Թորոնթոյի « Մաշտոց » գրական խմբակը, 20 տարիներէ ի վեր ամէն ամիս կանոնաւոր կերպով մեծ յաջողութեամբ կը շարունակէ հաւաքոյթներ կազմակերպել հայ գրականութեան հեղինակաւոր գրագէտ ու բանաստեղծները ծանօթացնելու նպատակով։
« Մաշտոց » գրական խմբակի այս վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 22 Նոյեմբեր 2017 Չորեքշաբթի երեկոյ։ Օրուայ զեկուցաբերն էր խմբակի վարիչ ու հիմնադիր անդամներէն նախկին գրադարանագէտ, մտաւորական, հայ գրականութեան հմուտ, կրթական մշակ, Սարգիս Համպոյեան, որ անհանգստութեան պատճառով երկար բացակայութենէ մը ետք կրկին վերադառձաւ իր պաշտօնին, ուրախացնելով զինքը սիրողները։
Պրն. Համպոյեան օրուայ իր զեկուցումը կեդրոնացուց եւ մասնաւորաբար անդրադարձաւ, հայ գրականութեան քաջածանօթ, յայտնի գրագէտ ու գրականագէտ, 50 տարիներէ ի վեր « Մարմարա» օրաթերթի Խմբագրապետ՝ Ռ. Հատտէճեանի գրական վաստակին վրայ։
Պրն. Համպոյեան բանախօսութեան սկսելէ առաջ իր անհանգստութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկայ գրասէրներուն։ Ան իր անհանգստութեան շրջանին հիւանդանոց գտնուած միջոցին ձեռքէն չէր ձգած Ռ. Հատտէճեանի հեղինակած « Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ » վերջին հատորը, որ իրեն մղիչ ոյժը եղած էր որպէսզի առաջին առիթով բանախօսէ իր մասին վերադարձ մը կատարելով անոր ստեղծագործական աշխարհին։
Զեկուցաբերը Ռ. Հատտէճեանի մասին հետեւեալ կերպով արտայայտուեցաւ « Թէեւ մի քանի անգամներ խօսած եմ իր մասին, բայց չեմ բաւարարուած, կարելի է իր մասին երկար, շատ երկար խօսիլ եւ դեռ չբաւարարուիլ։ Ան արտակարգ երեւոյթ մըն է մեր գրական շրջանակին մէջ, գրական ոյժ մըն է կարծէք նոր հրապարակ ելած երիտասարդ մըն է, այնքան թարմ լեզուով կը գրէ որ հայոց գրականութիւնը սիրող մը կրնայ միայն այսքան տպաւորել։ Արտակարգ երեւոյթ մըն է, հրատարակած գիրքերու թիւով, եւ իր գրելու ոճով, բոլոր նիւթերը կարեւոր իրողութիւններ կը պարփակեն, որոնք գրուած են այնքան հաճելի, գեղեցիկ ու հասկնալի լեզուով։ Այսօր մասնաւորաբար կ՚ ուզեմ կեդրոնանալ տասը հատոր « Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարաններուն մէջ » գրքերուն վրայ։ Այս նիւթը բոլորովին նոր երեւոյթ մըն է հետաքրքրական եւ շինիչ, որ կ՚ ուզէ բան մը սորվեցնել եւ գոհ ձգել ընթերցողը։ Ինծի համար հիւանդանոցին մէջ մեծ մխիթարութիւն էր կարդալ այդ գիրքերէն եւ այդ ներկայացուած գրութիւններէն բան մը սորվելու գոհունակութիւնը ունենալ։ Չենք գիտեր ինչպիսի հարստութիւն մը ունինք, երբ մեր լեզուին վրայ ունինք մեր մեծասքանչը, սորվինք որքան որ կրնանք բառարաններէն որ կրնան մեզի օգտակար ըլլալ, այս է իր փիլիսոփայութիւնը։ Ես շատ կը յարգեմ իր այս նուիրումը, հաւատքը մեր լեզուին, գրականութեան եւ հայուն նկատմամբ։ Ռ. Հատտէճեանի համար հայերէն լեզուն պաշտամունքի առարկայ իրողութիւն մըն է եւ այս է որ կը փորձէ այս գիրքերուն մէջ ներկայացնել։»
