«Հայկական Սփիւռքն ու իր Ապագան-Ախտաճանաչում մը» Շահեկան դասախօսութիւն

Մատաթ Բ. Մամուրեան

Միսիսոկայի Ս. Վարդան Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ «Օգնող ձեռքեր» յանձնախումբը, Կիրակի 11 Սեպտեմբեր 2016-ին յաւարտ Սուրբ Պատարագի, կէսօրէ ետք ժամը 3.00-ին St. Cuthbert’s Անկլիքան եկեղեցւոյ (Օքվիլ) մէջ, կազմակերպած էր դասախօսութիւն մը, հրաւիրելով Մոնթրէալէն ծանօթ մտաւորական պրն. Վիգէն Ադդարեանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, օրուայ հանդիսավար եւ յանձնախումբի անդամներէն տիկ. Լուսի Համպոյեան, ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ու ապա ներկայացուց օրուայ բանախօսը, տալով կենսագրական գիծերը:

Պրն. Վիգէն Ադդարեան, նիւթ ընտրած էր «Հայկական Սփիւռքն ու իր Ապագան-Ախտաճանաչում մը», ան իր խօսքերուն մէջ ըսաւ. «… հայ լեզուն հոգեվարքի մէջ է, սաստեց ներկաներուն, որ անհրաժեշտ է որ մենք մեզի հայելիին մէջ նայինք անդրադառնալու համար, եւ գործի անցնինք այսօրուընէ սկսեալ, միասնաբար աշխատելով թերեւս կարելի ըլլայ գոյութիւննիս շարունակել: Տխուր իրողութիւն մըն է արտագաղթը, որ տեղի կունենայ Հայաստանէն դէպի հեռաւոր օտար երկիրներ…» արտայայտուեցաւ նաեւ կարգ մը մտահոգութիւններու մասին, խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն:

Բանախօսի խօսքերը ներկայ հասարակութեան կողմէ ջերմ ծափահարութիւններու արժանացաւ:

Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Միւռոն քհնյ. Սարգիսեան, իր փակման խօսքին մէջ, շնորհաւորեց եկեղեցւոյ «Օգնող ձեռքեր» յանձնախումբը, օրուայ բանախօս պրն. Վիգէն Ադդարեանը, եւ նուիրեց Արամ Աճէմեանի «The call from Armenia, Canadian response to the Armenian Genocide» գրքոյկը:

Հանդիսութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թեթեւ ճաշի սպասարկութիւն, ուր ներկաները մօտէն ծանօթանալու առիթը ունեցան պրն. Վիգէնի հետ, եւ հարցումներ հարցուցին, սոյն ձեռնարկը վերջ գտաւ Տ. Միւռոն քահանայի պահպանիչով եւ «Տէրունական» աղօթքով:


Notice: Undefined variable: post in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871

Notice: Trying to get property 'ID' of non-object in /hermes/walnacweb07/walnacweb07ah/b1259/moo.abakanescom/wp-content/themes/Newspaper/includes/wp_booster/td_module_single_base.php on line 871