Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պատգամը՝ Ս. Յարութեան Տօնին Առթիւ

«Օրհնեցէք Տիրոջը ով հեթանոսներ

 գովաբանեցէք Անոր ով ժողովուրդներ»

Սաղմ. 116:1

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց

 

 

 

Այս սաղմոսով Դաւիթ սաղմոսերգուն կը կոչէ բոլորիս փառաբանել Տիրոջը, առանց բացառութեան, Ադամէն իսկ սկսեալ:

Անկախ անոր թէ մենք ու՞ր կը բնակինք արեւելք թէ արեւմուտք, հարաւ թէ հիւսիս, բոլորս ալ կոչուած ենք վայելելու այս գեղեցիկ տօնը:

Երբ անցեալ տարի այս օրերուն, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ կը մատուցանէինք յայտարարելով եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանէն թէ Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց, կատարեալ լռութիւն էր տաճառին մէջ, ուր մարդ չկար: Մենք գիտէինք, որ համաճարակի պատճառով, կաթուածահար եղաւ մարդոց կեանքը, ու այդ ամէնը ազդեց կրօնական կեանքին եւ տաճարներն այցելելուն:

Սակայն այսօր, Փառք Աստուծոյ եկեղեցիներու կամարները առաւել եւս կը լուսաւորուին հաւատացեալներու հաւատքի լոյսերով ու կրկին կը լսուին անոնց աղօթքներն ու շարականներու երգեցողութիւնը, որուն համար մեր սրտերը կ’ուրախանան:

Զատկական այս գերահրաշ օրերուն բոլորիդ կը մաղթենք շուտափոյթ եւ ամբողջական ազատագրում այս վարակէն եւ ոչ միայն Պսակաժահրի վարակը կը հիւանդացնէ մարդու մարմինը, բայց մենք գիտենք, որ բազմաթիւ անտեսանելի վարակներ ալ կան, որոնք կը տկարացնեն մարդու հոգին: Եթէ մարմնի հիւանդութիւնը ակնյայտ է եւ տեսանելի ու երբ մարդը կը տառապի ատորմով դիմացինները կը տեսնեն այդ տառապանքը, ապա հոգեւոր հիւանդութիւնները միշտ չէ որ տեսանելի դրսեւորումներ կ’ունենան:

Հոգիի հիւանդութիւնն այն վարակն է, որ կը յառաջանայ մարդու մեղքէն, ճիշտ այն մեղքէն, որուն մասին ժամանակակից մարդը պատշաճ պատկերացում չ’ունի եւ երբեմն ալ նոյնիսկ կը հեգնէ ատիկա: Ինչպէս որ վարակը ֆիզիքական հիւանդութիւն է այնպէս ալ մեղքը հոգեւոր հիւանդութիւն է եւ շատ աւելի վտանգաւոր, քան ֆիզիքական հիւանդութիւնը:

Քրիստոս Յարութիւն առաւ որպէսզի մեզի յաղթանակ պարգեւէ մեղքի դէմ, որպէսզի մենք դառնանք այդ յաղթանակի ժառանգորդները: Տէրը, «դառնալով մեր մահուան փրկագինը, Իր Յարութեամբ արձակեց մահուան կապանքները»: Անոր Յարութեան շունչով կենդանացաւ մարդ արարածն ու ունակ դարձաւ մերժելու տկարութիւնը, Քրիստոսի Խաչի մէջ տեսնելու մահուան ու մեղքի պարտութիւնը, եւ լուսաւորելու իր կեանքը:

Մենք պէտք է աճինք բարի գործերով, որպէսզի, թէ մենք ինքներս փոխուինք եւ թէ մեզի շրջապատող աշխարհը փոխուի դէպի լաւը:

Աստուած տայ, որ մեր ժողովուրդն ունենայ լիակատար հոգեւոր առողջութիւն, ունենայ խաղաղութիւն եւ ամուր հաւատք ու համոզմունք, որ Յարութիւն առած Քրիստոս փոխէ մեր կեանքը դէպի լաւն ու բարին: Սրտանց կը շնորհաւորեմ Ձեզի Քրիստոսի Յարութեան տօնի առիթով, եւ թող այն Քարայրի լոյսը, ուր տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր ու մեծ իրադարձութիւնը, դպչի մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ զօրացնելով մեզ հաւատքի, բարեպաշտութեան, իմաստութեան ու մաքրութեան մէջ:

Մեր սրտագին աղօթքն է, որ Բարին Աստուած Գանատահայոց Եկեղեցական Դասին, Թեմական ու Ծխական Խորհուրդներու պատուարժան անդամներուն, Տիկնաց Յանձնախումբերուն, Դպրաց Դասերուն, Աստուածասէր ու ազգանուէր  բարերարներուն, ազգային, բարեգործական, կրթական ու մշակութային միութիւններու, հաստատութիւններու անդամներուն եւ համայն Գանատահայութեանը կենաց արեւշատութիւն պարգեւէ, պահէ պահպանէ երեւելի եւ աներեւոյթ փորձութիւններէ և զօրավիգ ըլլայ` ազգաշահ առաքելութիւնն իրագործելու գործունէութեանը:

Տիրոջ օրհնութեամբ՝ թող Սրբագործ Կրակը լուսաւորէ Ձեզ եւ Ձեր ընտանեկան յարկերը։

 

Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ

Աղօթքով եւ օրհնութեամբ՝

Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեան

Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի