… Դուն Բարբառի արարիչ, բանի իշխան,
Դուն անբառ տաւիղ տեւողութեան…
Դուն երկրո’րդ Աստուած
Եւ մտածման դուն առաջին արարիչ…:
(Սիամանթօ)
Հա՜յր Ղեւոնդ Ալիշան…:
Հրա’շք մը. հրաշալի՜ք մը՝ հայ մշակոյթին:
Տասնութերորդ մրրիկեան դարէն մինչեւ այսօր, քու փա՜ռքը՝ փառահեղ, քու հանճա՜րը՝ լուսաւոր ու քու հաւա՜տքը՝ շնորհալի, մեզի հասցուցին հո’ս, որ մենք՝ քու զաւակներդ, յիշենք ու երգենք քո’ւ ուժը՝ տեսլական, քու վերելքը’, մե’ր վերելքը՝ գրական:
Եւ այսօր՝ Մարտի 27-ին, Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կեդրոնին երդիքներուն տակ ըմբոշխնեցինք անցեալ, սակայն միշտ ներկա’յ 200 տարիներու վաստակիդ յիշատակը:
Ականատես եղանք իւրայատուկ երեկոյթի մը. կարծես մսուրի Tableau-ի մը: Ո’չ ծննդեան այլ իմացական մսուրի մը, ուր արուեստի հոյլ մը մոգեր՝ հաւաքուած գեղարուեստական Պատասխանատու ին շուրջ, իրենց հետ բերելով մտաւորական զմրուխտն ու յակինթը, յարգանքի տուրքը կը մատուցանէին:
Եւ ո՜վ էր այդ պատասխանատուն եթէ ոչ աւելի յարմար քան Սամուէլ Քէօշկէրեանը՝ կարծես մաշտոցեան Խորենացի մը, որ ծնկաչոք իր ալեհեր վարդապետին՝ Ալիշանի առաջ երկիւղածութեամբ, բարձր արուեստի մը մասունքը կը փոխանցէր մեզի՝ որ պէտք էր ըլլար պատմական, ճշգրիտ ու Ալիշանավայել:
Եւ եղաւ:
Տիկ. Սիլվա Պէքարեան՝ «Հրազդան» ի գողտրիկ բանաստեղծութիւնը համանուագօրէն ներդաշնակած էր ասմունքի իր շնորհներուն հետ:
«Ա՜յ Հրազդան, ա՜յ ջուրք հայրենի,
Ա՜յ ափունք, է՞ր կուլայք լըռիկ»:
Սակայն տխո՜ւր ու պանդուխտ Հրազդանը որ կարծես նոյն ինքն ալեհեր վարդապետն էր, վերջապէս ինքնասփոփ կը փղձկայ մաղթելով Հրազդանի՝
«Հետ անցնիս գնաս տո՜ւն այլ Հրազդան…
Անցի՜ր, գընա, ջրիկդ հայրենի,
Արտասուք հերիք են Բաբկենի»:
Շէյքսփիրեան թատրոններու մասնագէտ դերասան Edward Yankee բեմական յուզականութեամբ արտասանեց՝ «The Boy & The Brook» (Մանուկն ու ջուրը՝ թրգմ. Henry Longfellow):
Ապա, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ եւ մեկնաբանութեամբ` Սամուէլ Քէօշկէրեանի ըմբոշխնեցինք Maison Symphonic-ի թաւ ջութակահար «Joseph Hafner»-ը. «Արիա եւ պար»-ը կարծես աղօթք մըն էր, որ կը թռթռար թաւջութակի լարերուն տակ:
Աւետիք Իսահակեան կ’այցելէ Վենետիկ, Ս. Ղազար: Հոն կը մտնէ Հայր Ալիշանի խուցը… անշուք… «ամէն կողմ գիրք, մի պարզ անկողին՝ սնարին Աստուածամօր պատկերը, մի փոքր սեղանի վրայ մի ջրաման, կողքին մի բաժակ եւ ուրիշ ոչինչ». Իր յուշերուն մէջ այսպէս կը նկարագրէ Իսահակեան՝ պարզութիւնը այդ սուրբին:
«Ալիշանի յուշերը» որ ներկայացուեցաւ Տիկ. Մարօ Ճամպազեանի կողմէ. ամենայն լռութեամբ հետեւեցանք անոր ամէն մի շեշտին, առոգանութեան, հեւքին: Բառերն մարգարիտներ էին կարծես որ կը ծորէին իր շրթներէն:
Հուսկ ուրեմն օրուան բանախօս եւ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին խմբագիր՝ Պրն. Աւետիս Պագգալեան մեզի հրամցուց «Յոբելեարն ու անոր գրական արժէքը» :
Բծախնդրօրէն կենսագրականը ներկայացնելէ ետք, յարգելի Բանախօսին կեդրոնացումը եղաւ Հայր Ալիշանի արտակարգ կամքի ու աշխատունակութեան ցայտուն երեւոյթը, երբ կէս դարէ աւելի յարատեւ ջանասիրութեամբ ան հակած է մեր ձեռագիրներուն եւ անցեալի յիշատակարաններուն վրայ, պրպտելով, ուսումնասիրելով եւ մանաւանդ ստեղծագործելով: Հետեւաբար արդար է ըսել, որ Ալիշան իր գործերով մեր ազգային վերածնունդի եւ նոր գրականութեան կերտիչներէն մին հանդիսացաւ:
