Մոնթրէալ
Ինչպէս սովորոյթ է ամէն տարի, Մեծ Պահքի այս հոգեպարար շրջանին, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը իր անբեկանելի մասնակցութիւնը կը բերէ՝ Հսկումի մը արարողութեան:
Չորեքշաբթի, 28 Փետրուար 2024-ի երեկոյեան, արտասովոր բազմութեամբ մը հաւատացեալներու ներկայ էր:
Պատարագի կարգը կը կատարէր Տէր Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեանը ընկերակցութեամբ բրշ. սարկաւագներ՝ Ռաֆֆի Արաբեան եւ Նորայր Գրիգորեան:
Այս առիթով, Տէր հայրը յիշեց Թէքէեանի շրջանակէն առյաւէտ բաժնուողներուն յիշատակը, աղօթելով առ Աստուած անոնց հոգիներու խաղաղութիւն:
Հրաւիրուած էր Ղպտիներու քհնյ. Ապունա Ռաֆայէլ Պէշարա, որ Հսկումի աւարտին տուաւ օրհնաբեր իր սրտի խօսքը կեդրոնանալով՝ պահքի, ծոմապահութեան, ինքնակեդրոնացման ու մանաւանդ ներողամտութեան խորհուրդին:
«Վաչէ Յովսէփեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն՝ պատրաստուած Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ, անշուշտ նկատի առնելով, որ բոլոր ուտելիքներն ու անուշեղէնները հետեւին Մեծ Պահքի բաղադրական օրէնքներուն:
Օրինակելի է Թէքէեան Մշակութային Միութեան անվերապահ սոյն մասնակցութիւնը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հսկումի միջոցառումին ամէն տարի:
Ներկայ մը