Թուական՝ 1994, վայր Մոնթրէալ: Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչականներէն Յովիկ Ալպարեանի նախաձեռնութեամբ ու Թ.Մ.Մ.-ի ղեկավարներէն Արթօ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, Մոնթրէալի Թ.Մ.Մ.-ը կը ներկայանայ SAAQ (Société de l’assurance automobile du Québec) մասնաճիւղի մը ղեկավարելու իրաւունք ստանալու մրցոյթին:
Թերահաւատները շատ էին, բայց զոյգ ղեկավարները դիմագրաւեցին մարտահրաւէրը եւ լծուեցան երկարամեայ թեկնածութեան թղթածրար պատրաստելու աշխատանքին:
Ի վերջոյ, բծախնդիր ու համադրուած պատրաստութիւնը, արդիւնք տուաւ ու գաղտնօրէն թուագրուած թեկնածութիւնը արժանացաւ St-Laurent քաղաքի մէջ MANDATAIRE SAAQ-ի առաջնակարգ դիրքի:
Ուրեմն Միութիւնս 1995 թուականէն սկսաւ իրեն վստահուած պարտաւորութիւնները կատարել Մոնթրէալի քաղաքացիներուն:
Պրն. Արթօ Մանուկեանի շարունակական ուշադրութեան եւ ղեկավարութեան տակ, տարիէ տարի նիւթական եկամուտ մը կ’ապահովէ Միութիւնը, սակայն այս պարագային, իբրեւ Business, հայկական աղբիւրներէ անջատ:
Այս նախաբանը ներկայացուցինք պարզապէս ծանուցելու, որ Marcel Laurin բանուկ պողոտայի գտնուող գրասենեակը, իր գործունէութեան վերջ տուաւ եւ 18 Դեկտեմբեր 2023-էն տեղափոխուեցաւ Place Vertu Shoping Center-ին մէջ:
Նոյն օրը գրասենեակի աշխատանքային ժամերէն առաջ ճոխ հիւրասիրութեամբ մը եւ հոյլ մը քաղաքական, միութենական, վաճառական հրաւիրեալներու, ինչպէս նաեւ SAAQ-ի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ բացումը նոր ու զարդարուած գրասենեակին:
5 ամիսներ ծրագրուած այս տեղափոխութիւնը իր լրումին կը հասնէր ու արդէն ամսուն 18-էն սկսեալ կը դիմաւորէր յաճախորդներու պատկառելի թիւ մը:
Նոր վայրը տակաւին անծանօթ է շատերուն: Ուրեմն լաւ է որ Մոնթրէալահայութիւնը գիտնայ նոր գրասենեակի հասցէն:
Mandataire SAAQ Saint-Laurent
3131 Boul Cote – Vertu
St-Laurent, QC H4R 1Y8
Աւարտին, կը շնորհաւորենք եւ բարձր կը գնահատենք նախ այսպիսի հայեացք ունեցողներու հաւատքը, ուր իրենց տեսլականով եւ աշխատանքով՝ յաջողութիւններ ձեռք կ’ապահովեն, օգտակար դառնալով Միութեան եւ անոր գործունէութեան:
Նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքով: