ՕԹԹԱՈՒԱ
Կիրակի՝ 22 Օգոստոս 2021-ին, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին յաջորդող Կիրակի օրը, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը, Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ եւ համայնքային կեդրոնի նոր վերանորոգուած շէնքի յարկի տակ, կատարեց Սուրբ Խորանի ու Աստուածամօր սրբապատկերի օծման արարողութիւնը, ապա օծուած Խորանի Սուրբ կամարներուն տակ, Անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, իրեն առընթերակայ ունենալով բարեշնորհ Քամի սարկաւագ Սարիմանուկեանը, մասնակցութեամբ՝ Մոնթրէալի եւ Լաւալի եկեղեցիներու երգչախումբերէն շարք մը անդամներու:
Այս յիշատակելի օրուան առիթով, երկրի Ազգային Մայրաքաղաքի շրջանի բոլոր կողմերէն հայեր հաւաքուեցան` աւելի քան չորս տասնամեակներու իրենց երազանքի իրականացման ականատեսն ըլլալու: Այս նշանակալի իրադարձութիւնը կեանքի կոչուեցաւ Ծխական Խորհուրդի նուիրումի եւ Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններու շնորհիւ:
Սուրբ Պատարագին, ներկայ գտնուեցան նաեւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան նորանշանակ հիւպատոս Ազնուափայլ Տիկին Քրիսդինէ Պետրոսեանն ու դեսպանութեան քարտուղար Յարգարժան Տիար Արման Սուֆլուեանը, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Յարգարժան Տիար Մկրտիչ Գանոնճեանը եւ Խորհուրդի ատենադպիր Յարգարժան Տիար Ժիրայր Տոլարը:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հօր օրհնութեամբ, տեղի ունեցաւ Խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը: