«Ապագայ» Շաբաթաթերթի Ջերմ ու Հոգեպարար Հանդիպումը SONA LAKHOYAN-OLIVIER-ի հետ

Քաղաքական ասպարէզին մէջ, քաղաքագէտի մը թաքուն ծրագիրները պահուըտած կ’ըլլան, կասկածելի ու բռնազբօսիկ ժպիտներու ետին, իսկ ուղղուած հարցումներուն՝ իր պատասխանները կ’ըլլան երկիմաստ, որոնցմէ կամ կը կռահես այն ինչ որ կը փափաքէիր         կամ բան մըն ալ չես հասկնար:

Տիկին Սոնա Լախոյեան Օլիվէի հետ «Ապագայ» շաբաթաթերթի հանդիպումը ձգեց ճիշդ հակառակ տպաւորութիւնը:

Դէմ յանդիման եկանք աշխոյժ, խանդավառ եւ հաճելի անձնաւորութեան մը որուն աչքերէն կը կայծկլտայ յստակութիւն եւ շրթներուն վրայ ճշմարտութեան անկեղծ ժպիտ մը:

Տասը վայրկեան ետք արդէն երկուստեք հանգստօրէն կը խօսակցէինք, կարծես տարիներու՝ անցեալի ծանօթութիւնը կը կրկնուէր:

Կը խօսէ՜ր… կը պատմէ՜ր… հեզասահ… առանց դադարի եւ առանց վերապահութեան:

Տիկին Սոնա Լախոյեան՝ անդրանիկ դուստրը Բիւզանդ Լախոյեանի, ծնած է Լիբանան, ուր նախնական ուսումը ստանալէ ետք, այդ՝ շարունակած է Գանատա: Նախ՝ հետեւելով հօրը, յետոյ եղբօրը՝ քայլերուն: Սոնա կը մասնակցի մարմնամարզային մրցումներու, միանալով ՀՄԸՄ «Կամք»ի խումբին, մինչեւ կը հասնի ՀՄԸՄ-ի ներքին մրցումներու 800 մեթր վազքի ախոյանութեան, արձանագրելով նոր չափանիշ մը:

Տիկին Լախոյեան երկար տարիներ կը ստանձնէ ՀՄԸՄ «Կամք»ի վարիչի (Coach) պաշտօնը: 2010-ին Լաւալի ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն ըլլալով կը ստանձնէ ատենապետութեան պատասխանատուութիւնը եւ ինչպէս անցեալին, մի’շտ օգտակար հանդիսանալով Հայ գաղութին, կը ծրագրէ Սուրիոյ դժուարին պայմաններէն ազատուող երիտասարդներուն, տրամադրել ՀՄԸՄ-ը իբրեւ հաւաքման նոր կեդրոն: Այսօր Լաւալի ՀՄԸՄ.ը 250-է աւելի հետազօտիչ (Scout) անդամներ ունի:

Այսքանը՝ իբրեւ անձնական ծանօթութիւն:

Իսկ գալով իբրեւ ասպարէզ, ուսումը կ’աւարտէ քաղաքագիտական վկայականներով «Համաշխարհային Յարաբերութիւններ»-ու master-ով: Ընդունուած է Դպրոցական Յանձնակատար (Commission Scolaire de Laval) Լաւալի իբրեւ յարաբերական ներկայացուցիչ՝ Commissair-ի պաշտօնով (մօտ 8 տարի):

Եղած է փոխատենապետ Լաւալի առողջապահական հիմնարկութեան (Fondation Cite’ de la Sante’ de Laval):

Տիրապետած է հինգ լեզուներու. հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ թրքերէն. իսկ սկզբնական գիտութիւնը ստացած է յունարէն, ռուսերէն, գերմաներէն եւ սպաներէն լեզուներու՝ Concordia համալսարանին մէջ:

Միշտ փափաքած է իր շրջանի քաղաքացիներուն տալ որակաւոր կեանք, պահելով հաւասարակշռուած վիճակ՝ տնտեսական բարելաւումի (Economic progress), ընկերային զարգացման (Social development) եւ կենսոլորտի պահպանման (Environmental protection):

Ամենէն աչքառու յաջողութիւնը, որ ունեցաւ տիկին Լախոյեան, Հոկտեմբեր 2022-ին Գանատայի Քէպէք նահանգի ընտրութիւններուն՝ ընդունուեցաւ Լաւալ քաղաքի՝ Chomedey շրջանի խորհրդարանի՝ երեսփոխան, ներկայացնելով՝ Partie Liberal du Que’be’c:

Մեր խօսակցութեան լուսարձակին տակ եղաւ, իր ազգային ու մշակութային նախասիրութիւնները, հայկականը՝ իր ցաւերով ու փառքերով, իրականութիւններով ու յուսախաբութիւններով:

Պահ մը մոռցեր էինք քաղաքականութիւնն ու մեր հանդիպման շարժառիթը ու կը խօսէինք-աւելի ճիշդը ինքն իր յորդահոս մասնակցութեամբ – հայրենիքի կամ Սփիւռքի մասին, մե’ր մասին:

Ժամանակը կը յառաջանար. թուղթերուս նօթերուն նայելով՝ նկատեցի վերջին հարցումը. որուն չէի անդրադարձած:

– Տիկին Լախոյեան – Ձեր քաղաքային կեանքի ընթացքին չէ՞ք ունեցած մարտահրաւէրներ, որոնց Ձեր մօտեցումը փոփոխութեան կամ բարելաւումի կը կարօտէր:

Առանց տատամսելու ըսաւ.- «ըրածներէս բնաւ չեմ զղջացած: Երկարատեւ օրուայ աշխատանքէս ետք (առաւօտեան ժամը 5:00-էն մինչեւ գիշերուայ 11:30) հանգիստ կը դնեմ գլուխս բարձին ու հանդարտ խղճով կը քնանամ: Նոյնիսկ երբ առաջարկեցին ինծի ստանձնել Chomedey-էն տարբեր շրջան մը՝ հաստատ մերժեցի «կը փափաքէի լաւագոյնս ծառայել հոն՝ ուր լաւ կը ճանչնամ»:

Ուզեցի հարցումիս ուղղութիւնը փոխել ու տարբեր ձեւով հարցուցի: «Ըսել կուզէի թէ արդեօ՞ք կայ պատահար մը, որ կը զղջաք ըրած կամ չ’ըրած ըլլալնուդ համար»:

Լռեց: Մտքերը սլացան ու տարին զինք հեռու… կարծես շատ հեռու: Լռեց բաւական երկա՜ր. արտասովոր էր այսպիսի խօսող ու ճռուողող անձի մը համար: Վերջապէս խեղդուած ու դողդոջուն ձայնով մը փսփսաց:

– 8 Փետրուար 2023-ին Քէպէքի l’assemble’e National du Que’bec-ի առջեւ, մի քանի գործակիցներու հետ, ներկայացուցինք առաջարկ մը (motion), դատապարտելով Արցախի՝ Լաչինի (Բերձորի) անցակէտի առնչութեամբ՝ կատարուած ոճիրները. եւ այդ բողոքը ընդունուեցաւ Քէպէքի կառավարութեան կողմէ: Կը փափաքէի նոյնօրինակ առաջարկ մը եւս ներկայացնել, պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի հայկական ազատ պետականութեան ճանաչումը (recognition). սակայն չկրցայ… ներողութիւն չեմ կրնար ըսել «չկրցայ» այլ «չհասայ: Դէպքերը շատ արագ զարգացան»:

Ըսաւ ու լռեց:

Ես ալ լռեցի: Լռութիւն մը որուն մէջ կը պարփակէր, ցաւ, տխրութիւն սակայն նոյն ատեն հպարտանք, նմանօրինակ քաղաքական գաղափարներ ու հաղորդամիջոցներ – (Media) օգտագործելու ու օգտուելու անոնց ստեղծած անծայրածիր ուժերէն:

Ձեռքի անկեղծ սեղմումով բաժնուեցանք տիկ. Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ-էն շնորհակալ ըլլալով, որ հակառակ իր սեղմ օրակարգին կրցաւ մեզի տրամադրել հաճելի եւ մանաւանդ տեղեկատուական (Informative) պահեր: Պատուաբեր հա’յ մը, որ քաղաքական սկզբունքներուն առընթեր չի մոռնար իր հայկական բարոյական-ազգային համոզումները՝ որպէս կեանքի ուղղութիւն:

…Եւ վստահ պիտի հասնի – այդ մեր մաղթանքն ալ է – այն կիզակէտին որ կը հետապնդէ անկեղծ ու յստակ քայլերով:

Սփիւռքը պէ’տք ունի նմանօրինակ անձերու: Ճիշդ է թէ ընտրութիւններու ժամանակ, անոնք պէտք ունին մեր ձայնին, սակայն մե’նք ալ պէտք ունինք իրենց բարձրաձայն խորհրդարանային (parliamentary) ուժին:

 

Հարցազրոյցը վարեց՝

Պերճ Գոգորեան