Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութեան (ACYOC) աւանդական Ծաղկազարդի Ճաշկերոյթ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի Մարտ 20, 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ:
Խուռներամ բազմութիւնը բոլորուեցաւ Ծաղկազարդի օրուայ առթիւ գեղեցկօրէն յարդարուած սեղաններուն շուրջ: Յատուկ սեղանի շուրջ տեղ գրաւած էին եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. եւ երեցկին Նայիրա Զարգարեան, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Օհան եւ Տիկին Անիթա Օհաննէսեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի Տիկ. Աբէթ եւ ամուսինը Տիար Արա Ալբայ եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներ, ներկայ էին նաեւ Սուրիայէն գաղթած Թորոնթոյաբնակ ընտանիքներ:
Տէր Զարեհ Աւագ Քահանայի սեղանի օրհնութեամբ սկսաւ ճաշերու սպասարկութիւնը երիտասարդացի անդամ-անդամուհիներու կողմէ: Օրուայ հանդիսավար՝ երիտասարդացի գործունեայ անդամներէն Պարոն Տիրան Բարնակօղլու հանդէս եկաւ բացման խօսքով եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերած էին սոյն ձեռնարկը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան, Օրդ. Ն. Հախվերտեան որ դաշնակի վրայ նուագեց դասական կտոր մը: Մեներգով ելոյթ ունեցաւ Սուրիայէն գաղթած Բարշ. Կարապետ Սրկ. Գարակիւլեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ իր զաւկին Վարդանի:
Հանդիսութեան աւարտին Տէր Զարեհ Աւագ Քահանան շնորհաւորեց երիտասարդի անդամ-անդամուհիները որոնք իրենց դրական աջակցութիւնը բերած էին ձեռնարկի պատրաստութեան եւ յաջողութեան գնացքին, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ գեղարուեստական յայտագրի մաս կազմողներուն:
Տէր Հօր արտասանած «Պահպանիչ» ով վերջ գտաւ սոյն յաջող ճաշկերոյթ հանդիսութիւնը: