Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ եւ «Բարեւ» կեդրոնի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 15 Յունիս, 2019-ին տեղի ունեցաւ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ վարժարանի տարեկան երգահանդէսը, ղեկավարութեամբ՝ Նադա Նավասարդյանի։
Ներկայ էին Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան, Փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, նաեւ ծնողներ եւ հրաւիրեալներ։
Ամիսներ շարունակ այս ելոյթին պատրաստուող թիւով շուրջ 250 աշակերտներ մեծ ոգեւորութեամբ բեմ բարձրացան ներկայացնելու տարեկան այս համերգը։
Առաջին բաժինով հանդէս եկան նախակրթարանի առաջին չորս կարգերու աշակերտները, որոնց մանուկ շուրթերէն դուրս եկան մանկական եօթը հրաշալի երգեր։ Երեխաները՝ սկիզբը վարանոտ, սակայն հետզհետէ աւելի ինքնավստահ, ներկայացուցին սորված իրենց երգերը, անգամ մը եւս հաստատելով, որ ի գին Մայրենիի պահպանման տարուած որեւէ աշխատանք եւ զոհողութիւն, անպայման արդիւնաբեր կ՛ըլլայ։ Ընդմիջումին, վարժարանի տնօրէն՝ Դոկտ. Արփի Փանոսեան Մըթարթ փոխանցեց իր սրտի խօսքը մատնանշելով յատկապէս՝ երաժշտութեան ունեցած դերին ազդեցութիւնը երեխաներուն անձին կազմաւորութեան մէջ։
Յաջորդ բաժինով հանդէս եկան բարձր դասարանի աշակերտները, որոնք աւելի ինքնավստահ եւ պատանիներու յատուկ իրենց աշխուժութեամբ ոգեւորեցին հանդիսատեսը։ Անոնց ներկայացուցած երգերուն ընդմէջէն ծնողներ եւ հրաւիրեալներ մեծ ոգեւորութեամբ ծափողջոյններով ընկերակցեցան անոնց։
Աւարտին, իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին գերշ. Սրբազան հայրն ու Հոգեւոր հովիւը, քաջալերելով երեխաները, նաեւ՝ շեշտելով եւ արժեւորելով խումբի ղեկավար՝ Նադա Նավասարդյանի անսակարկ նուիրումը, որուն աշխատանքին արդար արգասիքն էր տուեալ ելոյթը։ «Պահպանիչ» ով եւ ապա աշակերտներու կողմէ «Հայր Մեր»ի կատարողութեամբ վերջ գտաւ երգահանդէսը։
Պէթթի Փանոսեան