Պրն. Պագգալեան, հետաքրքրական չորս գլխաւոր բաժանումներով ներկայացուց Ալիշանի վաստակը.- աշխարհագրական, պատմական, բանասիրական ուսումնասիրութիւններ եւ քերթողական հատորներ՝ լոյս տեսած Նահապետ ստորագրութեամբ «Բազմավէպ»-ի մէջ, ապա առանձին հատորներով:
«Հոս հարկ է յիշել, որ «Նահապետ» գրչանունով անմահացած Ղեւոնդ Ալիշան ապրեցաւ եւ գործեց անբասիր հոգեւորականի վարքով ու մեծակշիռ ներդրում ունեցաւ ոչ միայն որոշապէս Մխիթարեան միաբանութեան ազգային դիմագծի պայծառակերտման մէջ, այլեւ ընդհանրապէս՝ 19-րդ դարու հայոց Ազգային Զարթօնքի հոգեմտաւոր շղթայազերծման առումով»:
Այս բոլոր բարձունքներուն հետ եւ անցնելով աւելիին Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ունեցաւ Հաւատքի Մարդու եւ Ժողովրդական Հայու իր կրկնակի արժանիքը: Ոչ ոք հոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ այնքան աշխարհական եղաւ, եւ ոչ ոք պատերազմի շեփորը այնքան լայնօրէն հնչեցուց, որքան՝ Նահապետն հայոց:
«Ի՜ զէն, ի վրէժ, օն անդր յառաջ»:
Նաե՛ւ
«Թշնամւոյն ջախջախելու համար հարուած եւ հանճար է պէտք»:
Որովհետեւ կը հաւատար, թէ՝
«Արծիւ միտքը արծուոյ թեւ ալ կ’ուզէ’»:
Եւ արդեօք ճակատագրի մէկ հեգնա՞նք էր, որ Հ. Ալիշան իր վանք ժամանած օրէն, երբեք բախտը չէ ունեցած վերադառնալ հայրենիք:
Հզօրագոյն մէջբերումը, որ ըրաւ Յարգելի բանախօսը երբ ըսաւ՝ «Դանիէլ Վարուժան յիշելով Ալիշանը կըսէ. «Զգուշութեամբ կոխեցէք Մխիթարեան Հայրերուն նուիրական կղզին. ձեր ամէն մէկ քայլը կրնայ հանճարի մը աճիւնին հանդիպիլ եւ իմ փոխարէն կը պաղատի’մ Հայր Ալիշանի շիրիմնաքարը անգամ մը համբուրեցէ’ք եւ ապահով եղէք, որ մարմարեանին անբծութիւնը ձեր շրթներուն տակ սրտիս պէս պիտի բոցավառի»:
Պրն. Աւետիս Պագգալեան իր զգայացունց ու շահեկան բանախօսութիւնը վերջացուց ըսելով՝ «Իսկ այսօր, համայն հայութիւնը՝ ըլլայ Հայաստանի մէջ կամ ի սփիւռս աշխարհի, որքան պէտք ունինք մեծն հայրենասէր Ալիշանի ներկայութեանը»:
Հետաքրքրական էր սահիկներու (Slide) ընկերակցութիւնը իր բանախօսութեան հետ: Նիւթերու ու դէպքերու ընթացքը կանոնաւորապէս կը համադիպէր պատկերներու յաջորդականութեան հետ: Առանց 2-րդ անձի մը օգնութեան, նկարները գեղեցկօրէն կը յայտնուէին, կարծես տոմարի մը էջերն ըլլային, որոնք կը թղթատուէին ալեփառ Նահապետի դողդոջուն մատներով:
Լսած ու վայելած ենք, կարծես այլեւս քայլերգներու շարքին միացած, Բամբ Որոտան երգը՝ ազգային. եւ այսօր մօտ երկու դար ետք, նոյն հայկական զօրեղ զգացումը, ներթափանցեց մեր հոգիներուն մէջ երբ ունկնդրեցինք օփերայի երգիչ Normand Richard-ը: Հարազատ հայկական Բամբ Որոտան մը:
Թ.Մ. Միութեան ժրաջան վարչական Ցոլինէ Մուղալեան, մէջ ընդմէջ ներկայացնելով պատմական իրողութիւններ, յաջողեցաւ մեզի հրամցնել ակնկալուած պատշաճ յաջորդականութիւնը: Քանիցս նկատի առած ենք, թէ Ցոլինէի ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը, հաճելի ու գողտրիկ օղակ մը կը կազմէ հաւաքոյթի մը յաջողութեան, մանաւանդ նմանօրինակ բարձրորակ դասական երեկոյի մը, որուն մեծագոյն գնահատանքի թիրախը Մոնթրէալի Թէքէեանի կեդրոնն է: Եւ ահաւասիկ, անգամ մը եւս Թ.Մ.Մ կը յարգէ իր Մշակութային Առաքելութիւնը կազմակերպելով տժգոյն համաճարակէն ետք փայլուն անդրանիկ օրինակելի ձեռնարկ մը: