Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մէջ Եռանդուն Տօնավաճառ (BAZAR)

Տարեկան տօնավաճառը Մոնթրէալի հայ համայնքին համար, աւանդութենէ աւելի՝ եղած է կարծես ազգային տօնակատարութիւն. բոլոր հայկական միութիւնները Հոկտեմբերէն Դեկտեմբեր յաջորդաբար խանդավառութեամբ կը տօնեն Bazar-ը. եւ հետեւաբար համայնքն ալ անհամբերութեամբ, եւ առանց առիթը փախցնելու, կը փափաքի ներկայ ըլլալ բոլորին:

Ուրեմն՝ Կիրակի 17 Նոյեմբեր 2024-ին, մենք եւս այդ հաճոյքը վայելեցինք Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած ճոխ տօնավաճառին:

Բոլորս ժպիտով կը խուզարկէինք եւ հետաքրքրութեամբ կը քննէինք, ճոխ սեղաններու վրայ ճաշակով զետեղուած այլազան ամանօրեայ պիտոյքներն ու մանաւանդ համեղ անուշեղէնները որով խնամքով պատրաստուած էին Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ:

Ազնուափայլ Տիկ. Աստղիկ Եազըճեանի նախագահութեամբ եւ Տիկնանց Յանձնախումբի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ բացման ժապաւէնի հատումը:

Քարոզիչ՝ Սամուէլ Քէօշկէրեան Տէրունական Աղօթքով բացման օրհնութիւնը կատարեց:

Ան անդրադարձաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան առաքելութեան ու ոգիին մասին: Յիշեց յիշատակը յաւէտ մեզմէ բաժնուած աշխատակիցներուն, մանաւանդ ողբացեալ Տիկ. Վարդուհի Պալեանի երբ այս վերջինը ամէն տարի, իր քնքոյշ ձայնով կ’արտասանէր՝ «Զգործս ձեռաց մերոց ուղիղ արա ի մեզ Տէր»ը:

Վիճակահանութեան անհամար նուէրներ աւելի բարձրացուցին տրամադրութիւնը ներկաներուն:

Բաժանումը միշտ դժուար է մանաւանդ երբ ժպիտ կայ ամենուրեք եւ ուրախութիւն բոլոր սրտերուն մէջ:

Շնորհաւորելի էր Տիկնանց Յանձնախումբը առնելով այս ծանր պարտականութիւնը իր ուսերուն վրայ, մասնաւորաբար առաջնորդուելով սրահիս գործունեայ անդամ Նորա Միննէթեանի անշուշտ միշտ յենելով տարիներու փորձառու Անի Թորիկեանի:

Արժան եւ իրաւ…:

 

Ներկայ մը