Արուեստագէտ Տէմսի Արզումանեանի ցուցահանդէսի բացումը

Ուրբաթ` 25 Հոկտեմբեր 2024-ին, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» սրահին մէջ երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ արուեստագէտ՝ Տէմսի Արզումանեանի գծապատկերներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Միութեան ղեկավարներէն՝ Տիար Արթօ Մանուկեան, ուր իր խօսքին մէջ նշեց նկարիչի միջազգային ներդրումը նկարազարդումներու, գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու եւ ծաղրանկարներու միջոցով (Մերձաւոր Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Հիւսիսային Ամերիկայէն), ապա ան հրաւիրեց արուեստագէտ՝  Տէմսի Արզումանեան, որպէսզի ան իր սրտի խօսքը ըսէ եւ ժապաւէնը հատելով ցուցահանդէսը բացուած համարէ:

Նկարիչը  նախ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք իրենց ներկայութեամբ կը քաջալերէին նմանօրինակ որակաւոր մշակութային արժէքներ, եւ ապա իր խօսքը ուղղեց մասնաւորաբար երիտասարդներուն որոնք ունին թաքուն ձիրքեր եւ սակայն չեն համարձակիր նմանօրինակ քայլեր առնելու ինքզինքնին յայտնելու: Այս ձիրքերուն պէտք ունի մոնթրէալահայ համայնքը… իսկ Թէքէեան Մշակութային Միութեան դռները մի’շտ բաց են քաջալերելու համար երիտասարդ ձիրքերը:

Մի քանի հակիրճ կերպով պատմեց իր աշխատանքներու մասին, ապա կտրեց ժապաւէնը, որմէ ետք ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ սկսան իրենց հայեացքը նետել ցուցադրուած պատկերներուն:

Ներկայացուած էին նկարազարդումներ, որոնց մեծ մասը նկարուած էր 1986 թուականէն սկսեալ:

Թէքէեանցիներն ու համակիրները մեծ հաճոյքով շրջեցան եւ առիթը ունեցան մօտէն զրուցելու արուեստագէտին հետ:

Նորանոր յաջողութեան մաղթանքներով կը շնորհաւորենք Պրն. Տէմսի Արզումանեան այս գեղեցիկ ցուցահանդէսին առթիւ:

«ԱՊԱԳԱՅ»