Թէքէեան Մշակութային Միութեան Անփոխարինելի Պուրակին Մէջ՝ Canada Day-ի Ընտանեկան Ջերմ Հաւաք

Մոնթրէալ

Երկուշաբթի՝ 1 Յուլիս 2024:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան անփոխարինելի պուրակը:

Անոյշ զեփիւռ մը հազիւ թէ կարենար խանգարել արեւին տաքութիւնը: Թարմ խոտին ու ամառնային ծաղիկներու բուրմունքը կը ստեղծէր այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր մէկ կողմէն խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն որոնող ներկաներ՝ զբաղուած մեղմ խօսակցութեամբ, միւս կողմէն զուարթ հայկական եւ օտար մեղեդիներու հետ ակամայօրէն շարժող ոտքերով ու ձեռքերով, բոլորն ալ կը վայելէին փառաւոր Canada Day-մը:

Ինչպէս կարելի էր ունենալ Գանատայի հանդէպ ամենայն յարգանք ու մեծարանք առանց վայելելու ազգային հիմնը: Եւ ահա թունդ եւ զգայացունց ձայն մը կը հնչէր «O Canadan»-ն Այտա Գարիպեանի շունչով. անոր յաջորդեց գողտրիկ սակայն նոյնպէս գրաւիչ «Իմ Հայրենիք»-ը, որ կը ցնցէր մեր հոգիները: անակնկալ յայտնութիւն մըն էր, որ կը գրաւէր ներկաներու ուշադրութիւնը: Պարմանուհի Մառինէլլա Օհանեան-Հոնտրանիքոլասն էր:

Տասնեակ մը՝ քաղաքական դէմքեր իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Գանատայի Ազգային տօնը եւ փոխադարձաբար կը վայլէին ՌԱԿ-ի Էօժէն Բաբազեան ակումբի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութեան, կազմակերպութեամբ աւանդութիւն դարձած Յուլիս 1-ի խրախճանքը:

Անոնք՝

Lambropoulos Emmanuella, Morin Andre, Lakhoyan Olivier Sona, DeSousa Alan, Deros Mary,  Salem Aref,  Gagnier Annie, Bakopanos Elenie, Aram Shoujounian (rep.Melanie Joly) Berdj Merdjanian,  James Kromida, Nathalie Cote’ (rep.Marwah Rizqy)… հատ առ հատ տուին իրենց սրտի խօսքը, դրուատելով մոնթրէալահայ գաղութի տիպար քաղաքացիական ներդրումը Գանատայի ազգային եւ հասարակական կեանքէն ներս:

Բացառաբար ճոխ, համեղ -Open Buffet-ի ճաշակաւոր կերպով պատրաստուած սեղանները (Վիվի Ահմարանեանի կողմէ) – միշտ կը թարմանային նոր ուտելիքներով ու քաղցրեղէնով. իսկ ֆուլին ու ֆէլաֆիլին ախորժաբեր հոտը կը համարձակէր յաղթել անհամբեր ներկաներուն ուտելու կամքը:

Աւելի ուշ ներկաներու փափաքին ընդառաջելով, կրկին անգամ վայելեցինք Մառինէլլա Օհանեան, որ իր հրապուրիչ ձայնով մեզի հրամցուց երգերու փունջ մը:

Միայն երեկոյեան յառաջացած ժամերը կը ստիպէին մեզի բաժնուիլ ու հեռանալ, սակայն կազդուրուած՝ նոր շաբաթ մը սկսելու թարմ ու եռանդուն աշխուժութեան մը:

 

Ներկայ մը