Հանդիսաւոր Նշում՝ «ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթի 48-րդ Տարեդարձի եւ Արամ Խաչատուրեան-ի Ծննդեան 120-Ամեակի Հանդիսութիւններու

Մոնթրէալ – Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Կեանքի մը ընթացքին շա՜տ ամեակներ կու գան ու անցեալ կը դառնան, իսկ ուրիշներ կը դառնան թէ’ ներկայ, թէ’ «ԱՊԱԳԱՅ»:

48 տարինե՜ր առաջ 15 Սեպտեմբեր 1975-ի գիշեր մը ծնունդ առաւ Գանատայի առաջին հայկական շաբաթաթերթը՝ «ԱՊԱԳԱՅ»ն:

Եւ այսօր Նոյեմբեր 4, 2023-ի երեկոյեան, տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Կեդրոնի Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան սրահէն ներս, կրկնակի խնջոյք, ուրախութիւն ու հպարտանք մը՝ ազգային ու միջազգային երգահան Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին առթիւ:

Ինչպիսի զուգադիպութիւն. պատմական զոյգ տարեդարձներ, որոնք տեղի կ’ունենային օրհնութեամբ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանի բարեխնամ Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի, եւ հովանաւորութեամբ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վսեմաշուք Տիկին Անահիտ  Յարութիւնեանի,  ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ՝ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ հիւպատոս Մեծայարգ Տիար Լեւոն Աֆէեանի, Ս. Խաչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեանի. նաեւ իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Քէպէքի Խորհրդարանի անդամ Ազնուափայլ Տիկ. Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Լաւալի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Ազնուափայլ Տիկ. Սեդա Թօփուզեան եւ Մոնթրէալի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Ազնուափայլ Տիկ. Վանա Նազարեան:

Անգամ մը եւս գեղարուեստասէր հանդիսատեսը խուռներամ եկած էր Թէքէեանի կեդրոնը մշակութային պապակը յագեցնելու համար:

Ակնբախ էր բծախնդրօրէն յարդարուած սրահին գեղեցկութիւնը ձեռամբ վաստակաշատ եւ բոլորիս ծանօթ Տիկ. Աստղիկ Եազճեանի:

Երեկոն սկսաւ Տիկ. Սալբի Հալաճեան-Մարկոսեանի բացման խօսքով:

Ան լուսարձակի տակ դրաւ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Վարչութեան տարած ղեկավարի դերը, մասնաւորաբար՝ «օգնութիւն փութալով պապենական Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն»: Տիկ. Մարկոսեան, համոզումով արտայայտած իր խօսքերով, գէթ վայրկեանի մը համար, մեզ առաջնորդեց այսօրուայ մութ թուացող ապագայէն դէպի յոյսի հորիզոնները. ապա ան հրաւիրեց Պրն. Աւետիս Պագգալեանը, որ այս առթիւ ներկաներուն փոխանցէ իր սրտի խօսքը:

«ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ Պրն. Աւետիս Պագգալեանի խօսքերը յստակ պատգամ մըն էր, կարծես բխած համայն սփիւռքի սրտէն, անհատական ուժը ուղղելով հաւաքական աշխատանքի, ուր եկեղեցիի, դպրոցի ու մամուլի երրորդութեամբ կարելի էր շարունակել պայքարը անխուսափելի ու անստոյգ ապագայի դէմ: Ան շեշտը դրաւ ազգային ինքնութեան վրայ, որ կրնայ խթանել մեր ազգի զաւակներու միջեւ միասնութեան եւ համերաշխութեան զգացումը, խթանելով նաեւ ընկերային համախմբուածութիւնը եւ հաւաքական գործունէութիւնը: Ան երբեւիցէ  շատ աւելի կարեւոր նկատեց, որ իւրաքանչիւր հայ իմանայ եւ զգայ որ ինք այդ կարեւոր մասնիկն է այդ ամբողջութիւնէն որ կը կոչուի հայ: Պրն. Պագգալեան ինքնաճանաչողութիւնը շատ կարեւոր կը սեպէ իւրաքանչիւր հայու համար: Ան յորդորեց որ նայինք պատմութեան, ճանչնանք մեր անցեալը եւ փոխանցենք նոր սերունդին եւ իր պատգամը ամփոփեց ըսելով՝ որ հայութիւնը պէտք է ապրինք` մեր գործնական մասնակցութիւնը բերելով հայ կեանքէն ներս:

«ԱՊԱԳԱՅ»ի ներկայացուցիչ – թղթակից Պրն. Մատաթ Բ. Մամուրեանի (Թորոնթօ) սրտի խօսքի ընթերցումէն ետք, տեղի ունեցաւ այնքա՜ն ակնկալուած ու խնամքով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը:

Հայերէն, մանաւանդ ֆրանսերէն լեզուով մէջ ընդ մէջ կատարուած բացատրականները առիթ ընծայեցին, հոծ թիւով օտար ներկաներուն ծանօթացնել յայտագրին նուրբ երանգները:

Խօսնակներու միջամտութիւնները տուին տեղեկութիւններու կշռութաւոր յաջորդականութիւնը:

Այդ ծանօթութիւններուն պատասխանատու խօսնակները՝ Ցոլիկ Մուղալեան ու Շարիս Մալեանց, պատմականը ըրին Քէպէք Նահանգի հանրածանօթ «Ռաբսոտի»  լարային քառեակին եւ անոր նուաճումներուն մասին:

Քառեակի հիմնադիրն է բոլորիս ծանօթ՝ Տիկ. Նայիրի Փիլոյեանը:

Որպէս յայտագիրի նախաբան, մեծ ազդեցութիւն թողուց երբ ներկաները,  վայելեցին Յոբելեարի ձայնային տեսանիւթի ցուցադրութեամբ «Գարուն Երեւան» երգի ի’ր իսկ կատարումը, բծախնդրօրէն պատրաստուած ինչպէս նաեւ բոլոր ձայնային նրբութիւններու պատասխանատու Պրն. Սամ Չոլաքեանի կողմէ:

Ուրեմն խանդավառ ծափահարութիւններու մէջ մուտք գործեց «Ռաբսոտի» լարային քառեակը առաջնորդութեամբ՝ Նայիրի Փիլոյեանի (Ջութ եւ երաժշտական ղեկավար), ընկերակցութեամբ՝ Ame’lie Lamontagne-ի (Ա. Ջութակ), Ana Drobac-ի (Բ. Ջութակ) եւ  Caroline Richard-ի (Թաւ Ջութակ):

Քառեակը հերթաբար մեկնաբանեց Գայանէ Պալէէն Վարդագոյն աղջիկներու  պարը, Այշէի պարը, Լեզգինկան,  Օրօրը , ապա Դիմակահանդէս  շարքէն Նոկտիւրնը,

Մազուրկան, Վալսը, Սպարտակ պալէէն Սպարտակի եւ Ֆրիգիայի Ադաջիօն ու Առնօ Բաբաջանեանի Էլեգիան ձօնուած Խաչատուրեանի:

Ժամանակը հասած էր, ըմբոշխնելու հեղինակի ձայնային ստեղծագործութիւններէն փունջ մը կատարումներ:

Աննախընթաց երեւոյթ էր, որ Գանատայի տարածքին առաջին անգամ ըլլալով  Թէքէեանի բեմէն Սաշա Ճիհանեանի մեկնաբանութեամբ կը կատարուէր Խաչատուրեանի Օթելլօ շարժանկարի Դեզդեմոնայի ձայնային արտայայտութիւնը: 1958-ին տուեալ յօրինումը առաջին անգամ Երեւանի մէջ մեկնաբանած էր հայ ազգի միջազգային երգչուհի՝ Գոհար Գասպարեանը:

Յաճախ ունկնդրած ենք Սաշա Ճիհանեանէն տարբեր լեզուներով դասական կատարումներ, սակայն այդ օր, երգչուհին գերազանցեց ինքզինք: Առաջին անգամն էր, երբ ռուսերէն լեզուով հմտօրէն կատարեց Լերմոնդովի Նինայի ցայգերգը (serenade): Այստեղ կ’ուզենք անդրադառնալ, որ Սաշան այն հմուտ երգչուհիներէն է, որ հեշտօրէն հանդէս կու գայ 12 լեզուներով:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ բոլորիս սրտին խօսող Գարուն Երեւան ու Սեղանի երգերով ուր հանդիսատեսը ինք եւս շուրթերով մասնակից էր երգչուհիին: Հանդիսատեսին յոտնկայս բուռն ծափերուն ընդառաջելով քառեակը մեզ մեկնաբանեց Խաչատուրեանի սուրերու պարը:

Արդեօք կարելի՞ էր որակաւոր ու մշակութասէր հասարակութեան կողմէ բարձրօրէն գնահատուած երեկոյթի մը աւարտին հասնիլ, առանց ներկայացնելու օրուան գեղարուեստական ղեկավար Պրն. Սամուէլ Քէօշկէրեանը:

Ամիսներու տքնաջան աշխատանքի մը ծայրայեղ մտահոգութիւնները միաձուլուած պահանջուած համբերութեան, անոնց ուժգին հոսանքին դէմ յանդիման գտնուեցաւ Պրն. Քէօշկէրեան, ամէն օր, ամէն ժամ:

Ներքին ապրումներու եւ կազմակերպչական կարգապահութեան տիպար մը միա՜յն, կրնար գլուխ հանել 120-ամեակի տօնակատարութիւնը՝ Արամ Խաչատուրեանի մը նման, համաշխարհային տիտանի մը: Նմանօրինակ փորձ մը, նոյնիսկ, ոչ թէ մարտահրաւէր պիտի ըլլար այլ արկածախնդրութիւն:

Սակայն Պրն. Քէօշկէրեան, արկածախնդրութիւնը վերածեց մարտահրաւէրի, իսկ մարտահրաւէրը յաղթութեան:

«Երբ կը հասնիս որոշ տարիքի մը կ’անդրադառնաս, որ չես նուաճած նոյնիսկ կէսը՝ այն ինչ որ կը ցանկանայիր կատարել: Այսօր կրնամ ըսել՝ որ Թէքէեանը այդ կէսը փոխանցեց ինծի» …-ըսաւ ան: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Թ.Մ.Մ.-եան ատենապետ՝ Պրն. Նուպար Պապիկեանին, վարչութեան անդամներուն, կեդրոնիս պատկան մարմնի վարչութեան ՝ հովանաւորութեամբ մեծայարգ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանին, որոնք անվերապահօրէն իրեն վստահած են օրուայ հանդիսութեան գեղարուեստական ղեկավարի պատասխանատուութիւնը: Այս առթիւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Տիկ. Անահիտ Յարութիւնեանին, որուն հովանաւորութեան շնորհիւ՝ թէեւ մղոններ հեռու հայրենիքէն, «սակայն մենք եւս մեր ներդրումը ունեցանք Արամ Խաչատուրեանի 120-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններուն»: Պրն. Քէօշկէրեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով՝ «սիրելի հարազատներ, յառաջիկայ տարի դարձեալ ձեզ կը սպասենք միութեանս յարկէն ներս շքեղ հանդիսութեամբ տօնախմբելու թերթիս 49-րդ տարեդարձը»:

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան մասնակցելու խնամքով եւ մեծ ճաշակով  պատրաստուած հիւրասիրութեան, որուն համար յատուկ շնորհակալութիւն կ’ուզենք յայտնել պատրաստող ձեռքերուն եւ յատկապէս վարչական անդամներէն՝ Տէր եւ Տիկ. Ալին եւ Գէորգ Իրատեաններուն եւ իրենց ազնիւ մօր Տիկ. Էլիզապէթ Իրատեանին:

Ժամը հասած էր ուշ գիշեր, սակայն ներկաներէն մեծ թիւով մարդիկ, հաճելի մթնոլորտի մէջ, կը շարունակէին բաժնեկից դառնալ իրենց տպաւորութիւններուն եւ կը մաղթէին որ նմանօրինակ ձեռնարկները յաճախակի կերպով տեղի ունենան:

Ահաւասիկ աննախընթաց յաջողութիւն մը, որ կը զգենուր վառ ու կայտառ գոյներ, դասական երեկոյ մը, պատշաճ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի տարեդարձին, մանաւանդ Թէքէեան Մշակութային Միութեան առաքելութեան:

Երբեմն կ’ափսոսանք, որ կարգ մը տարեդարձներ կ’ողջունենք տարին միա’յն մէկ անգամ. սակայն մեզ կ’օրօրէ յաջորդ տարուայ յոյսը՝ վայելքի, գեղեցիկը ըմբոշխնելու եւ մանաւանդ անգամ մը եւս հպարտանալու ազգային կամ միութենական մեր արժէքներով:

 

ԹՂԹԱԿԻՑ