ՑԵՂԱՅԻՆ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

    «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժնի կողմէ վերջերս կազմակերպուած էր դպրոցներու միջեւ « Խօսք առ » խորագրեալ զանազան նիւթերու մասին մրցում մը, որուն մասնակցած էին 18 երկիրներէ 165 դիմողներ։ Հայերէն շարադրութեան մրցանակին տիրացողներէն մին եղած է, Թորոնթօի Հ.Օ.Մ. ամէնօրեայ վարժարանի, Լափոյեան երկրորդական բաժնի 11 րդ. դասարանի աշակերտներէն Զարեհ Մարգարեան։

 

 

Զարեհ Մարգարեան

 

Աշխարհին մէջ այսօր կան անհամար անարդարութեան օրինակներ փոքրամասնութիւններու դէմ։ Հիմա, Ամերիկայի մէջ տեղի կ՛ունենան ցոյցեր հարիւրաւոր քաղաքներու մէջ բողոքելու համար ոստիկանութեան կատարած վայրագութիւնները սեւամորթ մարդկանց հանդէպ։ Իմ բնակած երկրիս՝ Գանատայի մէջ եւս, բնիկ ժողովուրդները կ՚ապրին թշուառ եւ անմարդկային կացութեան մէջ։ Իսկ մենք՝ հայերս մեր մորթին վրայ զգացած ենք մեզի հանդէպ պատահած անարդարութիւնները դարերու ընթացքին, մենք պայքարած ենք եւ մինչեւ այսօր եւս կը պայքարինք մեր ազատութեան եւ մեր մշակոյթի պահպահնման համար։ Հայկական կազմակերպութիւններ անդադար կ՚աշխատին հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իրականացման։

Այս շարադրութիւնը կը գրեմ ոչ թէ միայն մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու այս անարդարութիւններուն, այլ ցոյց տալու համար թէ՝ ինչպէս մենք հայերս կրնանք մեր վերաբերմունքը փոխել եւ օգտակար դառնալ ուրիշ ազգերու դատերուն։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, սեւամորթ մարդիկ դարերով ենթարկուած են մեծ անարդարութեան եւ խտրականութեան, որը մինչեւ այսօր կը շարունակուի։ Ամերիկայի մէջ, հակառակ որ սեւամորթ մարդիկը կը ներկայացնեն բնակչութեան միայն 13 տոկոսը, իրենք կը ներկայացնեն նաեւ բանտարկեալներու 34 տոկոսը։ Սեւամորթ ամերիկացիներու համար, 6 անգամ աւելի հաւանական է որ ձեռբակալուին անօրինական թմրեցուցիչներու օգտագործման յանցանքով, չնայած թէ՝ բոլոր ամերիկաբնակ ազգերը ընդհանուր առմամբ նոյն աստիճանով թմրեցուցիչներ կը գործածեն։ Այս խտրականութիւնը կը հասնի մինչեւ դպրոցներուն։ Վիճակագրականօրէն դպրոցները, որոնց աշակերտները կը պատկանին ազգային փոքրամասնութիւններուն, նուազ դրամական յատկացում կը ստանան։ Այս դպրոցները, որոնց աշակերտները յաճախ կու քան աղքատ դասակարգի ընտանիքներէ, ընդհանրապէս ուսանողական մեծ խումբեր կը կազմեն անոնք. հետեւաբար՝ ուսուցիչները կարող չեն պատշաճ կրթութիւն տալ իրենց։

 

Ասոնք միայն մի քանի օրինակներ են բոլոր անարդարութեան ձեւերուն, որ սեւամորթ մարդիկը ենթարկուած են Ամերիկայի մէջ։ Այս շաբաթ, սկսած են փողոքի ցոյցեր, ոչ միայն ոստիկանութեան ըրած վայրագութիւններուն պատճառով, այլ իրենց հանդէպ կատարուած բոլոր խտրականութիւններուն համար։

Գանատայի բնիկ ժողովուրդն ալ տարիներով ենթարկուած է աներեւակայելի, անմարդկային եւ ցաւալի անարդարութիւններու։ Ինչպէս մենք հայերս մեր պատմական հողերը կորսնցուցած ենք, բնիկ ժողովուրդն ալ ստիպուած է ձգել իր պապենական հողերը։ 1880 թուականէն մինչեւ (որոշ նահանգներու մէջ) 1996 թուականը, ոստիկանութիւնը բնիկ երախաները իրենց ընտանիքներէն փախցուցած է եւ ղրկած է կառավարութեան կողմէ յատկացուած գիշերօթիկ դպրոցներ։ Այս դպրոցներուն մէջ արգիլուած էր իրենց լեզուն խօսիլ, իրենց տարազները հագուիլ եւ իրենց աւանդական երգերն ու պարերը երգել ու պարել։ Աշակերտները նոյնիսկ կրած են անհամար ֆիզիքական, մտային եւ սեռային բռնութիւններ։ Բռնիօրէն վերափոխուած են քրիստոնէութեան։ Ոչ միայն զատուած են իրենց ծնողքէն եւ ընտանիքէն, այլ զատուած են նաեւ իրենց ազգային եւ մշակութային ինքնութենէն։

