Դոկտ. Դորա Սաքայեանի հեղինակած «Նրանց քշում են անապատները…» գիրքի շնորհանդէսը

Ոչ թէ դար մը միայն… դարեր նոյնիսկ եթէ անցնին, ճշմարտութիւնը կը մնայ քանդակուած պատմութեան ժայռոտ էջերուն վրայ… ի հեճուկս բոլոր խեղաթիւրուած թրքական խեղճո՜ւկ փորձերուն:

Եւ այդ ճշմարտութիւնը անգամ մը եւս կը շպրտուէր թրքական պատմութեան երեսին, երբ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Ապրիլեան Յիշատակութեանց շարքին մէջ, 2024-ի Մայիսի 17-ի երեկոյեան կը կազմակերպէր եզակի շնորհանդէս մը:

Դոկտ. Դորա Սաքայեան կը ներկայացնէր իր գիրքը, որ հիմնուած է գտածոներու վրայ զուիցերիական արխիւներէ եւ հրատարակուած է երեք լեզուներով։ Նախ, գերմաներէն լեզուով (2016-ին)` «Man treibt sie in die Wüste» խորագիրով բնագիրը, որ գերմանախօս երկիրներուն մէջ ունեցած է մեծ յաջողութիւն։ Ապա, գերմաներէն բնագիրի հայերէն թարգմանութիւնը (2017-ին)՝ «Նրանց քշում են անապատները…» վերնագիրով, ուր մեր մայրենի լեզուն սքանչելի լարերով կը թռթռայ ու կը յուզուի, սակայն յաճախ անզուսպ պոռթկումով կը բողոքէ, ճշմարտութիւն կը պահանջէ՝ անառարկելի վկայութիւններու ու ականատեսներու ձեռագիրներով: Եւ վերջապէս, գիրքը ամբողջ աշխարհին կը ներկայանայ անգլերէն լեզուով (2023-ին)՝ «Death Marches Past the Front Door» վերնագիրով։ Մէկ խօսքով, այս երեք լեզուներով Սաքայեան անխուսափելիօրէն կը շեփորէ եւ համաշխարհային մտահոգութեան հարց կը դարձնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու եղերական անարդարութիւնը:

Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր վայելելու Սաքայեանի տասը տարիներու ծանր աշխատանքի Գողգոթան, որմէ քալած էր դոկտ. Սաքայեան եւ որմէ Յարութիւն առած էր խորունկ վաւերագրական մը: Երեկոն լաւ կազմակերպուած էր, եւ դահլիճին մէջ սփռուած էին թերթիկներ, որոնց մէջ տպուած էր գիրքին կարճ բովանդակութիւնը, զոր կը ներկայացնենք.

Ապրիլ, 1915: Իրենց պսակադրութենէն անմիջապէս ետք ճարտարագէտ Ֆրից Զիգրիստն ու բուժքոյր Քլարա Հիլթին Զուիցերիոյ Վերտենպերկ քաղաքէն գնացք կը նստին եւ կ’ուղղուին դէպի հարաւ-արեւելեան Թուրքիա, ուր Ֆրից Զիգրիստը 1910 թուականէն կ’աշխատէր Պաղտատի երկաթուղիի շինարարութեան վրայ:

            Անոնց ժամանումէն կարճ ժամանակ անց կը սկսին հայերուն տեղահանութիւնները, եւ հազարաւոր հայեր ամէն օր կ’անցնին անոնց տան մօտէն: Երեք տարի շարունակ ամուսինները կը տեսնեն, «թէ ինչպէս վարը՝ սեպ ժայռերու միջեւ՝ կիրճին մէջ, կը խամրին ոմանց լոյսերը», մինչդեռ անոնք իրենց աշխարհէն կտրուած բարձրադիր տնակին մէջ կ’ապրին իրենց առօրեայով` հիւրեր կ՛ընդունին, տարեդարձներ կը տօնեն, զաւակ կ’ունենան…: Անոնք սակայն տեղեակ չեն, թէ ուր կ’երթան այդ թշուառ մարդկային ամբոխները։ Միայն երբ ամուսինները կ’այցելեն Քաթմայի եւ Հալէպի համակեդրոնացման ճամբարները, ամէն ինչ պարզ կը դառնայ. Թուրքիոյ մէջ անոնց ամէն օր տեսածները ոչ այլ ինչ են, քան հայերուն համար նախապէս ծրագրուած մահուան երթեր:

