Տարեց Քաղաքացիներու Նուիրուած Օր

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ  տարեկան գործունէութեան ծրագիրին մէջ «Տարեցներու Օր» ուան նուիրուած ձեռնարկը իր իւրայատուկ տեղը ունի։ Տարուայ ընթացքին եկեղեցւոյս Այցելութեան յանձնախումբը հոգեւոր հովիւին հետ միասին կանոնաւորաբար կ՛այցելեն տարեցներու տուները, բայց Ս. եկեղեցւոյ կամարներուն տակ ներկայ ըլլալ Ս. Պատարագին եւ Ս. Հաղորդութիւն ստանալը տարբեր իմաստ կ՛ունենայ անոնց համար, երբ  մեր սիրելի տարեցները վերացած՝ աղօթք կը մրմնջեն ապա կը ստանան Ս. Հաղորդութիւն։

Սոյն հաւաքը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ, Հինգշաբթի 20 Յունիս, 2019-ին։ Օրեր առաջ այցելութեան յանձնախումբի անդամները իրենց շուրջ հաւաքած եկեղեցասէր տիկինները՝ լծուած էին աշխատանքի, լաւագոյն կեպով կազմակերպելու անոնց ժամանումը, հիւրասիրութիւնը եւ ապա ապահով մեկնումը։ Այդ օրը, ժամը 10։30-ին մեծ թիւով տարեցներ եւ հրաւիրեալներ ժամանած էին եկեղեցի, ուր թեմիս փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեան մատուցեց Ս. Պատարագ եւ բաշխեց Ս. Հաղորդութիւն։ Աւարտին, իր քաջալերական եւ մխիթարական խօսքին մէջ ան շեշտեց աղօթքի ունեցած զօրութիւնն ու կարեւորութիւնը։ Հոգեպէս բաւարարուած ներկաները առաջնորդուեցան եկեղեցւոյս «Մակարոս Արթինեան» սրահը, ուր գեղեցկօրէն զարդարուած սեղանները գարնանային շունչ բերած էին։

Օրուայ հանդիսավար Տիանա Պօղոսեան, յանձնախումբի անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա հրաւիրեց Տէր հայրը, որ օրհնէ սեղանները։ Ախորժաբեր աղանդերները եւ Տիկնանց յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած եւ սպասարկուած ճաշն ու անուշեղէնը գնահատանքի արժանացան ներկաներուն կողմէ։

Օրուայ մթնոլորտը խանդավառեց Մհեր Մինասեան, երգելով աշուղական եւ ճոխ երգեր։ Ան յաջողեցաւ պարի հարթակը միշտ զբաղ պահել։ Ուրախութիւն եւ ժպիտ կար բոլորին դէմքերուն։ Արդէն ժամն էր մեկնելու։ Տէր հօր շնորհակալական խօսքէն ետք, ներկաները բարձր տրամադրութեամբ հրաժեշտ տուին, իրենց հետ տանելով ուրախ օրուայ մը յիշատակը, մաղթելով որ յաջորդ տարի բախտը կ՛ունենան կրկին մասնակցելու այս շատ հաճելի ու սպասուած ձեռնարկին։

Ձեռնարկը արդարօրէն ծառայած էր իր նպատակին։

Վարձքը կատար բոլորին