ՍՈՓՐԱՆՕ ԼԻՆ ԱՆՈՅՇ ԻՇՆԱՐ ԿՂԷՈՊԱՏՐԱՅԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԵՐՈՎ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑԱՒ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

Քաղաքիս շնորհալի եւ օժտեալ երիտասարդուհիներէն սոփրանօ Լին Անոյշ Իշնարի մասին զանազան ձեռնարկներու առիթներով արտայայտուած ենք այս սիւնակներուն մէջ։ Ինք քանիցս մեր համայնքէն ներս հայ եւ օտար դասական երգերով ու արիաներով իր մասնակցութիւնը բերած եւ բոլորին անվերապահ գնահատանքին արժանացած էր։

Օր. Իշնար շրջանաւարտ եղած է Թորոնթոյի համալսարանէն երաժշտութեան եւ նաեւ ուսուցչագործելու ճիւղերէն ներս պսակաւոր աստիճանով։ Ան ուսում առած է նաեւ Ռոյըլ երաժշտանոցի երիտասարդ արուեստագէտներու ծրագրին մէջ, աւարտելով « the songfest art song » յայտագիրը Լոս Անճէլըսի մէջ։ Ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ գանատական ձայնային արուեստներու կազմակերպութեան ծրագրին։

Մեր սիրելի երգչուհին 3 Օգոստոս 2016 Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին Թորոնթոյի համալսարանի «Ռապըրթ Կիլ» թատերասրահին մէջ հանդէս եկաւ՝ Ճորճ Ֆրէտէրիք Հենտլի «Հուլիոս Սեզար» օփերային մէջ մարմնաւորելով Կղէոպատրայի գլխաւոր ու դժուարին դերը։

Հենտլ ծնած է 1685 ին Քերմանիոյ մէջ, ապա ան դարձած բրիտանական պարոք երգահան եւ յօրինող։

Կղէոպատրա ծնած է նախքան Քրիստոս 69 թուականին Եգիպտոսի մայրաքաղաք Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Շնորհիւ իր հօր ջանքերուն ան լաւ դաստիարակուած, հիանալի կրթութիւն ստացած է, կատարելապէս կը տիրապետէր հմայելու արուեստին, իր մայրենի լեզուն եղած է յունարէն, կը տիրապետէր նաեւ բազմաթիւ այլ լեզուներու։ Ան դաժան, եսասէր, չար բայց միժամանակ գեղեցիկ, կրքոտ եւ համբերատար եղած, երկար տարիներ յաջողութեամբ կառավարած է Եգիպտոսը, որուն եղած էր արժանի թագուհին։ Կղէոպատրան մահացած է 38 տարեկանին անձնասպանութեամբ։

(Lean Anoush)Լին Իշնար զանազան օփերաներու մէջ դերեր ստանձնած էր, բայց այս անգամ բեմ կը բարձրանար շատ կարեւոր օփերայի մը մէջ, նոյնպէս կարեւոր դերով մը, մասնաւորաբար խաղին երկրորդ մասին մէջ կրցաւ իր բիւրեղեայ ձայնով ու անսայթաք մեկնաբանութիւններով, ինչպէս նաեւ բեմին վրայ հանգիստ խաղարկութեամբ ու դերակատարութեամբ գեղեցկօրէն մարմնաւորել Կղէոպատրան իր բոլոր երեսակներով։

Սրահը գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուն էր օտար երաժշտասէրներու կողմէ։ Աւարտին բոլոր արուեստագէտները արժանացան ներկաներու յոտնկայս ջերմ գնահատանքին ու ծափահարութիւններուն։ Նոյն յայտագիրը նոյնութեամբ կրկնուեցաւ նաեւ այս Ուրբաթ երեկոյեան։