Գանատայի մօտ Հ Հ դեսպան Արմէն Եգանեան հանդիպեցաւ խորհրդարանի մարդկային իրաւանց ներկայացուցիչին հետ

Ապրիլի 21-ին Գանատայի ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Գանատայի խորհրդարանի արդարադատութեան և մարդկային իրաւանց մշտական յանձնաժողովի նախագահ Էնթոնի Հաուսֆատըրի հետ:

Հանդիպման սկիզբը, երկու կողմերը անդրադարձան ապրիլի 23-ին Երևանի մէջ կայանալիք «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկրորդ գլոբալ ֆորումին` ընդգծելով այն հանգամանքի կարևորութիւնը, որ Երևանի մէջ կայանալիք միջոցառումներուն Գանատայի կառավարութիւնը պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի` յանձին խորհրդարանի անդամ Բրայան Մէյի գլխաւորած պատուիրակութեան:

Հանդիպման ընթացքին, դեսպան Եգանեանը պարոն Հաուսֆատըրի մանրամասն կերպով ներկայացուց  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ սկիզբ առած վերջին իրադարձութիւնները: Կողմերը համաձայնեցան, որ հարկաւոր է հանդէս գալ յստակ վերաբերմունքով` հասցէական կոչերով դատապարտելով ռազմական գործողութիւնները նախաձեռնողին: Պարոն Եգանեանն եւ Հաուսֆատըր խստօրէն քննադատեցին Ղարաբաղի վերջին բախումներու ընթացքին անթոյլատրելի զինատեսակներու կիրառումը,եւ մարդկային անձերու խոշտանգումը