Պրն. Համպոյեան « Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ » գիրքերէն կարդաց զանազան էջեր, մէկ կողմէ վերլուծումներ ընելով եւ բացատրութիւններ տալով։ Ռ. Հատտէճեանի հեղինակութիւնները մատնանշելով ըսաւ թէ՝ « այլազան նիւթերու մասին գրած է գրութիւններ, որոնք այնքան թարմ են նաեւ իրենց բովանդակութեամբ։ Ան քաջածանօթ է մարդկային մտքին եւ հոգիին, մարդկային արարքները, որոշումները, քայլերը կ՚արձանագրուին շատ պարզ բառերով, ինչ որ արտակարգ կարողութիւն մըն է։»
« Այլ առիթով մը իմ կարծիքս յայտնած եմ Ռ. Հատտէճեանի մասին եւ ատիկայ չեմ փոխեր երբեք։ Իր գրական կեանքը, նուիրումը, ինչպէս նաեւ իր գրական ներդրումը նկատի առած Ռ. Հատտէճեան մեր ներկայ գրականութեան իմաստուն Վեհափառ Հայրապետն է եւ ամէնէն հզօր ներկայութիւնը մեր գրականութենէն ներս։ Իր գիրքերը կարդալով կը զգաս թէ հայ լեզուն լուսափայլ է եւ լուսաճաճանչ։ Ռ. Հատտէճեանի գրութիւններուն հիմնական առանցքը մարդ արարածն է։ Ինք շատ զօրաւոր մարդկային զգացում ունի։ Մարդ արարածը իր առօրեայ երեւոյթներով, պայքարներով, ակնկալութիւններով, ուրախութիւններով, տագնապով, յաջողութիւններով, ձախողութիւններով այս բոլորը այլ եւ այլ վայրերուն մէջ, այլ եւ այլ կացութիւններու մէջ կը նկարագրէ, կը վերլուծէ, կը տրամաբանէ եւ այս ամբողջը գրական բարձր մակարդակի վրայ իր զուլալ հայերէն լեզուով կը ներկայացնէ։ Իր գործերուն մէջ շարունակ ներկայ է հոգեբան եւ իմաստասէր Ռ. Հատտէճեանը։ Բառերու եւ նախադասութիւններու ետին ան քաջածանօթ է մարդկային մտքին եւ հոգիին, մարդկային արարքները, որոշումները, քայլերը, մտածումները կ՚արձանագրուին, կը հասկցուին, կը բացատրուին եւ կ՚ իմաստաւորուին հոգեբանական, պատմական եւ այժմէական տուեալներով եւ այս ամբողջը ան կը շարադրէ անօրինակ պարզութեամբ եւ մատչելիութեամբ։ Դիտող, մտածող Ռ. Հատտէճեանին եւ իր գրիչին միջեւ այնքան սէր ու անմիջական յարաբերութիւն մը կայ որ ընթերցողը միայն երախտագիտական զգացումներով կը լեցնէ։ Ռ. Հատտէճեանի գործերուն մէջ միշտ ներկայ է պատուական հայը իր զգայուն սրտով, հոգուով եւ իր արժանապատուութեամբ, բայց այս հայը կոյր, մոռացկոտ, անգէտ հայ մը չէ երբեք, որովհետեւ այս հայը շատ լաւ գիտէ իր պատմութիւնը, իր լեզուն եւ գիտակից է իր զգայնութիւններուն, արժանապատուութեան։ Հոս կը գործէ տրամաբանող միտք մը Ռ. Հատտէճեանի միտքն է, որ գիտէ խորհիլ, տրամաբանել եւ ըլլալ արդար ու արդարամիտ եւ կարող է իւրաքանչիւր հարց իր հունին մէջ դնել։ Ան մտահոգ է երբ սխալ բան մը կը տեսնէ կը նկատէ, բայց ան միշտ կ՚ակնկալէ եւ կը մաղթէ որ լաւագոյնը ըլլայ մեր ազգին։»
Գրասէրներ Հատտէճեանի գրականութեամբ յագեցած, ուրախ տպաւորութեամբ բուռն ծափահարութիւններով ողջունեցին Սարգիս Համպոյեանը, մաղթելով իրեն կատարեալ առողջութիւն։