Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Կոմիտաս» երաժշտանոցի ամավերջի հանդէսը

Շաբաթ՝ 23 Դեկտեմբեր 2023-ին, արտասովոր եռուզեռ մը տեղի կ’ունենար Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Յարութիւն եւ Սիմա Արզումանեան» Սրահին մէջ: Մանուկներ, պատանիներ, նոյնիսկ կարգ մը երիտասարդներ ուրախութեան եւ մտահոգութեան միջեւ տատանելով իրենց ծնողներուն քով կամ առանձին, միասին կը խօսակցէին կամ անհանգիստ լռութեան մէջ թաղուած էին:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Կոմիտաս» երաժշտանոցի ամավերջի հանդէսն էր որ տեղի կունենար:

Ինչպէս միշտ, սակայն այս անգամ աւելի գերազանցած էին իրենց նախկին աշխատանքները ու գեղեցկօրէն յարդարած էին, սրահիս վարչականներէն Գէորգ ու Ալին Իրատեանները, խլելով գնահատանքը բոլոր ներկաներուն՝ պտուղը տքնաջան պատրաստութեան:

Հաճելի էր երբ ձեռնարկը սկսաւ երեկոյեան ժամը ճիշդ 7-ին: Ֆրանսերէն լեզուով բացման խօսքը կատարեց աշխոյժ վարչական Շարիս Մալեանց, որ շնորհալի կերպով ներկայացուց օրուան հանդիսութեան նպատակը՝ մշակութային բացառիկ առիթ մը ստեղծել բոլոր աշակերտներուն որոնք կը փափաքին գոհացում տալ իրենց երաժշտական պահանջքին՝ ձայնային կամ այլ գործիքներու: Շարիս իր գնահատանքը յայտնեց ուսուցչուհի Լուսի Ժամկոչեանի, որ ամենայն համբերութեամբ ու բծախնդրօրէն կը շնորհէ իր երաժշտական գիտութիւնը, բոլոր աշակերտներուն:

Եզրակացնելով իր խօսքը Շարիս մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներու ծնողներուն որոնք ունեցան վստահութիւնը Թէքէեան Մշակութային Միութեան սոյն առաքելութեան, որ կը կատարէ մօտ 6 տարիներէ ի վեր:

«Կոմիտաս» երաժշտանոցը ծնունդ առած 2017-ին, եւ մեծ թափով ու կազմակերպչական աշխատանքով ունեցած է նախանձելի նուաճումներ: Յանկարծ համաճարակի անակնկալ երեւոյթը հատած է այդ թափը: Սակայն ո’չ Թէքէեան Մշակ. Միութիւնը, ո’չ ուսուցչուհի Ժամկոչեանը, ո’չ իսկ աշակերտութիւնն ու ծնողները ընկրկած են ու 2022-ին կրկին շարունակած են իրենց աշխատանքը, ու ահաւասիկ վերսկսման այս 2-րդ տարին ըլլալով «Կոմիտաս» երաժշտանոցը կ’ունենայ 30 աշակերտ, որոնցմէ 23-ը կը ներկայանան այսօր հպարտութեամբ, յարատեւութեան ոգիով եւ մանաւանդ ուրախ ու բարձր տրամադրութեամբ:

Հուսկ ուրեմն ուսուցչուհի Լուսին Ժամկոչեան բեմ հրաւիրեց աշակերտները, հատ առ հատ, որոնք նուագեցին կամ երգեցին պատրաստուած կտորները:

Այս առիթով հպարտութեամբ կ’արժէ յիշելը յայտագրին մասնակցող աշակերտները, որոնք ներկայացուցին Ukrania-էն, Bethoven- էն, Bach-էն,  Chopin-էն, Aram Khatcadourian-էն, կամ այլ կաղանդի ու Ծննդեան երգեր ու զուգերգներ:

Ձեռնարկի աւարտին աշակերտներուն բաժնուեցաւ վկայականներ, իսկ վարչութեան կողմէ յիշատակի նուէրներ: Յետոյ տեղի ունեցաւ սուրճի ու անուշեղէնի հիւրասիրութիւն:

Քաջալերական այս ձեռնարկով յուսալի է որ յառաջիկայ տարի աւելի մեծ թիւով զաւակներն ու իրենց բարեկամները պիտի կարենան օգտուիլ այս մշակութային մեծ աշխատանքէն, որ առաքելութիւնը եղած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան:

Թղթակից