Յունիսի այդ օրը կէսօրին՝ միայն մեր ճաշասեղանը պարապ էր: Շատեր զբաղած էին իրենց յարկաբաժիններուն մէջ կամ ալ դուրսն էին ինչպէս բժիշկի, շուկայի, թերեւս ալ եկեղեցիի յատուկ ժամադրութիւններով: Երկու հոգի էինք, բնակիչներէն Պր. Նուպար Հիմիտեան եւ ես:
Նուպարը, ոգեւորուած իր Լիբանանի յիշատակումներով, յարկաբաժինէն բերաւ փոքր գաւաթ մը գինի ինչ որ կիսեցինք քանի մը ումպով: Ախորժաբեր գինի մըն էր, ըսենք սեղանի կարմիր գինի: Հարցուցի գինիին անունը եւ այսպէս խօսակցութիւնը մտերիմ հանգամանք առաւ մինչեւ անգամ համարձակեցայ իրմէ խնդրել շիշ մը – քանի որ սնտուկով կը գնէ – յաջորդ օրը բարեկամներուս տունը իբր հիւր պարապ չերթալու համար: Նուպարը կրկին վազեց վեր, զարդարուն տոպրակով շիշ մը գինին յանձնեց, ազնուօրէն դրամը չընդունեց, կատակ ժպիտով մը ըսաւ՝ միայն մէկ տոլար:
Վերը յարկաբաժնիս մէջ շիշը քննեցի եւ ինքնաբերաբար բանալ փորձեցի: Զարմանալի բան, կափարիչը պարզ ոլորելով շիշը բացուեցաւ: Խցան չկար: Կարելի՞ բան է ֆրանսական գինիի շիշ մը առանց խցանի: Գէշ մտածումներ ունեցայ՝ թէ Նուպարը ինծի բացուած գինիի շիշ մը տուաւ: Երկար մտածեցի. ըսեմ թէ չըսեմ իրեն: Վերջապէս հեռաձայնեցի:
Արդիւնքը եղաւ նախ բացատրութիւն ապա վիճաբանութիւն՝ թէ շիշը բացուած է կամ ոչ, եւ վերջապէս երկու կողմէն ոչ միայն անհասկացողութիւն այլ խռովութիւն: Նոյն օրը գինին ուրիշին տուի որ երեսը չտեսնեմ եւ յաջորդ օրն իսկ առանց բարեւի նոյն տոպրակը, տոլարը եւ յամառ երկտող մըն ալ հետը, թէ գինին բացուած էր, անտարբեր օրէն տուի իրեն:
Որոշ ցաւ կ’զգայի երբ ճաշարանը կը տեսնէի զինքը, բայց ոչ աւելի: Նուպարը սակայն երկտողս պահեր է դրամապանակին մէջ ու օրերով մտմտացեր է թէ ինչո՞ւ այն օրը Տիկին Քրիստինը մինչեւ իսկ ինծի հեռաձայնեց սա անարժէք շիշին բացին գոցին համար. միթէ կ’արժէ՞ վիճաբանիլ. ի՞նչ լուծում գտնենք մեր պաղ վերաբերմունքը փարատելու համար:
«Եվրէքա» բարձրաձայն ուրախութեան ճիչերով տասը օր վերջ ճաշարան մտաւ Պր. Նուպար Հիմիտեան, գինիի շիշին նոյն տոպրակը ձեռքը ու նստաւ դիմացս ու յաղթանակօրէն շարունակեց «Լուծումը գտայ, ոչ դուք յանցաւոր էք ոչ ես, պատճառը խցանն է»: Ու ցոյց տուաւ թէ կարգ մը ֆրանսական գինիներ շիշը գոցելու համար խցան չեն գործածեր:
Իրարու ձեռք թօթուեցինք: Յիշեցի Յովհ. Թումանեանի Կաթիլ մը մեղրը ուր թափած կաթիլը աշխարհը տակն ու վրայ ըրաւ:
Ք. ՏՐԴԱՏԵԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