Թ.Մ.Մ-ի Հայ Բեմ Թատերախումբը կը ներկայացնէ՝

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հայ Բեմ Թատերախումբը կը ներկայացնէ

«Անպիտան Ուրուականներ»

երգիծական թատրերգութիւնը

Յառաջիկայ Ապրիլ 30-ին, Մայիս 14-ին եւ Մայիս 15ին «Հայ Բեմ» թատերախումբը կը ներկայացնէ իտալացի դատերագիր Էտուարտօ Տէ Ֆիլիբբօ-ի «Անպիտան Ուրուականներ» (Ces fameux fantômes)-ը, բեմադրութեամբ Նանսի Իսսա Թորոսեանի, որմէ խնդրեցինք որոշ տեղեկութիւններ, նախ հեղինակին մասին:

«Էտուարտօ Տէ Ֆիլիբբօ իտալացի բազմատաղանդ անձնաւորութիւն մը եղած է: Ծնած է Նաբոլի 1900-ին, դերասան ընտանիքի մէջ եւ բեմ բարձրացած է 5 տարեկանին: Եղած է դերասան, բեմադրիչ, թատերագիր, արձակագիր, բանաստեղծ եւ Իտալիոյ Ծերակոյտի անդամ: Դերեր կատարած է Սօֆիա Լօրէնի եւ Լորանս Օլիվիէի հետ: Պարգեւատրուած է բազմաթիւ մրցանակներով: Մահացած է 1984-ին Հռոմի մէջ:»

Թէ ի՞նչ է այս թատրերգութեան նիւթը, Նանսին կը բացատրէ.

«Պատմութիւնը տեղի կունենայ Նաբոլիի մէջ, 1950-ական տարիներուն: Փասքուալէ եւ Մարիա կը տեղափոխուին հին շէնքի մը յարկաբաժինին մէջ, ուր պէտքը չէն ունենար տան վարձք վճարելու: Ասոր փոխարէն ենթարկուած են դիմադրելու երեւակայական ուրուականներու ներկայութիւնը, որոնք ըստ ժողովրդային առասպելներու, կը բնակին այդ տան մէջ: Այս կացութիւնը կատարեալ արդարացումն է շէնքի պահակին գողութիւններուն, եւ Մարիայի սիրահարին այցելութիւններուն, միամիտ Փասքուալէ-ի ներկայութեան: Էտուարտօ Տէ Ֆիլիբբօ-ի զուարճալի բայց  միեւնոյն ժամանակ դառն այս կատակերգութիւնը ինծի համար ներշնչում դարձաւ որ կատարեմ ազատ մշակում մը եւ բեմադրութիւն մը: Այս ախատանքը լաւ առիթ մը եղաւ նաեւ բաղդատելու եւ համեմատելու այլ ազգերու աւանդութիւններն ու մշակոյթները: Հայը եւ Իտալացին, Արժանթինցին եւ Սուրիացին, Գանատացին եւ Լիբանանցին, անոնց սովորութիւնները,  օրէնքները, կարգն ու սարքը, տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին, եւայլն: Այս բոլորը լաւ նիւթ կը դառնան մեր լայն խումբին ընդհանուր զարգացման համար: Այս բեմադրութեամբ կը հասնինք ու կ’անցնինք մեր  սահմաններէն հեռու, աւելի հեռուն:

Երգ, երաժշտութիւն, կատակ, կ’ամբողջացնեն մեր երազային աշխարհը եւ կը հրաւիրեն հանդիսատեսին մէկ ու կէս ժամ ապրելու եւ ցնծալու անոր մէջ:»

Իսկ մեր թատերախումբին մէջ փոփոխութիւններ կա՞ն:

«Այս տարի Հայ Բեմ թատերախումբը հարստացաւ նոր անդամներով, որոնց մեծ մասը նոր հասած սուրիահայեր են: Ներկայիս թատերախումբը բաղկացած է 85 անդամներէ: «Անպիտան ուրուականներ»ու ներկայացման առթիւ բեմին վրայ պիտի տեսնենք 15 դերասաններ, առաւել տասնեակ մը վիտէօ-ուրուականներ, բեմին ետեւ աշխատող 20 օգնականներով: Ենթավերնագրութիւնը պիտի ըլլայ ֆրանսերէն:

Մասնաւոր շնորհակալութիւններ կուզեմ յայտնել տիկին Քրիստինէ Տրդատեան Քույումճեանին, որ անգամ մը եւս հետեւելով իմ խենթ գաղափարներուս, կատարեց թարգմանութիւնը:

Լաւ առիթ մըն է միասնաբար ծիծաղելու եւ զուարճանալու:»

 

«Ապագայ»