Թէքէեան Մշակութային Միութեան Գծագրա-բազմատեսակ ոճով ցուցահանդէսը

Ամէն յաջողութիւն փոխանցիկ է եւ առաւել հպարտանալի, երբ երիտասարդներ են մասնակցողները եւ արժանի ամէն քաջալերանքի:

Նախանցեալ շաբթուայ երգիծանկարային ցուցահանդէսի յաջողութենէն ետք (կազմակերպուած Տէմսի Արզումանեանի կողմէ), ահա այս շաբաթավերջին՝ Ուրբաթ եւ Շաբաթ 8 եւ 9 Նոյեմբերին, ուրիշ ցուցահանդէս մը եւ պատրաստուած էր 5 արուեստասէրներու կողմէ:

1.- Serge Sumbulian (Sarks).

Ծնած է Պէյրութ (Լիբանան), կանուխէն գծագրական եւ արձանագործական, իր սկզբնական սէրը ծագում կ’առնէ Vanier College-էն: Յետոյ Concordia  համալսարանը մասնագիտանալով Art History-ի:

 

2.- Bedros Hagop Sakabedoyan

Ծնած Պէյրութ (Լիբանան). նախնական ուսումը ստացած Վահան Թէքէեան վարժարանէն. իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ Hovagimian -Manookian վարժարանէն: Կը շարունակէ իր ուսումը Հայաստան ստանալով՝ Master of Science in Education Sports. մասնագիտանալով մանկավարժական եւ մարմնամարզական զարացման  (Comprehensive understanding of pedagogy & athletic development): Արուեստի բուռն սէրը ունենալով կը հետեւի պատկերահանութեան՝ Dawson College-էն  (Montreal): «Դաշտանկարներու  (Landscape), մանաւանդ իրիկնամուտի այդ վերջին ցոլքերը շատ կը յուզեն զիս» կ’ըսէ ան:

3.- Zareh Amadouni

Ծնած 1961-ին Պէյրութ (Լիբանան): 1978-ին կ’աւարտէ Hovagimian -Manookian վարժարանը: 1984-ին կը ստանայ Bachelor of Architecture վկայականը: 1995-ին McGill համալսարանէն կը ստանայ Master of Architecture: Զարեհ կը վերադառնայ  Պէյրութ մասնակցելու պատերազմին պատճառած վնասներու վերաշինման: Չինաստան Henan &Hebei նահանգներուն մէջ կը ստեղծէ ZAplus ընկերութիւնը, որ յառաջանալով կը ճիւղաւորուի Արաբական Ծոցի երկիրները, Եգիպտոս, Միջին Ափրիկէ, Եւրոպա, Հիւսիսային Ամերիկա: 2021-ին կը վերադառնայ Մոնթրէալ: Զարեհ մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու ինչպէս նաեւ դասախօս (ճարտարապետութիւն) American University of Beirut եւ Չինաստան:

 

4.- Garbis Terzian

Թէեւ ինքնազարգացումով մասնագիտացած է Acrylics-ի մէջ, սակայն յաջողութեամբ կը գործածէ վառ ու կայտառ գոյներ, որ կը գրաւեն մարդկային կամ հոգեւոր թնճուկ հոգեվիճակներ:

Անսանձութիւն եւ Ազատութիւն բնականօրէն կը հոսին իր վրձինի գիծերուն մէջ:

 

5.- Catherine Sumbulian

Ծնած է 2000-ին եւ կարծես ժառանգած է հօր՝ Սերժին ձիրքերէն: Դէմքերու եւ դաշտանկարներու յաջող նկարները կարելի է գտնել առցանց-ի վրայ:

Հետաքրքրական եւ հաճելի ցուցահանդէսի մը հանգամանքը ստանալուն կեդրոնագոյն պատճառը ոճերու այլազանութիւնն էր: Նորութիւն մը, որ կը մղէր թէ հաճոյքը եւ թէ հետաքրքրութիւնը ներկաներուն: Երբ անոնք կը դիտէին ու կը վայելէին երկրորդ եւ երրորդ ոճէն, յետոյ կրկին կը վերադառնային առաջինին, ապրելով տարբեր գեղարուեստական տարբեր բերկրանք: Մէկ խօսքով սոյն գունաւոր ճաշակներու ներկայութիւնը հաւասարապէս սակայն տարբեր ձեւերով գոհացում կու տար թէ’ արհեստավարժ եւ թէ’ սիրող ներկաներուն:

 

Յ.Գ. – Ներշնչուած օրուայ յաջողութենէն, Զարեհ Ամատունի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան նուիրեց իր վերջին ստեղծագործութիւններէն «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին խորհուրդը ներկայացնող Tableau մը, որուն վրայ հպարտութեամբ կը սաւառնէր սլաձիգ արծիւ մը:

 

Պ. Գ.