Արա Աւետիսեան Ոչ Եւս Է

Արա Աւետիսեան

(1923-2016)

 

Մայիս 30-ի առտուան ժամերուն մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեծ արուեստագէտ՝ լուսանկարիչ Արա Աւետիսեան։ Ծնած էր Վիեննա՝ 1923 Մարտ 31-ին։ Ան որդին էր անուանի գեղանկարիչ Օննիկ Աւետիսեանի ու անուանակոչուած անոր մտերիմ ընկերոջ՝ քանդակագործ Արա Սարգիսեանի անունով։ Անոնք մաս կը կազմէին այն ուսանող սերունդին, որ Եւրոպայի մէջ մասնակից էր եղած Հայկական նեմեսիսի կազմակերպումին։

Մինչեւ 13  տարեկան Արա ապրած է հօրմէն բաժնուած՝ աւստրիացի մօր հետ, Վիեննա, ապա միացած է հօր՝ նախ Կիպրոս, ուր շրջան մը յաճախած է Մելգոնեան հաստատութիւնը, ապա Եգիպտոս, ուր աշկերտը եղած է ծանօթ հայ լուսանկարիչներու, մասնաւորաբար Ալպանի (Արամ Առնաութեան), որմէ ալ տիրացած է լուսանկարչութեան արհեստին ու արուեստի գաղտնիքներուն։

Ան 1962-ին կը գաղթէ Մոնթրէալ, երկար տարիներ կը պաշտօնավարէ լուսանկարչական կարեւոր հաստատութեան մը՝ Graetz-ի մէջ ու իր ազատ ժամերուն կամաւոր լուսանկարիչը կը դառնայ փոքրամասնութիւններու կամ քաղաքամասերու պատկանող բազմաթիւ թերթերու։ 1978-ին կ’ամուսնանայ Մարիէլ Տըկիրի հետ, որ հաւատարմօրէն տէր կը կանգնի ամուսնոյն մինչեւ խոր ծերութիւն՝ մինչեւ մահ։

Առանց հայ գաղութի առօրեային մաս կազմելու, Արա առանձինն Հայ դատի շրջուն յանձնախումբ մը դարձած էր ու առիթ չէր փախցներ հայութիւնը, իր մշակոյթն ու դատը ներկայացնելու շրջապատին։

Ան իր ներդրումը ունեցած է Էքսփօ 67-ի եւ անոր շարունակութիւնը հանդիսացող ցուցահանդէսներուն հայութեան մասնակցութեան մէջ։ Գործակցած է մեր մշակութային միութիւններուն, որոնց հետ նաեւ նոյն այդ շրջապատի երգիծանկարներու տաղաւարին մէջ յաջողած է կազմակերպել իր հօրաքրոջ ամուսնոյն՝ նոյնպէս անուանի ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի մեծարանքի ձեռնարկը եւ ցուցահանդէսը, որուն յատկացուած էր տաղաւարը ամբողջ ամառը։

Աշխատակցած է «Հորիզոն» ու «Ապագայ» շաբաթաթերթերուն, այլեւ տեղական մամուլին՝ անգլերէն պատմուածքներով ու մանրավէպերով, ինչպէս նաեւ լուսանկարներով։

Եկեղեցւոյ կարգը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 11 Յունիսի կէսօրին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Իր ցանկութեամբ՝ աճիւնները պիտի փոխադրուին Գահիրէ, ամփոփուելու համար Օննիկ Աւետիսեանի դամբարանին մէջ։

Վ-Ա.Ա.