Տարեկան Դաշտագնացութիւն

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հայրերու օրուայ տարեկան դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 16 Յունիս, 2024-ին «Milne Dam Conservation Park»ին մէջ:

Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, հովիւի օգնական Արժ. Տ. Հայարի քհնյ. Թանաշեան իրենց կողքին ունենալով դպիրներ, եւ մասնակցութեամբ ներկայ հոծ բազմութեան, ժամերգութիւն կատարեցին եւ օրհնեցին հայրերն ու մեծ հայրերը:

Տէր Զարեհ Աւագ քահանան, գնահատեց եկեղեցւոյս Տիկնանց միութեան անդամուհիները, դաշտագնացութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները ու բոլոր կամաւորները, հայկական ճոխ աղանդները, խորովածը, ջերմ մթնոլորտը ու հրաշալի օդը, գոհ ձգեցին ներկայ բազմութիւնը.

Վարձքը կատար բոլորին:

Կիրակի Յունիս 23, 2024-ին յաւարտ Ս. Պատարագի փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ՝  Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի եւ Ծխական խորհուրդի կողմէ գնահատանքի արժանացան: Տիար Երուանդ Չուլճեան եւ Տիար Լեւոն Փաթրիքեան, իբրեւ «2024 Տարուայ հայրերը»: Տէր Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, Տէր Հայարի քհնյ. Թանաշեանի կողմէ օրհնութիւն ստացան իրենց ընտանեկան եւ եկեղեցւոյ մատուցած նուիրեալ ծառայութեան համար: