Պոլսահայ Հիմնարկի Հայ Մշակոյթի Բարեկամներ
Այսքան խնամուած յայտագիր, երաժշտօրէն օղակաւորուած հայկական փնջիկներ, նորաձեւ վերամշակումներ, բոլորը ունենալով նոյն ակն ու աղբիւրը, եւ մանաւանդ հիանալի կատարողութեամբ Համբիկ Ճապուրեան խանդավառեց մեր համայնքը Արամ Խաչատուրեան Սրահին մէջ 24 Մայիս 2015ին:
Տարիներ առաջ ճանչցանք զինքը Մքկիլ համալսարանի վերջին կարգի ուսանողներու հանդիսութեան ընթացքին ուր Համբիկ նուագեց Վէպէրի գլարինէթի գոնչերթօն: Ներկաները, մեծամասնութեամբ անգլիախօս գանատացի՝ միահամուռ յոտնկայս ծափահարեցին: Որոշ էր, Համբիկ կրնար օտար շրջանակներու մէջ բարձրանալ. սակայն ան նախընտրեց իր գործիքային տաղանդը նուիրել հայկական երաժշտութեան, իր երաժիշտ հօր յիշատակին:
Ըսինք նորաձեւ մշակումներ: Արդարեւ Համբիկ իր բազմաթիւ Երեւան այցելութիւններուն ընթացքին կը հաւաքէ Երեւանի երաժշտանոցներէն հայ յօրինողներու, օփերայի կամ գոնչեր թոներու գլանաշարի մասերը ոչ միայն փոքր թէ լայն համոյթներու (ensemble) այլ եւ նուագախումբի համար վերամշակումներ. այս անգամ հիանալի Վեցեակ մը (sextuor) ունկնդրեցինք: Չմոռնանք սակայն ամենակարեւորը. Համբիկին լայն կուրծքին մէջ կը բաբախէ ամենազգայուն սիրտը:
Յայտագիրը կ’սկսի Տիգրանեանի «Անուշ»ի նախաբանով որուն անմիջապէս կը յաջորդէ Խաչատուրեանի Մասքերատին մազիւրքան. ահա առաջին օղակը՝ մեծ Խաչատուրեան մը Տիգրանեանէն ազդուած: Նոյնպէս Անուշին «Աղջիկներուն Պարը» որուն կը յաջորդէ «Գայեանէ»ին պալէդը: Հոն է Մեծն Կոմիտասը, գլարինէթին վարի հնչամասը կ’սկսի Քէլեր Ցոլեր-ով: Միւս երաժիշտները ակնածանքով կը միանան մենակատարին՝ Համբիկին. Հայաստան աշխարհն ենք, խորհրդաւոր մթնոլորտ մը կայ, աղջիկը կ’երգէ սարերուն իր մէն մենաւոր շէկ տղուն: Հոս է մեր բիւրեղեայ պարզութիւնը:
«Գարուն ա»ին վայ լէ լէ լէ-ն, ոստոստող «Կաքաւիկ»ը ոչ ալ վիրաւոր «Լորիկ»ը կը փոխանակեմ եւրոպական nocturne –ի մը հետ մանաւանդ թաւշային գլարինէթի մը վրայ կատարուած բարձրաքնքոյշ երաժիշտի մը կողմէ՝ յանձին Համբիկ Ճապուրեանի: Հետաքրքրական էր նաեւ Կոմիտասի «Հոյ նազան»ը, կարելի է ըսել արդիական մշակում մը, Կոտոյանի «Սեւանի ձկնորսները», Կիւզէլեանի «Հայաստացիների երգը» եւ առաջին մասը վերջացնելու համար՝ Կոմիտասի բեկբեկուն «Վաղարշապատի Պար»ը:
Օղակը շարունակուեցաւ նախ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի «Էնզելի»ով որուն մասին իր յուշերուն մէջ Ա. Իսահակեան կը գրէ – «Սպենդիարեան մանկական թարմ զգայնութեամբ . . . ներդաշնակ ձայների անզուգական իշխանն է (1926)», որուն յաջորդեց Խաչատուրեանի Գայեանէ-էն պալէտներ եւ սքանչելի վալսը: Ռումանական, քրտական, պուլկարական պարի եղանակներ որոնց մէջն է Սպենդիարեանի թաթարական Հիճազը որ կը լրանայ Խաչատուրեանի Լեզկինքա-ով:
Սրահը թնդաց: Ծափահարութիւնները անվերջ էին: Բեմ ելաւ Մքկիլի ուսուցչապետ Բիթըր Ֆրիտման՝ Համբիկին ուսուցիչը իր բարձր գնահատանքի խօսքը արտայայտելու համար եւ աւելցուց – Համբիկ ամենադժուար կտորներ կը նուագէ, կարծես ինք չէ նուագողը: Իսկապէս Համբիկին մատներու արագութիւնը, ճկունութիւնը աննման է, գլարինէթը կը սուրայ, կը թռչի, կը թռուըտի, ինչպէս ցոյց տուաւ ան Ռիմսքի Քորսաքովի սարսափելիօրէն արագ Իշամեղու կտորին մէջ՝ ճանչցուած The bumble-bee անունով:
Վեցեակին առաջին ջութակահարը մեր Ռոպէր Մարգարեանն է, որուն վայելած ենք իր պատանեկան տարիներուն: Մնացեալ չորսը վկայեալ երիտասարդ երաժիշտներ են: Զարմանալի բան, հինգն ալ ծաղիկներ ստացան ու բեմէն իջան, մնաց օրուան մենակատար՝ երեւելի գլարինէթահար մեծապէս սիրուած ու ճանչցուած Հայաստանի մէջ՝ Համբիկ Ճապուրեան որ պայուսակէն երկու տուտուքներ հանելով ցաւի եւ ուրախութեան խառն զգացումներով արտայայտուեցաւ.
«Այս մակարդակով յայտագիր մը կազմակերպել դիւրին չէր, շնորհակալութիւն տիկինիս եւ զաւակներուս, որոնք միայն քաջալերանք ցոյց տուին: Նաեւ եղբօրս որ ամեն կերպով հովանաւորեց իմ աշխատանքս ի յիշատակ երաժիշտ հօրս: Եւ վերջապէս Պոլսահայ Մշ. Միութեան Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու ատենապետուհի Տիկին Գաթիա Սէթեանի:
Խանդավառ պրավօներ, ծափեր ու ապրիս ու պիս-եր վայրկեանական դադրեցան. բացարձակ լռութիւն մը պատեց չորս կողմ, անբացատրելիօրէն տխուր, խոր ու խորհրդաւոր, քանի որ ամէնքս ալ նոյնը կը մտածէինք, Կոմիտաս Վարդապետը:
Չէինք սխալած, Համբիկ յոգնած ճակատը սրբեց ու սկսաւ տուտուքով նուագել յաւերժահարս Շողեր Ճան :
Ընդունելութիւնը կատարեալ էր:
Ք.Տրդատեան Գույումճեան