            Չնայած Զիգրիստ-Հիլթիներու եւ եւրոպացի այլ ճարտարագէտներու դիմադրութեանը՝ շուտով նշուած մահուան երթերուն մասնակիցներ կը դառնան նաեւ Պաղտատի երկաթուղիի շինարարութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր հայերը:

            Քլարան նախ իր օրագիրին, ապա նաեւ ականատեսի իր յատուկ վկայութեան մէջ կ’արձանագրէ ժամանակի արհաւիրքները: Ֆրիցն ալ իր հերթին աւելի ուշ կ’ամբողջացնէ կնոջ գրառումները: Բայց այսքանով չի լրանար Հայոց Տանթէականը…

Ճիշդ որոշեալ ժամուն պարոն Պերճ Գոգորեան իր բացման խօսքով առաջին հերթին վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթի խմբագիր պրն. Աւետիս Պագգալեանին, որ այս գինեձօնի իրականացման նախաձեռնողը եղած էր եւ որուն աշխատանքին շնորհիւ կը վայելէինք սոյն որակաւոր միջոցառումը: Ապա Գոգորեան իր շնորհակալական խօսքն ուղղեց դոկտ. Դորա Սաքայեանին։

Ներկայ ոչ հայախօս հանդիսատեսներուն համար, տիկին Սալբի Հալաճեան-Մարկոսեան անգլերէն թարգմանութեամբ կարդաց 12 գրախօսականներէն մին, որ հրատարակուած էր գերմաներէն բնագիրի տպագրութեան առիթով: Գրախօսողը զուիցերիական մամուլի հանրածանօթ գրիչ ունեցող Guido Kalberer-ն է, որ բարձր կը գնահատէ Սաքայեանի կատարած աշխատանքը։ Չէ՞ որ ան կրցած էր արխիւներէն փրկել 100 տարիներու վաղեմութիւն ունեցող այդ կարեւոր փաստաթուղթերը եւ ուղղել զանոնք, Թուրքիայի` եւ Թուրքիայէն ալ դուրս, բազմաթիւ ձայներուն դէմ, որոնք կը ժխտեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Քլարայի օրագիրը, էջ առ էջ, վճռականապէս կը հակասէր բոլոր անոնց, որ կը կառչէին պատմութեան կեղծարարութեան։ Յօդուածը երեւցած է «Tages-Anzeiger»-ի մէջ, 25 Նոյ. 2016-ին:

          Հուսկ ուրեմն ձեռքն առաւ բարձրախօսը ու ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Դորա Սաքայեան:

Մեծ խանդավառութեամբ ան պատմեց, թէ ինչպէս այս տիտանային ուսումնասիրութիւնը սկիզբ առած էր։

2002 թուականին, զուիցերիացի իր գործընկերներէն մէկը, գիտնալով դոկտ. Սաքայեանի զգայնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի հանդէպ, իրեն ղրկած էր Զիւրիխի Tages-Anzeiger լրագրի խմբագիր Daniel Suter-ի լոյս ընծայած յօդուած մը զուիցերիացի բուժքոյր Քլարա Զիկրիստ-Հիլթիի մասին, որ 1915-1918 թթ. գտնուելով հարաւ-արեւելեան Թուրքիոյ մէջ ականատեսը եղած էր Հայոց Ցեղասպանութեան եւ գրած էր «Ամառ 1915» վերնագիրով յուշագրութիւն մը: Յօդուածին մէջ ակնարկ մը եղած էր նաեւ Քլարայի մէկ այլ գրուածքի՝ օրագիրի մը մասին, որմէ սակայն որեւէ մէջբերում չէր եղած։ Հակառակ յուշագրութեան մէջ կատարուած կրճատումներուն ու յապաւումներուն, այդ յօդուածը խիստ շարժած է դոկտ. Սաքայեանի հետաքրքրութիւնը եւ ան սկսած է որոնել։ 10 տարի տեւած են այդ որոնումները, մինչեւ որ ան վերջապէս 2012-ին համացանցին մէջ պրպտելով իր նպատակին հասած է, տեղեկանալով, որ Զիգրիստ-Հիլթի ամուսիններու որդիներէն Rudolf Sigrist-ը 2005-ին իր ծնողքին գրաւոր ժառանգութեան զգալի մասը յանձնած է Զիւրիխի ճարտարագիտական համադաշնային համալսարանի ETHZ (Zürich) ժամանակակից պատմութեան արխիւին։

Սաքայեանի ուրախութիւնը անսահման է։ Ան կապի մէջ կը մտնէ արխիւին շատ սիրալիր աշխատախումբին հետ եւ կը պատուիրէ արխիւային նիւթերուն  թուայնացուած առաքումը։ Որոշ ժամանակ անց ձեռք կը բերէ 16 ծրար լեցուն բազմազան արժէքաւոր նիւթերով` օրագրեր, ականատեսի վկայութիւններ, նշումներ, նամակներ, քարտէսներ, բացիկներ, մահախօսականներ, լուսանկարներ եւ այլն, մեծ մասամբ անտիպ ձեռագիր գործեր։ Բացառութիւնը միայն մէկ տպագրուած գիրք էր, ան ալ հայերէն։ Ո՞վ պիտի սպասէր, որ  գերմաներէնով արխիւի մը մէջ հայերէն գիրք մը պիտի գտնուէր։ Եւ Սաքայեան կը նկարագրէ այդ գիրքը, որու հեղինակը հայորդի Հայկ(ազուն) Արամեանն է եւ որուն վերնագիրն է «Մեծ Եղեռնի Պատգամ. Հայոց Տանթէական», Պէյրութ, 1970։ Կը տեղեկանանք, որ Արամեան ճարտարագէտ Ֆրից Զիգրիստ-Հիլթիի հայ պահեստապետը եղած է, որը զուիցերիական George Panos անուն-մականունով ծպտուած կը գոյատեւէ քանի մը տարի եւ գնումներու համար ազատ կ’երթեւեկէ առանց հետապնդուելու իբրեւ  հայ։ Այդ է պատճառը, որ Արամեան շատ աւելի շատ տեսած է Հայոց Տանթէականէն քան որեւէ այլ հայ։ Ահա’ թէ ինչպիսի եզրակացութեան կու գայ ան տեսնելով այդ ամէնը.

«Ինչ որ ալ գրի առնուած ըլլայ, բոլոր ծանօթ հայ եւ եւրոպացի հեղինակներու կողմէ, հազիւ թէ աննշան մի մաս կը ներկայացնէ Մեծ Եղեռնի սարսափելի մեր նահատակութեան»:

Սաքայեան կը պատմէ, թէ որքան ժամանակ եւ ջանք պահանջած է իրմէ գոթական ձեռագիրով գրուած հարիւրամեայ փաստաթուղթերու վերծանումը եւ լատինատառի փոխադրումը։ Կը հաղորդէ նաեւ, որ այսօր հին գերմաներէն գիրն ամբողջութեամբ գործածութենէ զուրկ է, եւ թիւով շատ քիչ մարդ մնացած է, որ կարող է գոթերէն ձեռագիր մը կարդալ։ Իրօք, նոյնիսկ Քլարայի թոռները ի վիճակի չեն եղած կարդալու եւ  հասկնալու իրենց մեծմօր օրագիրը: 2016-ին, երբ Սաքայեան հանդիպած է Զիգրիստներու ամբողջ գերդաստանին, անոր յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած են։ Սաքայեան նաեւ կը նկարագրէ հսկայական հետազօտական աշխատանքը, որ կատարած է, որպէսզի կարողանայ ստացած տեղեկութիւնները հանգամանօրէն մշակել եւ տեղադրել իրենց ճիշդ ժամանակի մէջ: Ի լրացումն այդ բոլորին, մէջբերումներ կատարելով Հայկ Արամեանի հայերէն գիրքէն՝ Սաքայեան կը պատմէ, թէ ինչպէս Զիգրիստ-Հիլթի զոյգը 1916 թուականի Յունիսին օգնած է իրենց պահեստապետ Արամեանին, որ վերջինս իրականացնէ իր արկածներով լի փախուստը ու փրկէ իր կեանքը:

Մենք ներկաներս կլանուած կը հետեւէինք դոկտ. Սաքայեանի խանդավառ խօսակցութեան, կարծես ամէն ինչ երէկ պատահած ըլլար: Քար լռութիւն կը տիրէր դահլիճին մէջ։ Բայց հարցեր ալ շատ կային։ Այսպէս, ներկաներէն մէկը հետաքրքրական հարցում մը տուաւ ըսելով. «Ունէիք արխիւային նիւթերու այդպիսի մեծ բազմազանութիւն։ Ինչպէ՞ս կարողացաք գրել մէկ ամփոփ եւ այդքան լաւ կապակցուած վաւերագրութիւն մը, ինչպէ՞ս կառուցեցիք այս գիրքը»։ Ահա’ Սաքայեանի պատասխանը։

Գիրքին կառուցուածքն ինքն իրեն առաջադրած է։ Այն ունէր երեք գործող անձ, ուստի եւ պիտի ունենար երեք հիմնական գլուխ, որոնցմէ առաջինը նուիրուած պիտի ըլլար Քլարային, երկրորդը Ֆրիցին, իսկ երրորդը Արամեանին։ Ամբողջապէս յենուելով փաստագրական նիւթերու վրայ, այս գիրքը ինքն-իրեն դարձաւ իրական կեանքի յուզիչ պատմութիւն մը՝ մարդկային անասելի տառապանքի, բայց եւ քրիստոնէական գթասրտութեան, խիզախութեան ու անձնազոհութեան մասին։ Եւ ցոյց տալու համար, թէ ինչպէս իրար հետ կապ չունեցող փոքրիկ նախադասութիւններ ի մի եկան լրացնելու Զիգրիստներու մասին ամբողջական պատմութիւնը՝ Սաքայեան սկսաւ փոքրիկ մէջբերումներ կատարել Քլարայի օրագիրէն. «Այսօր քարիւղի տակառին մէջ լողացայ», «Այսօր լուացքս դուրսը փռեցի եւ արդուկս ալ դուրսը ըրի», «Այսօր կրակոցներ տեղի ունեցան պարտէզիս սեղանիկին շուրջը», «Այսօր նորէն հայերը կ’անցնին հազարներով։ Այս անգամ կղերականներ են, եւ մայրապետներ ալ կան անոնց մէջ»։

Դոկտ. Սաքայեանի հետաքրքրական ոճն ու բացատրութիւնները իրեն համար գուցէ սովորական բաներ էին, սակայն մենք կլանուած հետաքրքրութեամբ կը հետեւէինք առանց կորսնցնելու ոչ մէկ մանրամասնութիւն:

Բանախօսութեան աւարտին ցուցադրուեցաւ գիրքին մասին պատրաստուած տեսերիզ մը, ապա անոր յաջորդեցին նկարներու սալիկներ՝ ուր բանախօսը իր բացատրական տեղեկութիւններով ներկաներուն մտքին մէջ ամրապնդեց իր անցած երկար ճանապարհի կարեւոր հատուածները:

          «Գանձ մըն էք, որ ունինք մեր մէջ: Անփոխարինելի’: Յարգելի տիկ. Սաքայեան, մենք կը խոնարհինք Ձեր հատու ու յանդուգն գրիչին, Ձեր անսակարկ աշխատանքին ու համբերութեան, Ձեր անծայրածիր գիտութեան եւ վերջապէս սոյն փառաւոր ժառանգին առջեւ, որ կը կոչուի «Նրանց քշում են անապատները…»: Այսպէս արտայայտուեցաւ պրն. Աւետիս Պագգալեան իր փակման խօսքին մէջ:

Յարգանքի յոտնկայս ծափողջոյններով ներկաները պոռթկացին իրենց զսպուած յուզումը: Անկեղծ ողջագուրումներ աւելի կը շեշտէին ստեղծուած մթնոլորտի խանդավառութիւնը: Հարցումներ, գնահատանքի արտայայտութիւններ տակաւին կը շարունակուէին բաւական երկա՜ր:

Հայերէն գիրքի օրինակները արդէն վաղուց սպառած են, իսկ անգլերէնը արագօրէն կը յափշտակուէր ու կը մակագրուէր:

Շատ անգամ մեր միջոցառումները շռայլօրէն կը նկարագրենք աննախընթաց մակդիրով… բայց այս մէկը՝ իրապէս’ աննախընթաց  էր, իր կազմակերպուածութեամբ, իր հայրենասիրական  ոգիով, իր գրական արժէքով, եւ մանաւանդ հանդիսատեսներու անսահման հետաքրքրութեամբ եւ գործուն մասնակցութեամբ։

 

Յ Գ. Մետասաներորդ ժամուն դոկտ. Սաքայեանէն տեղեկացանք, որ այս երեք լեզուներով գիրքին 4-րդը կը ծրագրուի… թրքերէն լեզուով: Պայմանագիրը (Contract) ստորագրուած է Birzamanlar Yayincılık-ի հետ, բայց իրագործումը կը յետաձգուի սպասելով քաղաքական իրավիճակի աւելի նպաստաւոր պայմաններու։ Սա համարձակութիւն չէ’ միայն…, յանդգնութիւն չէ’…, հերոսութի’ւն ալ չէ…, սա գործնական հայրենասիրութի’ւն է…:

«…Արժան եւ իրաւ»:

 

Պ. Գ.

«ԱՊԱԳԱՅ»