Հայաստանեայց Առաք. Եկեղեցին կը տօնէ տաղաւարի հինգ տօներէն երրորդը Թափօր Լերան վրայ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը, Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տաղաւարին կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Աստուածութիւնը: Սոյն տօնը կը մեկնաբանուի որպէս Քրիստոսի մաքրագործուած աստուածուցած խորհրդանիշ:
Կիրակի Յուլիս 11, 2021-ին Վարդավառ տօնի առթիւ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ պատարագ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, օրուայ պատարագը մատոյց եւ քարոզեց, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, իրեն առընթերակայ ունենալով թեմիս փոխ առաջնորդ եւ եկեղեցւոյս Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանը եւ հովիւի օգնական Արժ. Տ. ՀայԱրի Քհնյ. Թանաշեան, Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Սարկաւագներ ու բարեկրօն դպիրներ: Ս. պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնները ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ դպրապետ Շահէ Ալթունեանին, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Սօնա Արթինեանի:
Յընթացս Ս. պատարագի Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան խորան բարձրացաւ «Ուրախ Լեռ» շարականի ներքոյ, իր հետ ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ առաքուած կոնդակը, ուղղուած Տիկ. Աբէթ Ալբային, առ ի գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ եւ Գանատահայոց թեմի Առաջնորդութեան (Մոնթրէալ) բերած իր օժանդակութեան համար:
Թեմիս փոխ առաջնորդ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի Հայրապետական Սրբատառ կոնդակի ընթերցումէն ետք յանուն Ն. Ս. Օ. Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, «Ս. Ներսէս Շնորհալի» բարձրագոյն շքանշանի եւ կոնդակի, տուչութիւնը տեղի ունեցաւ ձեռամբ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազանի:
Սրբազան Հայրը իր կարգին շնորհաւորեց Տիկ. Ալբայը, սոյն արժանաւոր գնահատանքին համար , ապա տուաւ օրուայ պատշաճ քարոզը: