Լ. Ղարաբաղի հակամարտութեան նուիրուած դասախօսութիւն Օթթաուայի համալսարանին մէջ

Հինգշաբթի՝ 29 Սեպտեմբեր 2016-ին, Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սասուն Յովհաննիսեան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նուիրուած դասախօսութիւն  կարդացած է Օթթաուայի համալսարանին մէջ:

Դասախօսութեան ընթացքին հայ դիւանագէտը խօսած է հակամարտութեան պատմութեան, խնդիրի կարգաւորման ներկայ զարգացումներուն մասին: Սասուն Յովհաննիսեան ներկայացուցած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, որոնք Ատրպէյճանը ամէն գինով կը փորձէ ձախողեցնել:

Դասախօսութեան աւարտին Սասուն Յովհաննիսեան պատասխանած է գանատացի ուսանողներու տարաբնոյթ հարցերուն: