Գանատահայոց Առաջնորդ Սրբազան Հօր Պատգամը՝ Նոր Տարուայ Առթիւ

«Երանի այն ժողովուրդին, որ կը գիտակցի քու օրհնութիւնդ,

Տէ՛ր, ան քու երեսիդ լոյսով պիտի ընթանայ։»

(Սղմ ՁԸ 16)

 

Կը սպառի ծուխի նման (Սղմ. ՃԱ 4) հերթական տարին եւ նոր տարուայ արշալոյսը արդէն տեսանելի է:

Անցնող տարին, յաւիտենականութեան ովկիանոսի ընդամէնը մէկ կաթիլի տեղաշարժ էր, որ մեզմէ տարաւ մէկ տարեչափ ժամանակ, ատորմէ մէկ մասը սիրայօժար տրամադրեցինք, երբ Աստուծմէ մեզի շնորհուած բարութիւններէն այլոց ալ բաժին հանեցինք, սակայն մեծ մասը՝ անդարձ կորսուած կը համարենք, որովհետեւ չյաջողուեցաւ իրականութիւն դարձնել մեր բոլոր ծրագիրները:

Մեզի յատկացուած ժամանակը, որուն այլ կերպ՝ կեանք կը կոչենք, վերջաւոր է, ուստի պետք է բացառել անփութութեան ցանկացած դրսեւորում: Ցաւոք, ժամանակի կորուստի հետ աւելի դիւրին կը համակերպուինք, քան մեր կեանքին սպառնացող որեւէ վտանգի հետ հաշտուինք,  մինչդեռ  «մեզմէ իւրաքանչիւր ոք ինք իրեն համար Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ»։ (Հռոմ. ԺԴ 12)

Ժամանակն ինքնին մեզի չի վերաբերէր, բայց մեր անմիջական տնօրինութեանը յանձնուած ժամանակն է, որ մեր գործունէութեամբ իմաստաւորուելով կը կազմէ մեր կեանքի տեւողութիւնն ու երկնաքաղաքացիութեան երաշխիքը կը դառնայ:

Բովանդակազուրկ կեանքը սոսկ կորսուած ժամանակահատուած է, որ ոչ մէկ կերպ չի փոխհատուցուիր, իսկ յաղթական միակ ուղին Անժամանակին ապաւինելով ժամանակ գնելն է (Եփես. Ե 16), այն արդիւնաւորելով՝ ժամավաճառութեան չարիքն արմատախիլ ընելը: «Բարին գործելէն չձանձրանաք, որովհետեւ յարմար ժամանակին պիտի հնձենք, եթէ չթուլանանք։ Ահա թէ ինչու, քանի դեռ ժամանակ կայ, բարին գործենք բոլորին հանդէպ, մանաւանդ հաւատքի մէջ մեր հարազատներու հանդէպ» (Գաղատ Զ. 9-10)։

Ան, Ով լոկ ժամանակի տէրն է (Ծննդ. Ա 14, Սղմ. ՃԳ 19), մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ: Ան մեզի կեանքի կոչեց, ժամանակի շրջանակով սահմանափակեց, որ քիչի մէջ հաւատարիմ ըլլալու պարագային (Ղուկ. ԺԶ 10) անոնց բարիքներու արժանացնէ (Ա Կորնթ. Բ 9, հմմտ. Եսայի ԿԴ 4-5):

2021 թուականին խորհելով հին օրերու մասին եւ յիշելով վաղնջական տարիները (Սղմ. ՀԶ 6)՝ անցեալէն անհրաժեշտ դասեր քաղենք՝ ներկայի նաւը ժամանակի ծովի հուզումներէն, խութերէն ու ծանծաղուտներէն անվնաս գալիքի ցանկալի նաւահանգիստ հասցնելու համար:

Տարեմուտի խոստումնալից շեմին, նոր հնարաւորութիւններու այգաբացին կը գոհանանք Մարդասէր Աստուծմէն «այն ամէնի համար, որ մեզի տուաւ» (հմմտ. Սղմ ՃԺԵ 3):

«Երանի այն ժողովուրդին, որ կը գիտակցի քու օրհնութիւնդ, Տէ՛ր, ան քու երեսիդ լոյսով պիտի ընթանայ։ Ան քու անուամբդ պիտի ցնծայ գիշեր-ցերեկ, ու քու արդարութեամբդ բարձր պիտի ըլլայ։ Դուն ես պարծանքը մեր զօրութեան, եւ մեր եղջիւրը քու կամքով պիտի բարձրանայ։ (Սղմ ՁԸ 16-18)

«Թող յոյսի Աստուածը լիացնէ ձեզի ամենայն ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ, որպէսզի Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ դուք յոյսով առատանաք»։ (Հռոմ ԺԵ13)

Մեր աղօթքն է որ Բարին Աստուած Գանատահայոց Եկեղեցական Դասին, Թեմական ու Ծխական Խորհուրդներուն, պատուարժան անդամներուն, Տիկնաց Յանձնախումբերուն ու Դպրաց Դասերուն, Ասուածասէր ու ազգանուէր բարերարներուն, ազգային, բարեգործական, կրթական ու մշակութային միութիւններու, հաստատութիւններու անդամներուն կենաց արեւշատութիւն պարգեւէ եւ զօրավիգ ըլլայ` ազգաշահ առաքելութիւնն իրագործելու գործունէութեանը:

Տիրոջ օրհնութեամբ՝ Նոր Տարուայ ու հրաշափառ Սուրբ Ծննդեան Լոյսի ջահը լուսաւորէ Ձեզի եւ Ձեր ընտանեկան յարկերը։

 

Շնորհաւոր Նոր Տարի

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ

Սիրով եւ օրհնութեամբ՝Աբգար Եպս. Յովակիմեան

Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի