Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան « Գլաձոր » Մասնաճիւղին, Հայ Դատի եւ Պոլսահայ Մշակութային Միութեան, 31 Մարտ 2019 Կիրակի յետ միջօրէին, Հայ Կեդրոնի « Յարութիւն Մանուկեան » գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթացումը « trauma and resilience » անքլերէն գիրքին, որու հեղինակն է քաղաքիս ծանօթ ազգայիններէն, ճարտարագէտ, երաժիշտ, յօդուածագիր Րաֆֆի Պետրոսեան։ Այս գիրքը Թուրքիոյ մէջ ապրող ծպտեալ հայերու մասին լայն տեղեկութիւններ կը բովանդակէ։ Գիրքը հրատարակուած է անգլիոյ մէջ գործող « Կոմիտաս հիմնարկ »ի կողմէ, աջակցութեամբ հիմնարկի տնօրէն Արա Սարաֆեանի։ Գրքին նախաբանը գրուած է Ֆէթհիյէ Չէթինի եւ Թանէր Աքչամի կողմէ։
Սրահը լեցուն էր գրասէրներու հոծ բազմութեամբ, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան այս շահեկան ձեռնարկին։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ գրադարանի պատասխանատուներէն Արշօ Զաքարեան։ Տիկ. Զաքարեան ուրախութեամբ յայտնեց թէ Հայ Օգնութեան Միութեան Ռուպինա մասնաճիւղի 50 րդ. տարեդարձին առիթով կը հիւրընկալեն Րաֆֆի Պետրոսեանը։ Ան երախտագիտութեան զգացումները արտայայտեց գրքի հեղինակ Րաֆֆի Պետրոսեանի նկատմամբ, որ տարիներու ընթացքին մամուլի մէջ լոյս տեսած 63 գրութիւնները հաւաքած էր, անոնց վրայ աւելցնելով 10 նոր յօթուածներ, պատկերներ եւ քարտէսներ, անոնցմով ճոխացուցած գիրքը կը հրամցնէր հանրութեան։
Այս գիրքը կը բացայայտէ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերը, թաքուն հայերը եւ մանաւանդ մօտաւորապէս հարիւր տարիներ վերջ իրենց բուն ինքնութիւնը արտայայտող հայերու մասին, որոնք իրենց կեանքի վերջին օրերուն քաջութիւնը ունեցան իրենց զաւակներուն բացատրելու, իրենց բուն կրօնքն ու սկզբնական կեանքը թէ ովքե՞ր էին եւ ի՞նչպէս կ՚ապրէին։
Գրքին մէջի նկարները մէկ առ մէկ ցուցադրուեցան մեծ պաստառի մը վրայ։ Րաֆֆի Պետրոսեան իւրաքանչիւր նկարի եւ թաքուն հայերու մասին մանրամասն բացատրութիւններ փոխանցեց։ Տեղեկութիւններ տուաւ նաեւ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մասին, որ Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցին էր, թէ ինչպէս 1915 ին զանգակատունը փլցուեցաւ գերման սպաներու ռմբակոծութեամբ։ Աւերակի վերածուած եկեղեցին 2011 թուականին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին կողմէ վերանորոգութեան ենթարկուելով, 2012 ին չորս հազար հոգիի ներկայութեամբ վերաօծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Այս եկեղեցւոյ մէջ մշակութային զանազան ձեռնարներ կազմակերպուեցան։ Րաֆֆի Պետրոսեանն էր որ առաջին առթիւ երաժշտական համերգ մը սարքեց։
Այդ թուականներուն դէպի Հայաստան պտոյտներ կազմակերպուեցան։ Այս պտոյտներուն մասնակցեցան Թուքիոյ զանազան շրջաններէն թաքուն հայեր, մասնաւորաբար հայախօս հայեր։ Այս պտոյտները մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուցին իրենց հայկական արմատներուն։
1915 էն հարիւր տարիներ վերջ, թաքնուած հայերէն մի քանիներ մեծ համարձակութեամբ որոշեցին վերադառնալ իրենց հայկական արմատներուն։
2015 էն վերջ Թուքիոյ հարաւային շրջաններու մէջ պատահած կռիւներու ընթացքին Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին բաւական վնասուեցաւ, բայց ներկայիս թրքական կառավարութիւնը յանձն առած է կրկին վերանորոգել զայն։
Րաֆֆի Պետրոսեան այս հետաքրքրական գրքի ծանօթացումի աւարտին ջերմապէս գնահատուեցաւ ներկայ գրասէրներու կողմէ։ Այնուհետեւ Պրն. Պետրոսեան իրեն ուղղեալ հարցումներուն հանգամանօրէն պատասխանեց։ Ապա հեղինակը փափաքողնրուն մակագրեց իր նորատիպ գիրքը։
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով Լորիկ Գաթըրճեան, Արշօ Զաքարեան եւ Արամ Իշնար միասնաբար Րաֆֆի Պետրոսեանին գեղեցիկ յուշատախտակ մը յանձնեցին։ Ապա տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։