Գանատայի բնիկներու յատուկ գիշերօթիկ դպրոցներուն մէջ, երախաները հանդիմանուած եւ ձուլուած են։ Այս պատճառներով, այսօրուայ բնիկները հոգեպէս վնասուած են. տանջուած են սերունդէ սերունդ յանձնուած գինեմոլութեան եւ թմրեցուցիչներու գործածումի։ Կ՛ապրին անմարդավայել միջավայրերու մէջ. բնիկներու շուրջ մէկ քառորդը կը բնակին տուներու մէջ, որոնք անմիջական նորոգութեան պէտք ունին։ Բնիկներու բնակավայրերու հեռաւոր դիրքերու պատճառով, ամէնօրեայ ծախսերը, ինչպէս ուտելիքը եւ ելեկտրականութիւնը շատ բարձր են։ Այս անարդարութիւնը մեծ մասամբ կառավարութեան յանցանքն է։ Կառավարութիւնը հրապարակաւ ներողութիւն խնդրած է բնիկ ժողովուրդէն, սակայն տարիներու խտրական օրէնքներու արդիւնքները տակաւին սպիացած չեն։

Վերջերս Գանատայի մէջ եղած են բողոքի ցոյցեր նավթախողովակներու զետեղման դէմ, որոնք կը շինուին բնիկներու յատկացուած հողերու վրայ։ Ցուցարարներ որոշեցին երկաթուղիները խոչընդոտել, որպէսզի գանատացիներու ուշադրութիւնը գրաւեն։

Այս ամէնը ի՞նչ կապ ունի հայերուն հետ։ Անձեր կան մեր համայնքին մէջ որ կ՚անտեսեն այս հարցերը, ըսելով թէ՝ «մեր խնդիրը կամ պայքարը չէ»։ Ամօթով եւ սիրտցաւով ականատես եղած եմ երիտասարդ եւ տարիքոտ հայերու, որոնք Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ եղած բողոքները կը ծաղրեն, ցուցարարները անշնորհք եւ անկիրթ կը համարեն առանց հասկնալու բողոքներուն բուն նպատակը, իմաստը եւ պատմութիւնը։ Դժբախտաբար ճշմարտութիւնը այն է, որ մեր համայնքի անդամներուն մէջ կան անձեր որոնք ունին իրենց խտրական մտածելակերպերը։ Սակայն այս հայկական ծայրահեղ մտածելակերպը վնասակար է եւ պէտք չէ շարունակուի։ Երբ կը տեսնենք հայեր կամ որեւէ ազգէ մարդիկ որ այսպէս միտքեր կ՚արտայայտեն, մեր պարտականութիւնն է իրենց դաստիարակել դատին անցեալի պատմութեան մասին որ մշակենք համակրական հասկացողութիւն իրենց սիրտերուն մէջ։ Երբ մենք ուսումնասիրենք ուրիշներու դատերը եւ մասնակցինք անոնց պայքարին, մենք ալ ուրիշներուն կրնանք սորվեցնել մեր դատի մասին, այսպէս կը գրաւենք օտարներու ուշադրութիւնը եւ կ՛ունենանք անոնց օժանդակութիւնը։ Երբ հասկնանք ուրիշներու ցաւերը եւ պայքարի պատճառները, փոխանակ անոնց այպանելու, կը կենանք անոնց կողքին եւ մասնակից կ՛ըլլանք իրենց արդարութեան վերականգման պայքարին։

Շուտով յայտնի կ՚ըլլայ որ վերը նշուած Ամերիկայի սեւամորթներու եւ Գանատայի բնիկներուն պայքարը անարդարութեան դէմ շատ կը նմանի մեր ազգի պայքարին։ Ինչպէս սեւամորթերը ճնշուած են Ամերիկայի մէջ, մեր նախահայրերը հալածանքի ենթարկուած են Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ։ Ինչպէս բնիկները ձուլուած են գիշերօթիկ դպրոցներու մէջ, հայ երախաներ ձուլուեցան մեծ եղեռնէն վերջ եւ տակաւին կը ձուլուինք այսօր օտար ափերու վրայ։ Ինչպէս սեւամորթերը խտրականութեան կ՚ենդարկուին Ամերիկայի մէջ, հայերը խտրականութեան դառնութիւններ կ՚ապրին արդի Թուրքիոյ մէջ։ Ինչպէս բնիկները կը պահանջեն իրենց հողերը Գանատայէն եւ կը պահպանեն իրենց մշակոյթը, մենք ալ մեր իրաւունքները կը պահանջենք Թուրքիայէն եւ կը ջանանք պահպանել մեր մշակութային ինքնութիւնը։

Մեր պայքարները եւ նպատակները աւելի նման են իրարու քան թէ տարբեր։  Այնուհետեւ, կարեւոր է որ մենք, որպէս արդարադատ հայեր եւ որպէս այս աշխարհի բնակիչներ վեր բռնենք բոլոր անարդարութեան դէմ պայքարները։

Մանաւանդ այս աննախընթաց օրերուն, զիրար յարգենք, բարձրացնենք եւ սիրենք։

Այս է մեր մարդկային պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը։