Գանատահայ Տաւիտ Լեմիօ Բռնցքամարտի Աշխարհի Ախոյեան

Յունիս 20-ին, Բռնցքամարտի միջազգային ֆետերասոնի (IBF- International Boxing Federation) ախոյանական մրցումներու ծիրէն ներս,  գանատահայ Տաւիտ Լեմիօ չորս անգամ զգետնեց ֆրանսացի Հասան Ն՚Տամը եւ իրաւարարներու միաձայն որոշումով տիրացաւ Բռնցքամարտի միջազգային ֆետերասոնի թափուր մնացած Միջին կշիռքի դասակարգի ախոյեանի տիտղոսին։ Այս մասին կը յայտնէ Գանատայի “Հորիզոն”-ը

Մրցումի ընթացքին Լեմիօ տիրական եղաւ եւ Ն՚Տամին «գետին փռեց» առաջին ռաունտին, երկու անգամ հինգերորդ ռաունտին եւ ձախ ձեռքի հարուածով մը՝ եօթներորդ ռաունտին՝ տիրանալով տիտղոսին։

Լեմիօ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Ֆոքս» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ սփռուած մրցումին ընթացքին տպաւորիչ մարտը կրնայ անոր աչքառու մրցումներ ապահովել։ Արդէն իսկ կը խօսուի Աշխարհի բռնցքամարտի ընկերակցութեան ախոյեան Կենատի Կլովքինի կամ Նոյեմբերին նախատեսուած WBC-ի ախոյեան Միկել Քոթթոյի եւ մեքսիքացի աստղ Սոլ (Քանելօ) Ալվարեզի միջեւ մրցումին յաղթականին դէմ մարտի մը մասին։

Տաւիտ Լեմիօ (ծնեալ 22 Դեկտեմբեր 1988-ին, Մոնթրէալ, Գանատա) գանատացի արհեստավարժ բռնցքամարտիկ մըն է։ Լըմիու կը մրցի միջին կշիռքի դասակարգին մէջ։ Ան ներկայիս Բռնցքամարտի միջազգային ֆետերասիոնի միջին կշիռքի դասակարգի ախոյեանն է եւ նոյն կշիռքի WBC-ի նախկին ախոյեանը։

Լեմիոյի հայրը ֆրանսացի է, իսկ մայրը լիբանանահայ։ Անոր մօր մականունը Խաւլուճեան է։ Լեմիօ հայերէնը սահուն կերպով կը խօսի։ Ան բռնցքամարտի մարզաձեւին սկսած է հետեւիլ 9 տարեկանին։