ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ

Շաբաթ 23 Մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 17 պատգամաւորներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը Մոնթրէալ ժամանեց գլխաւորութեամբ Ժողովի Նախագահ Պրն. Գալուստ Սահակեանի: Նոյն օրը Նախագահ Սահակեան ընդունուեցաւ Մոնթրէալի քաղաքապետ Պրն. Տընի Քօտէրի կողմէ: Քաղաքապետարանին մէջ կայացած ընդունելութեան ներկայ էին Գանատայի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Տնօրէն Պրն. Վիքթըր Պիակով, ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Պրն. Արմէն Եգանեան, Քաղաքապետութեան Խորհուրդի Փոխ Նախագահ Պրն. Յարութ Շիթիլեան եւ Քաղաքապետութեան Խորհուրդի անդամ Տիկ. Մէրի Տէրոս:
Նախագահ Սահակեան ստորագրեց իր բարեմաղթութեան խօսքերը Քաղաքապետարանի տոմարին մէջ:

Նկար – ՀՀ Ազգային Ժողովի Նախագահ Գալուստ Սահակեան կը ստորագրէ Մոնթրէալի Քաղաքապետութեան տոմարին մէջ: Իր աջին՝ Քաղաքապետ Տընի Քօտէր, Յարութ Շիթիլեան եւ Մէրի Տէրոս, իսկ ձախին՝ ՀՀ Դեսպան Արմէն Եգանեան, Գանատայի Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Տնօրէն Վիքթըր Պիակով: