Հինգշաբթի՝ 10 Յունուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին Ս. խաչ եկեղեցւոյ «Արարատեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիրոջ «Որո՞ւ Երթանք» նորատիպ, արաբերէն գիրքին ներկայացումը եւ գինեձօնը։ Հանդիսութեան ներկայ էին քոյր համայնքներու առաջնորդներ, վարդապետներ, մայրապետներ, Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամներ, նահանգապետարանի բարձր պաշտօնեաներ, հայկական բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ եւ ընթերցասէրներ։ Յայտագիրին սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին սուրիահայ նահատակներուն յիշատակը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ. Անտոն Վրդ. Թահան եւ ներկայացուց Գերապայծառ Տիրոջ կենսագրութիւնը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ յատուկ փայլք տուաւ հանդիսութեան։ Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին Նաաիմ Սաապ, որ երգեց Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան նուիրուած երգեր, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ռիմոն Մարտլլիի։
Գիրքը ներկայացուցին ասորի կաթողիկէ համայնքի փոխառաջնորդ Մունիր Ծ. Վրդ. Սաքքալ եւ յոյն կաթողիկէ համայնքի վարդապետ Հ. Պասսամ Աշճի, որոնք հետաքրքրական ոճով լուսարձակի տակ առին հեղինակին ստեղծագործ գրիչը, պարզ ու դիւրըմբռնելի լեզուն, դիպուկ ու քաղցր խօսքերը, որոնք իւրաքանչիւր ընթերցող կը հրաւիրեն ԱՆՈՐ՝ որ յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունի… որ 21 դարերու ընդմէջէն արեգակի պայծառութեամբ կը շողայ տակաւին՝ հոգեկան սնունդ բաշխելով աշխարհին։
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Գերապայծառ Տէրը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքին տպագրական աշխատանքին մաս կազմողներուն, ի մասնաւորի մտաւորական եղբօրը՝ Ճորճ Միրիաթիի, «Տար Նաաման» հրատարակչատան, հանդիսութիւնը կազմակերպող երկու վարդապետներուն՝ Հ. Անտոն Թահանի եւ Հ. Կոմիտաս Տատաղլեանի եւ ապա բոլոր ներկաներուն։ Իր խօսքի աւարտին ան հրաւիրեց Առաջնորդներն ու պաշտօնական հիւրերը միասնաբար կատարելու Գինեձօնի արարողութիւնը։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ կոկիկ հիւրասիրութեամբ, որուն ընթացքին Գերապայծառ Տէրը Գիրքէն օրինակներ մակագրելով ներկաներուն նուիրեց։
Հանդիսութիւնը ուղիղ հեռարձակումով սփռուեցաւ լիբանանեան կրօնական կայանին եւ Ռատիօ Երազին կողմէ։
Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան