Բարեկենդանի  եւ Վալէնթայնի ճոխ հանդիսութիւնը Թէքէեան Մշակ. Միութենէն ներս

Բարեկենդան եւ Վալէնթայնի տօներու զոյգ առիթներով, Շաբաթ 10 Մարտ 2018-ին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութիւնը օժանդակութեամբ ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ շատ ճոխ մթնոլորտ ստեղծեց ներկաներուն իր հաճելի խաղերով հին ու նոր երգերով, պարերով ու խանդավառ զրոյցներով. օրուայ հիւրասիրութիւնն էր «բաց սեղան» համեղ ճաշերով ու քաղցրեղէններով լեցուն:

Հանդիսավարներն էին Տէր եւ Տիկ. Խաչիկ եւ Կարինէ Ճիյէրճեան, ձեռնարկը սկսաւ վարչութեանս ատենապետ ընկ. Պերճ Գոգորեանի բացման խօսքով ու բարեմաղթութիւններով, ապա ներկաները հրամցուեցան ճաշակելու «Շէֆ Վիվիկ» ի համեղ ճաշերը: Ճաշերուն յաջորդեց առաջին խաղը, որ համբոյրի խաղն էր: Զարմանալի չէր, որ շատ հաճոյք պատճառեց մասնակիցներուն եւ դիտողներուն: Խաղին մասնակցեցան 5 զոյգեր ու իրենց ջերմ համբոյրները փոխանցեցին իրենց զոյգերուն: Ամենաշատ համբոյր փոխանցողը եղաւ խաղը շահողը:

Մինչ այդ սրահը լեցուած էր վարչութեանս կողմէ բոլոր տիկիններուն նուիրուած կարմիր վարդերով որպէս սիրոյ խորհրդանիշ: Վարդաբաշխումին ընկերակցեցաւ պատանի ջութակահար Սագօ Լախոյեանը «Ռոմէօ Ժուլիէթ» կտորով ռոմանթիք մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ:

Յաջորդ երկրորդ խաղն էր ամենալաւագոյն սիրով լեցուն ամուսնութեան առաջարկ կատարողը: Իրապէս նախանձելի էր կարծես կախարդական գաւազան մը դպած ըլլար: Շատ գեղեցիկ արտայայտութիւններ դուրս եկան 5 մասնակիցներէն որոնք ծնկաչոք բանաստեղծութիւններով յայտնեցին իրենց սէրը իրենց զոյգին, անշուշտ ներկաներու խանդավառ ծափահարութիւններով:

Երեկոն իր աւարտին հասաւ «D.J» SAKOի ճոխ երգերով ու ներկաներուն խանդավառ պարերով:

Թ.Մ.Մ. վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց որոնք մաս կազմեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան մասնաւորապէս ընկերային յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն մեր շատ սիրելի հիւրերուն որ միշտ կը քաջալերեն միութեանս ձեռնարկները:

Ներկայ մը