Տիար Ժիրայր Բէտէրեանի Ծննդեան Տօնակատարութիւն

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Շաբաթ 15 Հոկտեմբեր 2016-ին, Թորոնթոյի Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութիւնը, իր կեդրոնի սրահին մէջ ճաշկերոյթով մը տօնախմբեց միութեան երէց անդամներէն Տիար Ժիրայր Բէտէրեանի Ծննդեան 90-րդ տարեդարձը:

Հրաւիրեալներու շարքին ներկայ էին, Գանատահայ թեմի փոխ Առաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան, ընտանեկան պարագաները, վարչական անդամներ, բարեկամներ եւ միութենական համակիրներ:

Բարեգալստեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ, Թ.Մ.Միութեան Ատենապետ պրն. Գէորգ Թիւթիւնճեան. Հրաւիրեց Տէր Զարեհ Աւագ Քահանան, կատարելու սեղանի օրհնութիւնը:

Շնորհաւորական մաղթանքներով ելոյթ ունեցան, Տէր Զարեհ Աւագ Քահանան, պրն. Յակոբ Ալթունեան, պրն. Յարութիւն Եսայեան, պրն. Վազգէն Տէօքմէճեան, պրն. Անտի Իտըն եւ Յակոբ Գասպարեան, պրն. Սարգիս Չիլինկիրեան, ընթերցեց պրն. Սարգիս Համպոյեանի շնորհաւորական գիրը:

Ծափողջոյններու եւ բարի տարեդարձի երգի ուրախ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը պրն. Ժիրայր Բէտէրեանի կողմէ, որմէ վերջ ելոյթ ունեցաւ շնորհակալական խօսքերով, Թ.Մ.Միութեան եւ ներկաներուն: Պրն. Բէտէրեան, կը շնորհաւորենք ձեր տարեդարձը, ու ձեր գալիք տարիները սահին հանգիստ ու ապահով:

Պրն. Հրանդ Քէթէնճեան տուտուկի վրայ նուագեց, ստեղծելով հաճելի մթնոլորտ մը: