Երեքշաբթի՝ 15 Հոկտեմբեր 2024-ին, կէսօրէ ետք, «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագրատան մէջ հաճոյքը ունեցանք ընդունելու պերճախօս ու հետաքրքրական անձնաւորութիւն մը, որ իր այցաքարտին վրայ արձանագրուած էր DMin (Doctor of Ministry) իբրեւ տիտղոս:
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան:
Գրեթէ երկու ժամուայ տեւողութեան ջերմ ու բարեկամական խօսակցութեամբ տարուած չ’զգացինք ժամանակին սահիլը:
Խօսեցանք մոնթրէալահայ համայնքային կեանքին մասին, ունեցանք գաղափարներու փոխանակում: Եկած էր այցելելու հայկական ազգային հաստատութիւնները՝ վարժարան, եկեղեցի, խմբագրատուն:
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ծնած է Պէյրութ, Ան որպէս Ընդհանուր Քարտուղար կը գործէ միջազգային քրիստոնէական միջ եկեղեցական հրատարակչական կազմակերպութեան՝ Միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերութեան՝ Արաբական Ծոցի տարածաշրջանին, աւելի քան 44 տարիներէ ի վեր, որուն գլխաւոր նպատակն է թարգմանել, հրատարակել եւ տարածել Սուրբ Աստուածաշունչը: Կազմակերպութիւնը կը գործէ 200 տարբեր երկիրներու մէջ: Աշխարհագրօրէն 3-րդ հուժկու ընկերութիւնն է, որ տարածուած է, առաջինը՝ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը, յետոյ՝ Կարմիր Խաչը եւ ապա իրենք:
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան իր գործի բերումով հաստատուած է Քուէյթ: Հրապուրելի է, որ Քուէյթ ունի հայկական եկեղեցի եւ ամենօրեայ ազգային վարժարան՝ 300 աշակերտներով: Ճիշդ է թէ «Ծոց»ի երկիրներուն հոգեւոր կառուցուածքը տարբեր է, Քրիստոնէութիւնը աւելի սահմանափակ է. բայց աւետարանական բոլոր աշխատանքը կը դառնայ եկեղեցիին շուրջը: Այնտեղ կը դասաւանդուին՝ հայերէն լեզու, գրականութիւն, հոգեւոր դաստիարակութիւն, երգ եւ պար: Մէկ խօսքով՝ հայկական մշակոյթը վառ կը մնայ եւ լաւագոյն կերպով կը փոխանցուի իարարայաջորդ մեր սերունդներուն:
Դոկտ. Ճէպէճեան երբ կը խօսէր կազմակերպութեան գործունէութեան շուրջ շեշտելով ըսաւ. «Իսկ գալով մեր առաջնահերթ աշխատանքին՝ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնն ու տարածելն է»:
Մեր ջերմ զրոյցի ընթացքին, հակառակ ունեցած տարբեր ասպարէզներու գոյութեան, երկուստեք նոյն մտահոգութիւնները ունենալով անդրադարձանք՝ հայկական-գաղութային կամ սփիւռքային մարտահրաւէրներու մասին: Դոկտ. իր ունեցած լայն եւ յորդառատ տեղեկութիւններուն ան ըսաւ. «Սփիւռքը բազմագոյն է, անշուշտ առանց դիտելու յատուկ համայնքի մը տեսադաշտով, հոս կարեւոր է՝ թէ ինչպէս կրնանք միանալ մեր ազգային ինքնութեան մէջ: Դրականն այն է, որ Սփիւռքը շատ ուժեր ունի իսկ հայրենիքը պէտք է ամրացնէ իր կապերը Սփիւռքի հետ. այդ ուժերը պէտք է համադրել: Ամէն անհատ իր հետ կրնայ բերել իր մասնագիտութիւնը, իսկ միւս կողմէ հայաստանցիին մօտեցումը եւ հասկացողութիւնը լրիւ տարբեր է Սփիւռքի ազգապահպանման հասկացողութենէն: 44-օրուայ պատերազմէն ետք հայեցակէտերը փոխուած են: Մարդիկ կը շփոթեն վարչակարգին եւ հայրենիքին միջեւ»:
Ժամանակը կը յառաջանար, եւ Դոկտ. Ճէպէճեան չի մոռցաւ մեզի պատուելու իր նոր եւ երրորդ գիրքէն՝ «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, կամք եւ Յոյս» օրինակ մը մակագրելով եւ նուիրելով «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի գրադարանին:
Նորանոր սրտագին յաջողութիւն կը մաղթենք դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի իր հոգեւոր եւ ազգային առաքելութեան:
«ԱՊԱԳԱՅ»