Ապրիլ  6-ին բոլորս ներկայ ըլլանք «ԽՐԻՄԵԱՆ  ՀԱՅՐԻԿ» մենաթատրոնին

Հայկական այլ մշակութային միութիւններուն նման, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութիւնը իր 90 ամեայ պատմութեան ընթացքին, աշխատած է հայրենի հողերէն հեռու՝ աշխարհացրիւ հայութեան ներկայացնելու հայ մշակոյթը իր գեղարուեստի զանազան մարզերէն ներս՝ հայկական երգ ու պարով, գրական ձեռնարկներով, թատերական ներկայացումներով թէ նկարչական ցուցահանդէսներով: Այսպիսով ան յաջողած է փոքրիկ Հայաստան մը ստեղծել աշխարհի զանազան հայահոծ գաղութներուն մէջ, տեղւոյն հայ հասարակութիւնը կապելով իր արմատներուն, պահպանելով ու տարածելով հայ լեզուն ու մշակոյթը:

Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղը այս տարուայ ձեռնարկներուն շարքին, մոնթրէալաբնակ հայութեան առիթը կ’ընծայէ վայելելու «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը հեղինակութեամբ, խաղարկութեամբ եւ բեմադրութեամբ հանրայայտ թատերագիր, թատերագէտ, բեմադրիչ եւ դերասան՝ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի:

Եթէ պահ մը փորփրենք մեր յիշողութիւնը, հոն պիտի գտնենք Մարտ 2009-ին Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի Բաստրմաճեան սրահին մէջ կայացած, Դոկտ. Մարգարեանի հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ՝ երաժշտական հրաշալի թատերախաղ մը՝ «Ճորճթաունի Տղաքը» խորագրով, որ մեզի ներկայացուցած էր Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի Երիտասարդական թատերախումբը: Նոյն այս բեմադրիչը, դերուսոյցը եւ կրթական մշակը 2014 թուականի Դեկտեմբերին Պոլսահայ Կեդրոնի Արամ Խաչատուրեան սրահէն ներս, բանախօսեց բանաստեղծ Զահրատի մասին, ներկայացնելով իր «Զահրատ 90»  գիրքը, որ Զահրատի բանաստեղծութիւններէն 153 հատին անգլերէն թարգմանութիւնն է: Իսկ 2016-ի Ապրիլին, ան Հայ Կեդրոնի Աւետիս Ահարոնեան սրահէն ներս, ներկայացուց իր հեղինակած «The Martyred Armenian Writers 1915-1922» գիրքը, որ անգլերէն թարգմանութիւնն է 1915-1922 թուականներուն Մեծ Եղեռնին նահատակուած հայ մտաւորական փաղանգի՝ 13 գրողներու գործերէն առնուած հատուածներուն:

Այս տարի 6 Ապրիլ 2019-ին,  Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան մեր մէջ պիտի գտնուի դարձեալ, այս անգամ ներկայացնելու մենաթատրոն մը՝ «Խրիմեան Հայրիկ» խորագրով: Աննախընթաց այս ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն գաղութիս երեք հայ դպրոցներու՝ Հ.Բ.Ը.Մ. Ալեք Մանուկեան, Նարեկ եւ Սուրբ Յակոբ վարժարաններու կարգ մը աշակերտներ:

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ՝ 6 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Սուրբ Յակոբ եկեղեցիէն ներս:

Խրիմեան Հայրիկ եղած է կաթողիկոս, մտաւորական, գրող, հասարական-քաղաքական ինչպէս նաեւ ազգային, հոգեւորական եւ մշակութային գործիչ: Եւ իր մահուան  110-ամեակին առթիւ է, որ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան նախաձեռնած է այս մենաթատրոնի աշխատանքներուն, շրջելով հայահոծ գաղութէ-գաղութ, ներկայացնելով հայ ժողովուրդի ազգային այս մեծ գործիչին կեանքն ու պատգամը:

Դոկտ. Հ. Մարգարեանի այս հսկայական աշխատանքը աննպատակ չէ. ան օժանդակութիւն հասցուցած է ու կը շարունակէ հասցնել Արցախի զինուորներուն՝ արեան հոսքի դէմ, սարքեր գնելու համար: Իր բոլոր ներկայացումները մեծ ընդունելութիւն գտած են ամենուրէք՝ Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան, Կիպրոս, Ֆրանսա եւայլն:

Այս առթիւ կը քաջալերենք բոլորին, որպէսզի նախապէս ապահովեն իրենց տոմսերը (մուտքը 5$ է մինչեւ 18 տարեկան անձերու համար, իսկ 10$ ՝ չափահասներու համար), սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուելու խուռներամ՝ իրենց զաւակներով ու  թոռներով: Վերջապէս, մեր բոլորին պարտականութիւնն է տէր կանգնիլ մեր ազգային արժէքներուն ու փոխանցել զանոնք մեր երեխաներուն, միշտ ունենալու համար արթուն, առողջ ու պահանջատէր հայ երիտասարդութիւն մը:

                                                                                                                         Անահիտ Պալեան