Օթթաուայի Հայ Համայնքը  «Հարցազրոյց՝ Պրն. Ժան-Ֆիլիփ Թաշճեանի Հետ»

Նկարին մէջ ձախէն աջ՝ Ծխական խորհուրդի գանձապահ Ժան-Ֆիլիպ Թաշճեան եւ ատենապետ Յակոբ Տոքմաջեան կը ստորագրեն գործարքը կնքելու եւ շէնքը Օթթաուայի քաղաքապետարանէն գնելու վերջնական փաստաթուղթերը, որոնց ականատեսն է ծրագրի գլխաւոր բարերար Տիար Կարօ Տօնոյեան:

Գեղեցիկ է Օթթաուան՝ իր խաղաղութեամբ, իր հանդարտ այլ ջերմ բնակիչներով, թերեւս իր մայրաքաղաքի հանգամանքով. այս բոլորին վրայ ակնփախ կ’աւելնայ հայ համայնքի անսպասելի ու աներկբայ ներկայութիւնը:

Եւ անարդար պիտի ըլլար, եթէ «ԱՊԱԳԱՅ»ն պատեհ առիթը չ’ստեղծէր երեւան հանելու այդ համայնքային գեղեցկութիւնը, անոր դանդաղ սակայն յարատեւ զարգացումը, որ ուրոյն մաս կը կազմէ ոչ միայն գանատահայ այլեւ համայն սփիւռքահայ դիմագիծին:

Իսկ աւելի անարդար պիտի ըլլար եթէ լռութեամբ անցնէր այդ գեղեցկութեան ետին համեստօրէն՝ 40 տարիներու այդ լուրջ աշխատանքին առանցքը, որ կ’երազէ, կ’ուսումնասիրէ կը մշակէ եւ… վերջապէս կ’իրագործէ’… եւ կրկին կ’երազէ, կ’ուսումնասիրէ, կը մշակէ դարձեալ իրագործելու համար:

Մեթր Ժան-Ֆիլիփ Թաշճեանը… կամ մեզի բոլորիս ծանօթ խոնարհ Ժան-Ֆիլիփը:

Հեռախօսային հաղորդակցութեամբ կապուեցանք Ժան-Ֆիլիփի հետ: Տրամադրեց իր սուղ ժամանակէն եւ ունեցանք հետաքրքրական տեղեկութիւններ՝ իրենց ծանրագին մանրամասնութիւններով:

Փոխադարձ շնորհակալական ու յարգանքի ջերմ արտայայտութիւններէ ետք՝

 

Հարց.- Յարգելի մեթր Ժան-Ֆիլիփ Թաշճեան…

Պատ.- (մեղմօրէն միջամտելով) միայն Ժան-Ֆիլիփ եթէ կարելի է:

 

Հարց.- Ուրեմն  Ժան-Ֆիլիփ. ըլլալով Օթթաուա գաղութի, երկար տարիներու գործունեայ պատասխանատուներէն, արդեօ՞ք կրնայիք նկարագրել հայ համայնքային կեանքը:

            Պատ.- Սկսինք եկեղեցական պատահարներէն: Ինծի համար զարմանալի երեւոյթ մըն էր, որ Օթթաուայի մէջ եկեղեցի չենք ունեցած:

Շատ անգամ կ’իմանայինք, ծախու եկեղեցիի մը մասին, սակայն մինչեւ որոշումի մը յանգիլը արդէն ծախուած կ’ըլլար:

2019-ին անսպասելիօրէն շէնք մը վեց acres տարածութեան վրայ ծախու դրուեցաւ: Հանրային պարտէզ (park) մըն էր, որ Օթթաուայի քաղաքապետարանին կը պատկանէր: Օրէնսդրական ձեւակերպութեան պէտք էր հետեւիլ՝ երկու գործողութիւններու քայլերով: Պահանջուած գինը $148,000 էր: Մրցակիցներ ունէինք եւ սահմանուած ժամանակ: Ներկայացուցինք գնման սկզբնական առաջարկը՝ (offer to purchase) պահանջուած ամբողջական գումարը՝ որպէս առաջին քայլ: Յաջորդ քայլին՝ մնացած էինք աւելի նուազ մրցակիցներու հետ: Մեր մտահոգութիւնն ու սիրտ-հատնուքը սպառիչ էր: Թեմականի, կալուածոց յանձնախումբի եւ Գանատահայոց Թեմին հետ հաղորդակցելէ յետոյ՝ մեր վերջին խօսք-առաջարկը եղաւ 351.000 $:

Արդար է այստեղ, հպարտութեամբ յիշել, որ բարերար Կարօ Տօնոյեանի խոստումը մեծ քաջալերանք մը եղաւ: Իր նիւթական օժանդակութիւնը բարձրացած էր $200.000-ի:

Շարունակեցինք դրամահաւաքը. խանդավառութիւնը շատ բարձր էր: Ներկայ էին Առաջնորդ տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանը, Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանը:

Բարերարուհի տիկ. Էլիզապէթ Աճէլէեանն ալ օժանդակեց $50.000-ով. ես ալ իմ համեստ մասնակցութիւնս բերի: Հայաստանեայց Առաքելական սրբատեղի մը ունենալու հրամայականը Օթթաուահայ ամէն մէկուն համար առաջադրութիւն մը եղաւ, եւ զարմանալի չէր. այդ դրամահաւաքի նպատակին հասնելու համար հաւաքական աշխատանք մը յառաջացաւ: Փոխանցիկ աշխուժութեամբ եւ վարագիչ տարողութեամբ համայնքը առանց տատամսումի ու առանց վարանումի տրամադրեց իր լուման: Գումարը ամբողջացաւ առանց կալուածագրաւի (mortgage free):

Վերջապէս 30, Օգոստոս 2019-ին, անհուն ուրախութեամբ, Օթթաուայի հայ համայնքը իրականացուցած էր տարիներու իր երազը՝ տէրը դառնալով հայկական կեդրոն-եկեղեցիի մը:

Սակայն տակաւին շատ գործ կար կատարելիք: Տարածքին վրայի շէնքը անմիջական նորոգութեան կը կարօտէր: Համաճարակը վրայ հասաւ եւ նորոգութիւնները դանդաղեցան:

Երկար յապաղումէ եւ տքնաջան աշխատանքէ ետք 22 Օգոստոս 2021-ին Ս. Աստուածածնայ տօնին առիթով, առաջնորդ Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեան փառաւոր եւ մեծ շուքով կատարեց անդրանիկ պատարագը:

 

Հարց.- Նախքան այժմու շէնքին  ու տարածքին գնումը ո՞ւր տեղի կ’ունենար հոգեւոր արարողութիւնները:

Պատ.- Առաջին անգամ Աշիքեան ընտանիքը փափաքեցաւ իր զաւակին կնունքը կատարել Օթթաուայի մէջ. եւ առաջին անգամ ըլլալով առաջնորդ սրբազան հայրը եկաւ Մոնթրէալէն՝ այդ պատճառաւ:

40 տարիներէ ի վեր վարձած էինք St. Marks Anglican Church եկեղեցին: Պատարագ, կնունք կամ ամուսնութիւն հոն կը կատարուէին:

Հոկտ. 1978-ին էր, Թարգմանչաց  Տօնին առթիւ, եկեղեցին անուանուեցաւ՝ Ս. Մեսրոպ, որմէ յետոյ յանձնախումբի մը կարգադրութեամբ, ամիսը մէկ կամ երկու, Մոնթրէալէն, հոգեւորական մը կու գար Օթթաուա, սարկաւագի մը ընկերակցութեամբ՝ պատարագելու: Ճիշդ է, թէ քանակով համեստ գաղութ մըն էր, սակայն կը զգայինք եկեղեցիի մը անմիջական անհրաժեշտութիւնը:

1996-ի կառավարական (օրինաւոր) մարդահամարին թիւը կը ներկայացնէր 1000 հայեր (Օթթաուա+Կաթինօ): 2021-ի վերջին մարդահամարին թիւը բարձրացած է 2000-ի: Շատ մը հայաստանցիներ, ինչպէս նաեւ պատերազմին պատճառաւ սուրիահայեր հոս հաստատուած են:

 

Հարց.- Օթթաուայի հայ համայնքի մշակութային  աշխատանքին մասին գաղափար մը կարելի է ունենալ:

            Պատ.- Հպարտութեամբ կրնանք արձանագրել, որ մենք ունինք 50-հոգիէ աւելի կազմուած պարախումբ մը, որ ելոյթներ կ’ունենայ: Ան ունի նաեւ իր պարուսոյցը:

 

Հարց.- Իսկ ի՞նչ է պարուսոյցին անունը.

            Պատ.- Տիկ. Աննա Պետրոսեան՝ կիրակնօրեայ մեր վարժարանին տնօրէնուհին. շատ կը սիրէր պարը: Ուզեց պարախումբ կազմել: Դժբախտաբար՝ համաճարակի ժամանակ դանդաղեցաւ: Հագուստներու չգոյութիւնը հարց մըն էր:  Այս առիթով կը փափաքիմ իմ շնորհակալութիւնը յայտնել Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ անոր վեհանձն ատենապետ պրն. Նուպար Պապիկեանի, որ մեզի նուիրեց միութեան տրամադրութեան տակ գտնուող մի քանի տասնեակ հայկական պարի զգեստներ, դիւրացնելով մեր գործը, եւ մեզ ազատելով մեծ ծախսէ մը:

Տիկ. Պետրոսեան շատ ուրախացաւ, եւ հիմա «Նորայգ» պարախումբը 2 տարիներէ ի վեր Թէքէեանի հագուստներով ելոյթներ կու տայ: Պարողները տարբեր տարիքներ ունին. մանուկները 5 տարեկանէն վեր, 13-15 տարեկան՝ պատանիներ եւ 16-էն վեր՝ մեծերը: Ունինք նաեւ եկեղեցւոյ չէզոք մշակութային կազմակերպութիւններ:

Կան նաեւ երկու ուսանողաց Միութիւններ, մին՝ University of Ottawa, երկրորդը՝ Carleton University: Երկուքն ալ համագործակցաբար իրարու հետ կ’աշխատին:

Մշակութային-ազգային գործունէութեանց առընթեր ունինք նաեւ «Արարատ» դպրոցը երկու դասարաններով, ուր արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն զոյգ լեզուները կը դասաւանդուին:

 

Հարց.- Նիւթական դասակարգային վիճակը ի՞նչպէս է – անձնական գործի տէր կամ վաճառականներ կա՞ն:

            Պատ.- Բնական է, որ ժամանակի կը կարօտի վերջերս ներգաղթողներուն համար. սակայն 2-րդ սերունդը (2-nd generation) արդէն սկսած է նոյնիսկ կառավարական պաշտօններու մէջ տեղաւորուիլ: Օթթաուա կարեւորագոյն կեդրոններէն կը նկատուի High tech-ի կամ ուսումնասիրութիւններու (research) մասնագիտութեանց մէջ:

 

Հարց.-  Հակառակ այս բոլոր իրագործումներուն, վստահաբար ունիք նաեւ մարտահրաւէրներ:

            Պատ.- Այո’, եւ բաւական լուրջ:

Հիմա ունինք մնայուն հոգեւոր մը, «բնակիչ» մը՝ Տէր Դաւիթ քհնյ. Մարգարեանը եւ առիթը պիտի ունենանք ամէն Կիրակի պատարագի արարողութիւններու կատարման, սակայն աւելի մեծ թիւով երգչախումբի պէտք պիտի ունենանք: Եկեղեցիին տեղը հեռու է, հանրային փոխադրութեան (Public transportation) միջոց առայժմ չկայ. կառավարութիւնը խոստումներ ունի այս առնչութեամբ: Սարկաւագի ներկայութիւնը շատ կարեւոր է. ունինք մէկ հատ՝ Յովիկ սրկ. Աշըգեան եւ Տէր Դաւիթը կը պատրաստէ երկրորդ մը: Այժմու խորանին ուղղութիւնը պէտք է փոխուի ըստ հայկական Առաքելական Եկեղեցւոյ ուղղութեան:

 

Հարց.- Կը տեսնենք, թէ դուք պրն. Թաշճեան, իբր ծխականի ատենապետ բաւական ծանրաբեռնուած էք այս բոլոր մարտահրաւէրներով, ինչ պիտի ըլլար Ձեր վերջին խօսքը ուղղուած ընդհանուր առմամբ՝ Օթթաուահայ գաղութին, մասնաւորաբար՝ երիտասարդութեան:

            Պատ.- Մեծ զոհողութեամբ իրականացուցինք այս երազը եւ փափաքեցանք այս կեդրոնը անուանել՝ «Հայ տուն», կեդրոն մը՝ որ տրամադրուի բոլորին անխտիր, կեդրոն մը՝ ուր հայ հոգեւոր ոգին, մշակոյթը եւ լեզուն, ըլլան նախապատուութիւն, ընտանիքներ ու երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ունենան իրենց ջերմ ու հայկական միջավայրը այս կեանքի բնական ու անբնական դժուարութիւններուն դէմ:

 

*    *    *

Այո’. գեղեցիկ է Օթթաուան իր ջերմ ու անապակ համայնքով, իր վերընձիւղուած ազգային շնորհալի դիմագիծով, բազմազան աշխոյժ գործունէութիւններով, երիտասարդներով, յանձնախումբերով, պարախումբով եւ մանաւանդ իր հին ու նոր «Սուրբ Մեսրոպ»եան խորանով:

Այո’, կա’ն այս բոլորը… սակայն…

Սակայն, մենք, երբեմն, երանի՜ պատեհ առիթներով, այցելէինք այդ Օթթաուան. վայելէինք Էջմիածնաբոյր տօնական տաղաւարները, զգայինք հայկական եւ աւանդական պարերու դոփիւնը, կամ հրաւիրէինք զանոնք մեր համոյթներուն. լսէինք մանուկներուն նոյնիսկ թզկլտուքը եւ վերադառնայինք այդ յիշատակներով:

Անո’նք ալ մերն են…:

Հեռախօսային հարցազրոյցը վարեց՝

Պերճ Գոգորեան