Գանատահայոց Թեմի 32-րդ պատգամաւորական ժողով.

Մայիս, 29.30.2015 Սէնթ Քաթրինզù
Մատաթ Բ. Մամուրեան

Գանատահայոց Թեմի պատգամաւորական 32-րդ ժողովը գումարուեցաւ Մայիս 29-30, 2015-ին հիւրընկալութեամբ՝ Սէնթ Քաթրինզ (Օնթարիօ) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ, նախագահութեամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի:
Ուրբաթ, Մայիս 29-ին առաւօտեան տեղի ունեցաւ թեմի հոգեւորականաց համագումարը, եւ նոյն երեկոյեան ժամը 7.30-ին սկսաւ պատգամաւորական ժողովի առաջին նիստը, մասնակցութեամբ թեմի բոլոր եկեղեցիներու պատգամաւորներուն:

Ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ Պրն. Ճագ Ստեփանեան (Թորոնթոյէն), իսկ համաատենադպիրներ՝ Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեան եւ Տիկ. Տիանա Պօղոսեան (Թորոնթոյէն- հայերէն) եւ Տիկ. Ակնէս Պօղոսեան (Համիլթընէն – անգլերէն), խորհրդարանական (Parliamentarian) նշանակուեցաւ Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեան (Մոնթրէալէն): Գնահատանքի Յանձնախումբի անդամներ նշանակուեցան Պրնք. Անդրանիկ Չիլինկիրեան եւ Մատաթ Բ. Մամուրեան (Թորոնթոյէն):

Badgamavor 2
Թեմի հոգեւորականաց դասը, ձախէն՝ Տ. Տաթեւ Քհնյ. Մելենկիչեան, Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան, Տ. Բարսեղ Քհնյ. Վանլեան, Տ. Գեղարդ Ա. Քհնյ. Կարապետեան, Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան, Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան:

Հիւրընկալ ծուխի անունով բարի գալուստի եւ յաջողութեան խօսքերով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն. Յարութիւն Մինոյեան: Ժողովականները յոտնկայս ունկնդրեցին Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան եւ բարեմաղթանքի խօսքերը, որ ընթերցեց Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան: Ժողովի յաջողութեան եւ մաղթանքի գիրեր ուղարկած էին նաեւ Գանատայի վարչապետ՝ Սթիվըն Հարփըր եւ Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ( The Canadian Council of Churches) ընդհանուր քարտուղարուհի Դոկտ. Գարէն Համիլթըն: Տիկնանց կեդրոնական վարչութեան Ատենապետուհի Տիկ. Տիանա Պօղոսեան ներկայացուց իր գլխաւորած մարմնի տեղեկագիրը: Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան ներկայացուց «Արարատ» ճամբարի տեղեկագիրը. Տիկ. Մարգարիտ Ղազարեան, Ատենապետուհի Մոնթրէալի Հայաստանի ծնողազուրկ երեխաներու (CFFA) մարմնի, տուաւ լուսաբանութիւններ վերջին շրջանի տարուած աշխատանքներուն: Հոգեւորաց ժողովի տեղեկագիրը ներկայացուց Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան: Նկատի առնուեցան նաեւ Առաջնորդարանի հիմնադրամի եւ կատարողական արուեստի (CAAPA) տեղեկագիրները, որոնք նախապէս գրքոյկի մէջ ամփոփուած եւ ուղարկուած էին պատգամաւորներուն: Ժողովի Ա. Նիստը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր պահպանիչով:

Badgamavor 3
Պատգմ. Ժողովի դիւանը, ձախէն՝ Ակնէս Պօղոսեան, Ճագ Ստեփանեան, Առաջնորդ Աբգար Եպս. Յովակիմեան, Տիանա Պօղոսեան:

Պատգամաւորական ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մայիս 30-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ: Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան ներկայացուց իր տեղեկագիրը, գոհունակութիւն յայտնելով, որ միասնաբար հաւաքուած ենք տարեկան պատգամաւորական ժողովին, վերլուծելու եւ հաշուետուութիւն կատարելու, նաեւ ներկայացնելու առաջարկներ թեմական մեր կառոյցի զարգացման ու ծաւալման հեռանկարով: Սրբազան Հայրը ըսաւ՝ «Անցնող ժամանակահատուածին մեր մուտքը տեղի ունեցաւ բաւական դժուար պայմաններով: Սակայն կարելի եղաւ իրապաշտ ու տրամաբանական միջոցներ գործադրելով փորձել հարթել ճանապարհներն ու հասնիլ որոշակի հանգուցալուծումներու: Յառաջիկայ տարին մենք կը հռչակենք «Վերածնունդի եւ փոփոխութեան տարի», մեր առաքելութիւնը նոր հանգրուաններու հասցնելու մղումով եւ նպատակով»: Սրբազան հայրը գնահատեց եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց թեմական խորհուրդի նախկին եւ ներկայ անդամներուն, նախկին եւ ներկայիս ատենապետներու՝ Պրն. Մկրտիչ Գանոնճեանի եւ Տիկ. Աբէթ Ալբայի: Իրենց նուիրումին համար գնահատանք յայտնեց բոլոր Ծխական խորհուրդներու, պատգամաւորներու եւ յարակից մարմիններու, եւ ի վերջոյ գնահատանքի խօսք ուղղեց թեմիս հոգեւոր դասին, իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար ու ամբողջացնելով իր խօսքերը, յայտնեց անսահման սէր ու յարգանք մեր սիրելի ժողովուրդին, որուն համար կ’ապրինք եւ կը գործենք: Թեմական խորհուրդի տեղեկագիրը ներկայացուց ատենապետուհի Տիկ. Աբէթ Ալբայ, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր, թեմական խորհուրդի նախկին Ատենապետ Պրն. Գանոնճեանին եւ իր գործակից անդամներուն, համերաշխ գործունէութեան համար: Ժողովը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետուհիի գործունէութեանց: Գանձապահ Պրն. Անդրանիկ Շիրինեան ներկայացուց նիւթական տեղեկագիրը եւ 2016-ի նախահաշիւը: Պրն. Ժիրայր Տոլար ընթերցեց հաշուեքննիչ յանձնախումբի տեղեկագիրը, իսկ գնահատանքի յանձնախումբի տեղեկագիրը ընթերցեց Պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեան: Բոլոր հաշուետուութիւնները գնահատանքով վաւերացուեցան: Յատուկ կարեւորութեամբ մանրամասնեալ տեղեկագիր մը ներկայացուց Աւանդապահ Մարմնի ատենապետ՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, որ անդրադարձ մը կատարեց Լավալի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շինութեան ծրագրին հետ կապուած բարդութիւններուն եւ գոհունակութեամբ եզրակացուց թէ տագնապային վիճակը անցած է, թէեւ շօշափելի նիւթական վնաս մը տեղի ունեցած է. Լավալի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւը, Ծխական Խորհուրդը եւ Շինութեան Յանձնախումբը արդէն իսկ լծուած են համերաշխ եւ շինիչ գործունէութեամբ վերակենդանացնելու նոր եկեղեցւոյ հաստատութեան ծրագիրը:

Badgamavor 4
Մոնթրէալէն մասնակիցներու մէկ մասը, ձախէն՝ Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան, Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան, Տոքթ. Հրայր Տէր Գէորգեան, Հիլտա Թուրշուճու, Արա Պալեան:

Ճաշի դադարէն ետք գումարուեցաւ երրորդ նիստը կ. ե. Ժամը 2:00-ին: Տեղի ունեցան թեմական խորհուրդին, թեմի կալուածաց աւանդապահ մարմնի, հաշուեքննիչ եւ ընտրողական յանձնախումբերու ընտրութիւնները:
Թեմական խորհուրդի անդամներ ընտրուեցան Տիկ. Աբէթ Ալբայ (վերընտրուած) եւ Պրն. Ժագ Սէրայտարեան, Արամ Իշնար (անձնափոխանորդ): Հոգեւորականներէն վերընտրուեցան Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան եւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան, կալուածոց մարմնի անդամ ընտրուեցաւ Պրն. Բարսեղ Գասարճեան, իսկ հաշուեքննիչ յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան Տիկ. Ռաքէլ Տօրամաճեան, Պրն. Ժիրայր Տոլար եւ Պրն. Ռիչարտ Եղիայեան: Ընտրողական յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցան Տօքթ. Յարութիւն Արզումանեան, Տօքթ. Հրայր Տէր Գէորգեան եւ Պրն. Մատաթ Մամուրեան:
Որոշուեցաւ պատգամաւորական 33-րդ ժողովը գումարել Լավալի Ս. Խաչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ համայնքի հիւրընկալութեամբ՝ Մայիս 27-28, 2016-ի շաբաթավերջին: Սրբազան հայրը իր փակման խօսքին մէջ շնորհաւորեց օրուայ դիւանի Ատենապետ Պրն. Ժագ Ստեփանեանը, Ատենադպիրները՝ Տիկ. Ակնէս Պօղոսեանը, Տիկ. Տիանա Պօղոսեանը եւ Պրն. Անդրանիկ Չիլինկիրեանը, ինչպէս նաեւ ներկայ պատգամաւորները, հիւրընկալող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ (Սէնթ Քաթրինզ) Ծխական խորհուրդի ու Տիկնանց յանձնախումբի անդամ-անդամուհիները:
Պատգամաւորական 32-րդ ժողովը վերջ գտաւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Առաջնորդ Սրբազան հօր պահպանիչով:
Շաբաթ Մայիս 30-ի երեկոյեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Պապայեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ ճաշկերոյթն ու հանդիսութիւնը, խանդավառ ու զուարթ մթնոլորտի մը մէջ: