Գանատահայոց Թեմի 38-րդ Պատգամաւորական Ժողով 27-28 Մայիս 2022, Մոնթրէալ, Քէպէք

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Գանատահայոց Թեմի 38-րդ պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Մայիս 27-28 , 2022-ի շաբաթավերջին, Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ՝ առաջին անգամ ըլլալով, Թեմիս Առաջնորդարանին, նախագահութեամբ՝ Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ ներկայութեամբ՝ Եգիպտահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աշոտ Ս. Եպս. Մնացականեանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Գերշ. Տէր Արարատ Ս. Եպս. Գալթաքճեանի: Նաեւ ներկայ էին՝ 29 պատգամաւորներ, իսկ այլ  5 պատգամաւորներ ժողովի մաս կազմեցին առցանց «ZOOM»-ի միջոցաւ:

Թեմի հոգեւորականաց համագումարը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ՝ Մայիս 27-ին, առաւօտեան, սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գերշ. Տէր Աշոտ եւ Արարատ Սրբազան Հայրերը: Նոյն երեկոյեան ժամը 7:30-ին սկսաւ պատգամաւորական ժողովի առաջին նիստը, մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականներուն եւ եկեղեցիներու պատգամաւորներուն:

Ժողովի ատենապետ ընտրուեցաւ Պարոն Ժան Ֆիլիփ Թաշճեան (Օթթաուայէն), ատենադպիր Արժանապատիւ Տէր Միւռոն քահանայ Սարգիսեան (Միսիսոկայէն – հայերէն), եւ Տիկին Հիլտա Թուրշուճուեան-Չաքար (Լաւալէն – անգլերէն), խորհրդարանական նշանակուեցաւ Պարոն Օհան Օհաննէսեան:

Գնահատանքի անդամ նշանակուեցաւ Պարոն Մատաթ Բ. Մամուրեան, Թեմական Խորհուրդի անունով բարի գալուստի եւ ժողովի յաջողութեան խօսքերով հանդէս եկաւ Ատենապետ Պարոն Մկրտիչ Գանոնճեան, ողջոյնի խօսք ուղարկած էր նաեւ Գանատայի Դաշնակցային կառավարութեան վարչապետ Ն. Վ. Ճասթին Թրուտօ:

Թեմի Փոխ առաջնորդ Արժանապատիւ Տէր Զարեհ աւագ քահանայ Զարգարեան, ամփոփ կերպով ներկայացուց հոգեւորականաց ժողովի տեղեկագիրը, ներկայացուեցաւ Առաջնորդարանի ներքոյ գործող յարակից մարմիններու տեղեկագիրերը: Ժողովականները յոտնկայս ունկնդրեցին Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեան եւ բարեմաղթանքի խօսքերը:

Առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոն Լեւոն Իսախանեան ներկայացուց գրասենեակային իր աշխատանքները: Ժողովի Ա. նիստը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»-ով:

Ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 28 Մայիս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով, որմէ վերջ «Հոգւոց»-ով աղօթեցին, Թեմիս անդրանիկ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Վազգէն Արք. Քէշիշեանի եւ թեմական կեանքէն յաւէտ բաժնուած անդամ անդամուհիներու հոգիներուն ի հանգիստ:

Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար Սրբազան համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց իր տարեկան հաշուէտուութիւնը. խօսքի աւարտին շնորհակալական խօսք ուղղեց Վեհափառ Հօր, Թեմիս հոգեւոր դասին, թեմական խորհուրդին, Ծխական խորհուրդներուն, Պատգամաւորներուն, բարերարներուն եւ համայն հաւատացեալներուն:

Թեմական խորհուրդի տեղեկագիրը ներկայացուց Ատենապետ Պարոն Մկրտիչ Գանոնճեան:

Յաջորդաբար ներկայացուեցաւ Աւանդապահ մարմնի տեղեկագիրը, Թեմիս ծուխերու ներկայացուցիչները լայն տեղեկագրութիւն տուին իրենց տարած աշխատանքներուն մասին:

Ճաշի դադարէն ու խմբային յիշատակի նկարահանումէն ետք, գումարուեցաւ երրորդ նիստը, որուն ընթացքին՝ Թեմական խորհուրդի երեք անդամներու նշանակում տեղի ունեցաւ: Տեղի ունեցաւ նաեւ Հաշուեքննիչ եւ Ընտրողական յանձնախումբերու նշանակումները:

Գանձապահ Պարոն Ռիչարտ Եղիաեան ներկայացուց նիւթական տեղեկագիրը եւ 2022-ի նախահաշիւը նոր հարցերու բաժնի մէջ, եղան շինիչ առաջարկներ: Գնահատանքի յանձնախումբի անունով ելոյթ ունեցաւ Պարոն Մատաթ Բ. Մամուրեանը:

Որոշուեցաւ Պատգամաւորական 39-րդ ժողովը գումարել Միսիսոկայի Ս. Վարդան Հայց Առաք. եկեղեցւոյ համայնքի հիւրընկալութեամբ. Մայիս 26-28, 2023, իսկ 2024-ի պատգամաւորական 40-րդ ժողովը գումարել Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ:

Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով աւարտուեցաւ Գանատահայոց Թեմի Պատգամաւորական 38-րդ ժողովը:

Գանատահայոց Թեմի 38-րդ Պատգամաւորական երկօրեայ ժողովի նիստերու աւարտին տեղի ունեցաւ եզրափակիչ ճաշկերոյթ, Շաբաթ՝ 28 Մայիս 2022-ին երեկոյան ժամը 8-ին, «Centre Armenie»-ի կեդրոնի մէջ:

Յիշենք թէ, ճաշկերոյթի նախաժամին, տեղի ունեցաւ նաեւ Ռօզ-Նուարդ Թաթոսեանի նկարչական աճուրդը, որուն հասոյթը կը յատկացուի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոս Արթուր Յովհաննիսեանի պատերազմի ընթացքին ստացած հաշմանդամութեան հետ առնչուող բժշկական խնամքին ու օգնութեան:

Ճաշկերոյթի ընթացքին, բարձր գնահատանքի արժանացան «Հայաստանի Երեխաներու հիմնադրամ» CFFA-ի ներկայ վարչութիւնն ու հիմնադրամի 30 տարիներու գործունէութեան մէջ իրենց ծառայութիւնը բերած շարք մը տիկիններ:

Սրտի խօսքով ելոյթ ունեցան՝ Եգիպտահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աշոտ եպս. Մնացականեանը, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ազնուազարմ տիկին Անահիտ Յարութիւնեանն ու  օրուայ նախագահ Պարոն Արտէն Տէրվիշեանը:

Երեկոյին մասնակցեցան նաեւ Գանատայի Ալպերթա նահանգի քրի ցեղախումբի՝ հայկական արմատներ ունեցող Արամ եւ Տիրան Զորթեանները։

Գերշ. Տէր Աբգար Սրբազանի փակման խօսքով երեկոյթը իր աւարտին հասաւ զուարթ մթնոլորտի մէջ:

Շնորհաւորելի են կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները եւ օգնականները, որոնց բծախնդիր աշխատանքն ու հիւրընկալութիւնը շաբաթավերջը դարձուցին անմոռանալի:

 

Մատաթ Բ. Մամուրեան