1915-Ի ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ
1915-Ի ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԲԱՑԱՌԻԿ
ՀԱՄԵՐԳ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

Հայկական ցեղասպանութեան Հարիւր Ամեակի Գանատայի Մարմնին կողմէ
Թորոնթօ « Roy Thomson Hall » ի շքեղ ու ընդարձակ համերգասրահին մէջ 22 Ապրիլ 2015 Չորեքշաբթի երեկոյ « Ararat-Music of Armenia » բնաբանով « Թորոնթօ Սիմֆոնի նուագախումբ » ի մասնակցութեամբ եւ յայտնի խմբավար՝ Փիթըր Ունճեանի մականին ներքեւ տեղի ունեցող համերգը ամբողջութեամբ նուիրուած էր հայ երաժշտութեան։
Շատ ուրախալի երեւոյթ էր տեսնել գաղութի բոլոր հայերը համախմբուած եւ մէկ սիրտ եղած, գրաւած էին սրահին 2600 աթոռները։ Այս կարեւոր ձեռնարկին տոմսերը արդէն իսկ սպառած էին ամիսներ առաջ ։
Խմբավար Փիթըր Ունճեան որ Պոլսահայ հօր մը զաւակն է, ծնած է Թորոնթօ, 11 տարիներէ ի վեր ստանձնած է Թորոնթօ Սիմֆոնի Նուագախումբի ղեկավարութիւնը եւ այսօր զայն հասցուցած է ամենաբարձր մակարդակի։ Ան իր բացման խօսքին մէջ մասնաւորաբար անդրադարձաւ, թէ այս օրուայ ելոյթին գաղափարը քաջածանօթ ֆիլմի բեմադրիչ՝ Ատոմ Էկոյեանի կողմէ յղացուած էր։
Յայտագիրը սկսաւ աշխարհահռչակ մեր սիրելի օփերայի երգչուհի սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի կողմէ, որ ան գեղեցկօրէն ու ապրումով մեկնաբանեց Կոմիտասի « Անտունի », « Ծիրանի Ծառ » եւ « Շողեր Ճան » ժողովուրդական երգերը։ Այս երգերուն նուագախումբի համար կարգաւորումը կատարուած էր իր ամուսնոյն նոյնքան ծանօթ, շատ մը կարողութիւններով օժտուած դաշնակահար, երգահան Սերուժ Գրաճեանի կողմէ, որ իրեն դաշնակով կ՛ընկերակցէր։
Ապա բեմ բարձրանալով նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցաւ տաղանդաւոր ջութակահար՝ Սերկէյ Խաչատուրեան, որ իր երիտասարդ տարիքին մասնակցած է զանազան երաժշտական փառատօներու խլելով առաջնութեան մրցանակներ։ Ան հիանալի կերպով մեկնաբանեց Արամ Խաչատուրեանի « Violin Concerto in D Minor » կտորը արժանացաւ ներկաներուն յոտնկայս երկարատեւ ծափահարութիւններուն։ Վստահ ենք ինք պիտի յիշուի աշխարհի նշանաւոր վիրթիէօզներու կարգին։
Ararat-Music 2

Այնուհետեւ Իզապէլ Պայրագտարեան եւ Սերկէյ Խաչատուրեան անակնկալ մը ընելով յայտագրէ դուրս նուագախումբին հետ միասնաբար մեկնաբանեցին Կոմիտասի « Կռունկ » ը ինչպէս նաեւ « Ուր ես Մայրիմ » ը խորապէս տպաւորելով հանդիսատեսները։
Միջնարարէ ետք Ատոմ Էկոյեանի « ԱՐԱՐԱՏ » ֆիլմի երաժշտութենէն առնուած փունջ մը երգեր, որոնք նոր յօրինումով, նոր շունչով յաջորդաբար հանրութեան ներկայացուեցան որպէս աշխարհի առաջին ներկայացում, որուն յօրինումը կատարուած էր նշանաւոր Գանատացի երգահան « Օսքար » ի մրցանակի դափնեկիր Մայքըլ Տէնա-ի կողմէ։
Այս կտորին մէջ սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեանի կողքին՝ նուագախումբին իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտնի երաժիշտներ Լեւոն իշխանեան – ( Թառ ) , Համբիկ Ճապուրեան- ( Ծիրանափող – Տուտուկ ) եւ Սիավաշ Քաւեմարեան-
( Քամանչա ) որոնք մասնաւոր փայլ մը տուին երաժշտութեան եւ երեկոյթին որ բարձր գնահատուեցաւ ներկաներու կողմէ։
Նուագախումբը Փիթըր Ունճեանի խմբավարութեամբ որպէս վերջին կտոր հանրութեան ներկայացաւ Արամ Խաչատուրեանի « Suite from Masquerade and Spartacus » գեղեցիկ կտորներով որ կը բաղկանար երեք մասերէ « Waltz from Masquerade », « Nocturne from masquerade » եւ « variation of Aegiana and Bacchanalia from Spartacus »։ Բոլոր արուեստագետները ցուցաբերեցին իրենց հոյակապ կարողութիւնը, վերջաւորութեան խմբավարը եւ մասնակից բոլոր արուեստագէտները, ինչպէս նաեւ նուագախումբը իրենց բարձր արուեստով աննախնդաց ոգեւորութիւն մը ստեղծեցին սրահին մէջ, արժանանալով ներկաներուն յոտնկայս որոտընդոստ անվերջանալի ծափահարութիւններուն, որոնք քանիցս բեմ հրաւիրուեցան։ Երաժշտասէրներ մեծ գոհունակութեամբ եւ յագեցած ըլլալով ակամայ մեկնեցան սրահէն։