Արարատ Բնակարաններու Բնակիչներու
Թատերական Ձեռնարկը
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնին Մէջ
«Անժէլ Հասիր»
Թէքէեան Կեդրոնը տարիներ ամբողջ Ուրբաթ երեկոներու ժամադրավայրը եղած է բարեկամներու, ազգայիններու, որոնք շաբթուան աշխատանքի խոնջէնքէն վերջ, ընկերային ժամանց կ’ունենան եւ ըստ փափաքի կը ճաշակեն համեղ ճաշեր:
Այս երեկոյթները կը համեմուին, «ազգային, գեղարուեստական, մշակութային բնոյթ ունեցող նիւթերով, որոնք կը գնահատուին հոծ բազմութեան կողմէ:
31 Մայիսի Ուրբաթ երեկոն իր տեսակին մէջ ինքնատիպ էր. պատճա՞ռը Արարատ Բնակարաններու բնակիչներն էին, որոնք խնդուն ու զուարթ սեղաններու շուրջ բոլորը նստած կը ճաշակէին Վիվիկի այլատեսակ ճաշերը: Հոծ թիւով ներկաները եւս եկած էին ընկալելու անոնց պատրաստած թատերական ելոյթը. «Անժէլ Հասիր»:
Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութեան ատենադպրուհի Ցոլինէ Մուղալեան բարի գալուստի պատշաճ իր խօսքէն վերջ, հրաւիրեց Արարատ Բնակարաններու պրն. Ազատ Թէմիզճեանը որ իր կուռ խօսքին մէջ վերյիշեց Թէքէեանի երիտասարդացի մէջ իրենց ունեցած ազգային մտահոգութիւնները ապա տարիներ վերջ գաղութին կարիքները նկատի առնելով գաղափարը յղացած են եւ գործադրութեան դրած տարեցներու բնակարանի մը հաստատուիլը:
Արարատ Բնակարանները մեծ հետաքրքրութիւն եւ յաջողութիւն արձանագրած են: Ջերմ ծափահարութիւններով ներկաները իրենց գնահատանքը յայտնեցին:
«Անժէլ Հասիր» զաւեշտախառն թատրոնը սկսաւ լաւ պատրաստուած խանութի մը մէջ ուր Սերկօն Վարուժան Թաշճեան (խանութի սեփականատէրը) կէս դարու իր բեմական փորձառութեամբ անընդհատ ծիծաղ յառաջացուց. իւրաքանչիւր յաճախորդի լեզուն իրեն անծանօթ ըլլալով կը կանչէր «Անժէլ Հասիր» Անժէլը Ժագլին Առաքելեան կնոջական իր վարպետ խօսելակերպով կացութիւնը կը փրկէր հագուստի վաճառքը կը յաջողցնէր: Ժագլինին դերասանական կարողութիւնը դրսեւորուեցաւ իր բնական խաղարկութեամբ խնդուքներ խլելով ներկաներէն:
Յաճախորդներու մուտքը փողոցէն խանութ, իրենց ազգային պարերու նազանի շարժումներով ինքնատիպ եւ հաճելի էին: Անոնք բեմ գալով իրենց հարազատ լեզուով գնում ընել կը փորձէին: Անժէլ ճարտար վաճառողի կարողութեամբ կը յաջողէր ծախել հագուստները:
Գնորդի դերով հանդէս եկան.
Սպանիացին – Ազնիւ Մարտիրոսեան
Պարսկահայը – Ռիթա Պատալեան
Յոյնը – Arkantas Touppa
Երկու լիբանանցիները Christine Semaan Rosa Kobak
Խառնածինը – Մարիանա Քասնաքեան – Առաքելեան որ քնջուիի տարազին տակ պահած էր հայու իր մեծ սիրտը եւ կը կրկնէր «Ես Հայ եմ» մեծ մայրիկը խմորին վրայ ձեռքով խաչ մը կ’ընէր:
Հասաւ վերջին գողը – Զաւէն Գազանճեան եւ պարեց պարուհին – Նանսի Սարգիսեան:
Բեմադրիչը Վարուժան Թաշճեան արժեւորեց իր տարիներու վաստակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թէքէեան Մշակ. Միութեան մասնաւորաբար Աբրահամ Տէմիրճեանին:
Անխոնջ մտաւորական Քրիսթին Գույումճեան-ի գրիչին երաշխիքն էր այս զուարթ երեկոյին ծնունդը:
Ներկայ հիւր մը կ’ըսէր . «այս տիկինները «Արարատ Բնակարանները երթալէն վերջ աւելի երիտասարդացեր են» ճիշդ էր, Սիլվին հոն է որ կեանք սէր եւ ոգի կու տայ երէցներուն որպէսզի անոնք երջանիկ ապրին:
Կը շնորհաւորենք բոլոր դերակատարները եւ կը մաղթենք առաւել յաջողութիւններ եւ բարօր կեանք:
Վ. Պալեան