Դեկտեմբեր 8-ի կէս օրուայ ժամերուն նախաձեռնութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.-եան, Ժիրայր Տէրվիշեան Սրահին մէջ, տեղի կ’ունենար առանձնական երեւոյթ մը:
Մոնթրէալահայ գաղութի բազմախաւ ներկայացուցիչներու հոյլ մը – ազգային, մամուլ, ղեկավար – ներկայ էին, մասնաւորաբար ծանօթանալու Գանատայի Պահպանողական ընդդիմադիր կուսակցութեան (Conservative Opposition Party) ծրագիրներուն, ապագայ ընտրութիւններու առնչութեամբ:
Այս հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արա Պալեան ատենապետ Ռ.Ա.Կ.-ի, Արթօ Մանուկեան Թէքէեան Մշակութային Միութենէն եւ Պերճ Գոգորեան՝ «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթէն:
Որոշեալ ժամուն, անշուշտ յարգանքի պատշաճ ձեւակերպութիւններու եւ ծափողջոյններու ընդմէջէն, ժպտադէմ ու ինքնավստահ, մուտք կը գործէր կուսակցութեան առաջնորդ Գանատայի խորհրդարանի անդամ, երեսփոխան PIERRE POILIEVRE:
Նախապէս պատրաստուած ու ապահովուած սեղաններու շուրջ ներկաները գրաւեցին իրենց յատկացուած տեղերը. իսկ կեդրոնի սեղանը սահմանուած էր պատուոյ հիւրերուն:
Իր ներկայութեամբ կը պատուէր Գանատայի մէջ Հ.Հ.-եան պատուոյ հիւպատոս Տիար Լեւոն Աֆէեան:
Աւուր պատշաճի բացման խօսքէ եւ յարգանքի զանազան արտայայտութիւններէ ետք խօսք առաւ Պահպանողական Կուսակցութեան առաջնորդ Գանատայի խորհրդարանի անդամ, երեսփոխան PIERRE POILIEVRE-ը: Իր կուռ ոճն ու կարողութիւններու վրայ գիտակցող հանգամանքը մեզի կը տպաւորէր: Դիւրահաղորդ ու սահուն նկատողութիւններով մեզի կը ներկայանար փորձառու քաղաքագէտի մը դիմագիծով:
Անմիջական նոր ծրագիրներէն՝ յաւելեալ բնակարաններու շինութեան գաղափարն էր, որ մեզի հրամցուց, բնակարաններ որոնք օգտակար պիտի հանդիսանային երէց ու սահմանափակ հասոյթ ունեցող վարձակալներու: Խօսեցաւ նաեւ Մոնթրէալի այժմեայ դժուարութիւններէն, սակաւաթիւ բժիշկներու ու բուժքոյրերու տագնապի լուծումի մասին:
Պրն. POILIEVRE հիմնուելով վերջերս յայտնուած վիճակագրական (poll) արդիւնքներու՝ հաւանական կը գտնէ, որ իբրեւ Պահպանողական Կուսակցութեան առաջնորդ՝ կազմէ նոր կառավարութիւն եւ ընտրուի Գանատայի նոր վարչապետ:
Կ’արժէ ըսել, թէ պրն. POILIEVRE կը ներկայանայ իբրեւ այժմու պրն. Justin Trudeau-ի դէմ՝ ապագայ վարչապետի թեկնածու:
Տրուեցաւ առիթը անհամբեր ներկաներուն իրենց մտահոգութիւնները ուղղելու պատուակալ Հիւրին: Իրենց կեդրոնական մտահոգութիւնը մասնաւորաբար Գանատայի ապագայ քաղաքականութիւնն էր մեր հայրենիքի առնչութեամբ:
Ան վստահեցուց, որ միշտ պաշտպան պիտի կանգնի Հայաստանի՝ Ռամկավարական սկզբունքներու հաւատացող երկրի մը, որ կը գտնուի կովկասեան վտանգաւոր ու թշնամիներով շրջապատուած շրջանի մը մէջ:
Պրն. POILIEVRE ամենայն հանդարտութեամբ պատասխանեց բոլոր հարցումներուն. չկար ո’չ մէկ ընկրկում ու տատամսում այլ պայծառ ու խորասոյզ հաղորդականութիւն:
Հետաքրքրական հանդիպում մըն էր ու քաջալերելի, թէ’ հանդիպման գաղափարի եւ թէ’ կազմակերպչական աշխատանքի դիտանկիւնէ:
Մանաւանդ վերջերս, ակնյայտ է Մոնթրէալահայ հասարակութեան ներակցումը (involvement) Քէպէք նահանգի Գանատայի քաղաքադաշտին մէջ, ըլլայ համայնքային հետաքրքրութեամբ կամ հայ քաղաքագէտներու մասնակցողներու չափանիշով:
Թղթակից