Կիրակի՝ 27 Հոկտեմբեր 2024-ին, առաւօտեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ Գիւտ Ս. Խաչի տօնին առթիւ. Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հիւրաբար ժամանած, Աստուածաբանական համալսարանի դեկան (Dean), Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Ժամկոչեան, առընթերակայութեամբ թեմի փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեան եւ Համիլթընի Ս. Մարիամ Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Մանուկեան:
Ս. Պատարագը կը հովուապետէր Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, արարողութեան ներկայ էին նաեւ Թեմական Խորհուրդի պատուոյ Ատենապետ՝ Դոկտ. Արշաւիր եւ Տիկ. Նատիա Կէօնճեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Մկրտիչ Գանոնճեան, Թեմական Խորհուրդի նախկին Ատենապետներէն Տէր եւ Տիկ. Օհան եւ Անիթա Օհաննէսեան եւ 40-ամեակի հանդիսութեան նախագահ Տէր եւ Տիկ. Արտէն եւ Քրիստին Տէրվիշեան:
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն բերուած ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նորաօծ օրհնուած Սրբալոյս միւռոնով օրհնութեան արարողութիւնը կատարեցին, Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Սրբազան, պատարագիչ Գերշ. Տ. Անուշաւան Սրբազան, մասնակցութեամբ. Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քահանայի եւ Արժ. Տ. Հրանդ Քահանայ հայրերուն:
Միւռոնով օրհնուած ջուրը բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն:
Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ «Վաչէ Յովսէփեան» սրահին մէջ պատրաստութեամբ Տիկնանց Միութեան տեղի ունեցաւ թեթեւ ճաշի հիւրասիրութիւն: