Մոնթրէալ
Շաբաթ՝ 10 Փետրուար 2024, Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային կեդրոնի «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան»-ի սրահը գեղեցկօրէն յարդարուած, խայտաբղէտ լոյսերով պսպղուն, D.J. JANO-ի հարթակը զուարթ ու խօսուն ճաշակով պատրաստուած, սեղաններու վրայ տարտղնած գունաւոր սրտերու թռուցիկ-թղթիկներ, մանաւանդ «բաց սեղանը» (Open Buffet) պատրաստուած Տէր եւ Տիկ. Հրանդ եւ Ալիս Մարօնեաններու կողմէ կ’օգնէին պահանջուած տրամադրութիւնը ստեղծել:
Սրտերու օրն էր: Վարչութեան փոխատենապետուհի Ցոլինէ Մուղալեանի բացման խօսքով: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ան պատմականը ըրաւ Valentine տօնի ծագումին:
Ուրեմն՝
«Աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ Փետրուար 14-ը կը նշուի Valentine-ի օր կամ սիրահարներու տօն:
Այս տօնը Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ կը յիշուի 1777-էն ի վեր: Տօնին մեղաւորն էր քրիստոնեայ քահանայ մը՝ Վալէնթէն անունով, որ հռոմէական կայսրութեան ժամանակ, զինուորներու ամուսնութիւնը արգիլուած ըլլալով հանդերձ, Վալէնլթէնը գաղտնօրէն, սիրահարուած զոյգերը կ’ամուսնացնէր: Այդ պատճառաւ կայսրը, մահապատիժի կ’ենթարկէ անոր, որը ապագային՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ կը սրբադասուի: Մահապատիժը կը կատարուի Փետրուար 14-ին»:
Հետաքրքրական էր թուագրեալ chocolate-ներով վիճակահանութիւնը:
… Ճաշի սպասարկութիւնը անցաւ հեզասահ ու կանոնաւոր, որուն ընթացքին D.J. JANO-ի խանդավառ երգերուն կշռոյթին տակ երիտասարդ զոյգեր ու խումբեր ըմբոշխնեցին պարը՝ մինչեւ առաւօտեան փոքր ժամերը:
Հաճոյք ընողին՝ հաճոյք չի պակսիր… հոգ ընողին՝ հոգ չի պակսիր…:
Ուրեմն մեզի կը մնայ ընտրութիւնը…:
Ներկայ մը