Երաժշտագէտ Սամուէլ Քէօշկէրեաի «Մեսրոպ Մաշտոց ու Սահակ Պարթեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին երաժիշտները» գիրքին շնորհահանդէսը

Մոնթրէալ - Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

«Քարմա»… իսկ մենք հայերս կ’ըսենք՝ «ինչ որ ցանես՝ այն կը հնձես…»:

Տարիներու գիտութեան իր ամբարած հունձքը, յարատեւ աշխատանքի ցորենը, մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու իր հասուն բերքն էր որ կը քաղէր Սամուէլ Քէօշկէրեան, 19 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, Թէքէեան Մշակ. Միութեան «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» սրահին մէջ:

Եւ այդ հատորին ժառանգութիւնը, որ ան կը պարգեւէր ապագայի ուսումնասիրողներուն, կը խորագրուէր՝ «Մեսրոպ Մաշտոց ու Սահակ Պարթեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջին երաժիշտները»:

Եւ այդ 378 էջնոց գիրքը, որուն շնորհահանդէսը տեղի կ’ունենար այդ գիշեր, եռալեզու էր (հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն). եռապատիկ աշխատանք եւ հետեւաբար եռապատիկ պայքար օտարութեան դէմ:

Դասականը գնահատող հասարակութեան մը ներկայութեան՝ տիկ. Ծովակ Սողիկեան յստակ եւ մաքուր առոգանութեամբ վարեց յայտագիրը անսայթաք մինչեւ վերջ:

Բարի գալուստի խօսքերէն ետք ան ներկայացուց օրուայ պատուոյ հիւրը նշելով անոր բոլոր նուաճումները:

Պրն. Սամուէլ Քէօշկէրեան հանրութեան մատուցած է երաժշտագիտական նիւթեր, գունագեղ ու այլազան բարձրորակ միջոցառումներ՝ էսթրատային թէ առցանցային, տեղեկագրական յօդուածներ («ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին մէջ) երգահանդէսներ, եւ ահաւասիկ ալ, նոր անակնկալ մը իր բազմաբեղուն ձիրքերուն առընթեր, երբ այսօր ան կը ներկայանայ հատորի մը մէջ համախմբուած աշխատասիրութեամբ մը:

Պրն. Վիգէն Ադդարեան բոլորիս ծանօթ է իր անսահման ու բազմազան՝ մշակութային, գրական, լեզուական, քաղաքագիտական ու պատմագիտական հմտութիւններով, մանաւանդ իր բարձր ոճով ու ընտիր մայրենիով գրուած անառարկելի ուսումնասիրութիւններով յարմարագոյն անձն էր սոյն հատորը ներկայացնելու:

Շատ անգամ կարդացած կամ լսած ենք գրախօսականներ, սակայն այստեղ կ’ուզենք բացայայտօրէն լուսաշեշտել, որ հակառակ նիւթին բովանդակութեան բարդութեան, պրն. Վիգէն Ադդարեան եղաւ այն հազուագիւտներէն որուն ներկաները հետեւեցան ամենայն հաճոյքով ու հիացումով: Շատ անգամ կը նկատէինք անոնց համոզման գլխի հաստատական շարժումները իր խօսած պահուն:

Պրն. Ադդարեանի զանազան անկիւններէ դիտուած (գրական, տեղեկատուական եւ թեքնիք) նկատողութիւնները պիտի փափաքէինք աւելի մօտէն ներկայացնել:

Մերթ ընդ մերթ համեմելով իր բանախօսութիւնը՝ նուրբ սրամտութիւններով, պրն. Ադդարեան բացատրեց իր հինգ մօտեցումները յաջորդաբար (հագուելով ու փոխելով տարբեր գլխարկներ) (to wear different hats) ինչպէս ինք կ’ըսէր:

1) նախաբան. անձնական մօտեցումի գլխարկով  – Պրն. Ադդարեան մօտեցաւ նիւթին զգացական անկիւնէ մը: Ունկնդրեցինք Մեսրոպ Մաշտոցի «վտանգ իմի բազմութենէ մեղաց իմոց» երգը կատարողութեամբ՝ Խաչիկ Փիլիկեանի (բանախօսին քեռին): Պրն. Ադդարեան նուրբ շղթայով մը ներկայացուց ուրիշ սիրելիներու կապը օրուան նիւթին հետ – ներկայ կամ ննջեցեալ – օր. բանասէր դոկտ. Արմինէ Քէօշկէրեանը որոնք անմիջական կապ ունեցած են իրեն հետ: Այդ շղթայակապը հասցուց մինչեւ Սամուէլ Քէօշկէրեանին, որ եղած էր իր անդրանիկ որդւոյն ուսուցիչը: Իսկ ի՞նչ էր կապը նիւթին հետ: Բացատրեց թէ անձնական կապերը մեզ յարգանքի ու մարդկային պարտաւորութեան տակ կը դնեն իրարու նկատմամբ: «Անոնք վերյիշելը շատ կարեւոր է. անով կապուած է մեր ամբողջ էութիւնը» ըսաւ ու բացատրեց թէ երբ հեղինակը կը ձօնէ այս նուիրական հատորը իր ծնողներուն, ան կը խօսի զգացումներու լեզուով:

2) Հատորին պարունակութիւնը ճարտարագէտ – գիտնականի մօտեցումով – Յարգելի գրախօսը հոս նկարագրեց հատորին կազմութիւնը՝ էջերը (378), օգտագործուած աղբիւրները (131), եռալեզու ըլլալու բաղադրութիւնը (հայերէն 135 էջ, նիւթ 117 էջ + աղբիւրացանկ 18 էջ – անգլերէն 118 էջ, նիւթ 103 + աղբիւրացանկ 15 էջ – ֆրանսերէն 124 էջ, նիւթ 108 էջ + աղբիւրացանկ 16 էջ):

Պրն. Ադդարեան անցեալի փորձառութեան հիման վրայ յստակօրէն բացատրեց, թէ հայերէնը միատող տողամէջով է մինչ անգլերէն ու ֆրանսերէն բաժինները երկատող տողամէջով. հայերէնին տողային յաւելեալ խտութիւնը կը բացատրուի՝ լեզուական բառիմաստային տարբերութեամբ՝ համեմատաբար միւս լեզուներուն, իսկ այս պարագային՝ գլխաւորաբար չորրորդ լեզուի մը ներկայութեամբ, որ գրաբարն էր: Անգլերէնը առեւտուրի եւ գիտութեան լեզուն ըլլալուն համար իմաստային խտութիւն ունի, սակայն հայերէնի լեզուային ճոխութիւնն էր որ զայն վերածած էր «աղօթքի լեզուի»:

3) Հատորին արժանիքները հայագիտականի դասախօսի մօտեցումով – յարգելի դասախօսը (փոխելով իր գլխարկը) օրինակներով ու մէջբերումներով ներկայացուց հետեւեալ 7 կէտերը.

ա) Սպառիչ եւ պատկառելի աղբիւրացանկի գործածութիւն:

բ) Աղբիւրներու համադրումը եւ միատեղումը:

գ) Վերլուծուած եւ ուսումնասիրուած գործերու համապարփակ ներկայացումը, երկու հայերէն լեզուներով (գրաբար եւ աշխարհաբար):

դ) Յիշուած աղբիւրներու գրաբարի ամբողջական մէջբերումները:

ե) Մասնագիտական մօտեցումը (թէ’ կրօնական, թէ’ երաժշտագիտական):

զ) Եռալեզու ըլլալը:

է) Գործածելի ըլլալը որպէս դասաւանդման նիւթ եւ միջոց:

4) Հատորին թերութիւնները՝ խմբագիր – հրատարակչի մօտեցումով – բանախօսը մեզի բացատրեց թէ անոնք կ’առնչուին ընդհանրապէս հայերէն բաժնին գլխաւորաբար ձեւային հարցերուն հետ. այսինքն՝ գլխաբաժանումներու բացակայութիւնը եւ հետեւաբար նիւթացանկի չգոյութիւնը կը ստեղծէ պարունակութեան բազմութիւն եւ ընդհանուր խճողման տպաւորութիւն, իսկ աղբիւրներու գրաբարեան ամբողջական վերարտադրութիւնը, կը շեղէ եւ կը յոգնեցնէ ընթերցողը: Գալով էջատակի ծայրայեղ նօթագրութիւններուն, անոնց մէկ մասը կրնար կցուիլ բուն նիւթին կամ ալ յիշուիլ ծանօթագրութիւններու բաժնի մը մէջ, հատորի աւարտին:

5) Հատորին եզակի հանգամանքին բաժինը կեդրոնացուց ներկաներուն ուշադրութիւնը, որը՝ մտահոգ հայու մը մօտեցումն էր:

Ահաւասիկ հատոր մը, որ կը վայելէր ըլլալու առաջինն ու միակը որ ամբողջութեամբ եւ մանրամասնօրէն նուիրուած էր այս իւրայատուկ նիւթին: Այսինքն՝ ցուցակագրային աղբիւրային միջոց մըն էր, որ մէկ հատորի մէջ կը համադրէր բոլոր անհրաժեշտ կապակցութիւնները ու յղումները: Բանախօսը սրտի ցաւով անդրադարձաւ որ ժամանակի անախորժ իրականութեան դէմ պայքարող պատգամ մըն էր սոյն հատորին թաքուն կոչը:

«Չեմ ուզեր հաւատալ թէ այդ իրականութեան առջեւ կը գտնուինք, երբ պիտի գայ ժամանակը, որ աշխարհի երեսէն վերանան հայերէն լեզու կարդացողները, գոնէ արեւմտահայերէնը: Հաւանաբար այդ կրնայ պատահիլ իմ կեանքիս ընթացքին: Ահա թէ ինչու այս գործը եզակի հանգամանք ունի, որովհետեւ երեւակայեցէք, որ օր մը, եթէ հայերէն չեն գիտեր եւ չեն կրնար հասկնալ թէ ինչ գրուած են բոլոր հայերէն գիրքերուն մէջ, կրնայ ըլլալ, որ այս եռալեզու գիրքով – ֆրանսերէնը գիտնալով – պիտի գիտնան հայերուն արժանիքը՝ հայերէնը վերծանելով: Այսինքն ձեւով մը անախորժ ժամանակին դէմ պայքարիլը ա’յս է»:

Ընդհանրապէս ելոյթ ունեցողներ՝ երաժիշտ, ասմունքող- կամ այս պարագային բանախօս պրն. Ադդարեան- կատարումի վերջաբանին կը պահեն իրենց ամէնէն զօրաւոր եւ ուժեղ եզրակացութիւն – հարուածը (punch line): Պահ մը երեւակայեցինք, թէ այսքան գեղեցիկ եւ հզօր բանախօսութենէ մը ետք աւելի ի՜նչ կրնար ըսել մեզի… որքան աւելի գեղեցիկ ու աննախընթաց վերջաբան մը կարելի էր գտնել…

Եւ պրն. Ադդարեան այսպէս վերջացուց իր գրախօսականը.-

«Երեւակայեցէք պահ մը որ ծովեզերքն էք եւ հոն ամէն օր կ’երթաք եւ կը դիտէք ալիքները՝ արեւի մայրամուտին: Հոն հաւանաբար կայ շիշ մը, մոմակնիքով փակուած: Գոցուած շիշին մէջ կը գտնէք երեք մագաղաթներ- երեք տարբեր լեզուներով – հարիւրամեակներէ առաջ ղրկուած ձեզի: Մէկ լեզուն երբե’ք չէք ճանչնար, չէք գիտեր թէ ի՞նչ գրուած է հոն, բայց միւս լեզուները ձեզի պիտի օգնեն վերծանելու…: Եւ անոր համար ես շատ երախտապարտ եմ Սամին»:

Յուզուած էր յարգելի բանախօսը … :

Հայու մը մտահոգ զգացումներն էր որ կը բարձրաձայնէր:

Յուզուած էինք եւ մենք:

Երկվայրկեանի մը համար, քար լռութենէ ետք յարգանքի եւ գնահատանքի որոտընդոստ ծափերուն մէջ Պրն. Ադդարեան հանդարտօրէն գրաւեց իր տեղը:

Յայտագրի գողտրիկ մէջբերումով նախ՝ Սիլվա Ամատունին ասմունքեց 15-րդ դարու մատենագիր Գրիգոր Տաթեւացիի քրոջորդի Տաթեւ Վանքի վանահայր Առաքել Սիւնեցիի 48-րդ քերթուածէն՝ նախ բնագիր (գրաբար) ապա աշխարհաբար հատուած մը «Վասն շարական արարողաց»ը: Յետոյ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի ապաշխարհութեան շարականներէն «Անկանիմ առաջին քո Տէր»ը եւ Սահակ Պարթեւի Աւագ Երեքշաբթիի «Ահաւոր է Թագաւոր Մանկունք» ԳԾ շարականը յուզումով մեներգեց Հիլտա Լիպարեան – Օգումուշեան տեղաշարային նուագարանի ընկերակցութեամբ յանձին պրն. Քէօշկէրեանի եւ վերջապէս՝ կրկին հրաւիրուեցաւ Սիլվա Ամատունի, որ զգայուն մեկնաբանութեամբ ասմունքեց Համօ Սահեանի «Գարունդ Հայերէն է» քերթուածը:

Հուսկ ուրեմն տիկ. Ծովակ Սողիկեանի հրաւէրով ու յարգանքի ծափողջոյններու մէջէն բեմ բարձրացաւ շնորհահանդէսի պատուոյ շարժառիթը պրն. Սամուէլ Քէօշկէրեան:

Միախառնուած յուզումի եւ հրճուանքի ձայնով շնորհակալութիւն յայտնեց Թէքէեան Մշակ. Միութեան վարչութեան եւ իր ատենապետին՝ պրն. Նուպար Պապիկեանին, յարգելի բանախօսին եւ բոլոր անոնց որոնք կազմակերպեցին սոյն շնորհահանդէսը:

Պրն. Քէօշկէրեան խօսեցաւ, իր կոչումին հաւատարիմ, մինչեւ վերջին վայրկեանին իսկ գէթ բան մը եւս մեզի պարգեւելու եւ սորվեցնելու իր երաժշտագիտութենէն մասունք մը: Մի քանի հարցումներ ուղղուեցան անոր, հայկական խազերու մասին, որոնց պատասխանեց ամենայն հանդարտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ:

Տիկ.  Ծովակ Սողիկեանի շնորհակալական խօսքերէն ետք, տեղի ունեցաւ մակագրութիւն եւ սուրճի ու քաղցրեւէններու պատուասիրութիւն պատրաստուած տիկ. Սալբի Հալաճեան-Մարկոսեանի կողմէ:

Շնորհահանդէսէ աւելի յարգանքի ու քաջալերանքի փառատօն մըն էր, ուր Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը կրկին փաստեց թէ իր հայապահպանման առաքելութեանց առընթեր, գիտէ յարգել ու գնահատել աշխատանքը բոլոր անոնց, որոնք թէ’ անցեալին եւ թէ’ մինչեւ այսօր կը ծառայեն հայ մշակոյթին… Միութիւն մը որ գիտէ եւ տա’լ, այդ յարգանքի եւ գնահատանքի «Տուք զկայսերն կայսեր»-ը, որ գիտէ տրամադրել նոյն ենթահողը, որուն վրայ հաստատ եւ ուժեղ զգալով հող կը մշակէ այն սերմնացանը՝ «ինչպէս պիտի զգար Արշակ Թագաւորը հայկական հաստատ հողին վրայ», որպէսզի ստեղծագործէ:

 

(Գրախօսական բոլոր  կէտերը գործածած ենք յարգելի պրն. Վիգէն Ադդարեանի բանախօսութեան ծանօթագրութիւններէն):

 

 

Պերճ Գոգորեան