կամրջուելով, այս երեկոյ մի պահ դար մը առնելով, Աւարայրի խորհուրդով եւ պատգամով կը հսկենք, կը յիշենք, եւ կուխտենք, կ’ոգեկոչենք Վարդանանք.- անմահներ որոնք նախընտրեցին փոխան ապրելով մեռնելու այլ մեռնելով ապրիլ եւ Ապրիլ Յաւերժօրէն…» Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց Աւարայրի բնաբանով է որ Թորոնթոյի մէջ Յարանուանական Մարմինը կողջունէ ձեզ այս երեկոյեան ոգեկոչման առթիւ…»

Հաւաքական Տէրունական Աղօթքով սկսաւ յայտագիրը, որուն յաջորդաբար Ս. Գրային ընթերցումներ կատարեցին, Բրշ. Նուրհան Աւագ Սրկ. Իբէքճեան (Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցի), Տիար Տիգրան Գալայճեան (Ատենապետ Հայ. Աւետարանական եկեղեցի), Գերյ. Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան (Հովիւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ) եւ Բրշ. Սարգիս Սրկ. Կիտանեան (Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցի):

Յայտագրի երկրորդ մասը սկսաւ, հոգեւոր եւ դասական երգահանդէսով, կատարողութեամբ «Նայիրի» հայ երգչախումբի, խմբավարութեամբ՝ Վազգէն Գալճեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սօնա Յովսէփեանի: Երգչախումբը յաջորդաբար խմբերգեց՝

Լռեց ամպերը եկան, խօսք՝ Ռ. Պատկանեանի երաժշ. Ն. Շահլամեանի, Նորահրաշ պսակաւոր, Վարդանանց Շարական,  Ով Հայոց աշխարհ, խօսք՝ Ս. Տարոնցի երաժշ՝. Մ. Եկմալեանի, Տէր Կեցոյ, Շարական, Հիմի էլ լռենք,, Գամառ Քաթիպա, Արփա Սեւան, երաժշ.՝ Է. Յովհաննէսեանի, Երգ բարեկամութեան, երաժշ՝. Ճ. Քօզալեանի, Ազգ Փառապանծ, խօսք՝ Աշոտ Գրաշիի երաժշ՝. Առնօ Բաբաջանեան եւ Հայրենիքիս հետ, խօսք՝ Յ. Թումանեանի, երաժշ՝. Ալ. Յարութիւնեանի:

Ներկաները ծափահարութիւններով գնահատեցին երգչախումբի ելոյթը:

Միջ Յարանուանական Մարմնի Ատենապետ՝ Յակոբ Ճանպազեան հանդէս եկաւ փակման խօսքով, ներկաներուն յայտնեց թէ սոյն հանդիսութեան կը բացակայեն որոշ առաքելութեամբ. Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, որ մեկնած էր Հայաստան եւ Ս. Աստուածածին Հայ. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, որ մեկնած էր մայրավանք Անթիլիաս, շարունակելով իր խօսքը ան ըսաւ.

«Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»՝ կարգախօսով լիցքաւորուած Մայր Հայրենիքի ինչպէս նաեւ աշխարհացրիւ հայութիւնը, այսօր, դարձեալ եկեղեցական եւ դպրոցական հանդիսութիւններով տօնախմբեց քրիստոնէական հաւատքին եւ Հայաստան աշխարհին համար մեծ ու սրբազան պայքար մղած ու նահատակուած հերոսներու անմոռաց յիշատակը: Սրբոց Վարդանանցի յիշատակին նուիրուած այս օրը վերածենք հաղորդութեան ճշմարիտ պատգամի մը եւ մեր նախնիներու ապառաժեայ հաւատքն ու անհատնում սրբութիւնները անսահման հաւատքով ու անջնջելի կնիքով դրոշմենք մեր գալիք սերունդներու հոգիներուն մէջ, վերածելով զանոնք արժանավայել ժառանգորդները Վարդանանց սրբացած նահատակներուն:

Մենք վստահ ենք, որ Վարդանանք հերոսապատումի փայլատակումը մեր գաղութի կեանքին մէջ իր ուրոյն հետքը ձգելով հանդերձ, մղիչ ուժ պիտի դառնայ մեր ազգին գոյութեան աննահանջ երթը շարունակելու եւ քրիստոնէական հաւատքին համար նուիրաբերուած սրբոց Վարդանանքի անկորնչելի մահ իմացեալ անմահութեան ժառանգը դրոշմելու՝ հայոց նորահաս սերունդի հոգիին մէջ՝ որպէս քրիստոնէական հաւատքի անջնջելի եւ յաւերժական կնիք…»:

Խօսքի աւարտին Միջ Յարանուանական Մարմնի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Գերյ. Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի եւ հոգաբարձութեան որ սիրայօժար տրամադրեցին եկեղեցւոյ բոլոր յարմարութիւնները, եկեղեցւոյ Կանանց Յանձնախումբին իրենց հիւրասիրութեան համար, Միջ Յարանուանական Մարմնի անունով այսօր պարտք կը զգանք գնահատանքի եւ շնորհակալութեան մեր սրտի խօսքը նախ փոխանցելու «Նայիրի» Թորոնթոյի Հայ Երգչախումբի ղեկավար Պրն. Վազգէն Գալճեանին, երաժշտագէտ Տիկին Սօնա Յովսէփեանին, երգչախումբի վարչական պատասխանատուներուն եւ երգիչ-երգիչուհիներուն, որոնք սիրայօժար ընդառաջեցին մեր հրաւէրին եւ իրենց գեղեցիկ համոյթով մասնակից եղան եւ յատուկ փայլք մը տուին Վարդանանց Տօնակատարութեան ձեռնարկի յաջողութեանը:

«Աղօթք Ի Տօն Մարտիրոսաց»ը ընթերցեցին ներկայ հոգեւորականները:

Գերյ. Տ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանի եւ Վեր. Եսայի Սարմազեանի «Պահպանիչ»ով, հաւաքական Տէրունական աղօթքի եւ Հայաստանի Քայլերգի երգեցողութեամբ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ, որմէ ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: