Թէքէեանի «Մեղեդի» (TRIO) երրեակի անդրանիկ ելոյթը

Les journée de la culture-ի համոյթներու շարքին մէջ, Ուրբաթ 25 Սեպտեմբերին Christ Church Cathedral-ի մէջ, ԹՄՄ-եան նորակազմ քառեակը ունեցաւ մշակութային ելոյթ մը, ներկայացնելով հայկական միջնադարեան մեղեդիներ-ու երգեր:

Մեծ թիւով ներկաներուն մէջ էին նաեւ հայ համայնքը, որ հաճոյքով հետեւեցաւ Trio-ի անդամներուն՝ Այտա Գարիպեան (երգ), Սամուէլ Քէօշկէրեան (երգեհոն եւ դաշնամուր) եւ Joseph Hafner (cello, թաւջութակ), հինգ երգերէ բաղկացած ելոյթները:

Երգացանկը վերջացաւ «Կռունկ»ով:

Ծափահարութիւնները եկան վկայելու (TRIO)-ի բացառիկ կատարողութիւնները:

Յաջողութիւն կը մաղթենք նորակազմ երրեակին եւ իր պատասխանատու ղեկավար Սամուէլ Քէօշկէրեանին:

 

Ներկայ մը